ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Քոնկրեսին միջեւ երկրի պիւտճէին հարցով ծագած հակադրութիւնը շատ հեռու է տակաւին լուծման մը յանգելու կարելիութենէն:
Արդարեւ, Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբերին, երկիրը թեւակոխեց դաշնակցային կառավարութեան մասնակի փակման 12րդ օրը, որուն պատճառով շուրջ 800,000 պաշտօնեաներ եւ աշխատողներ չեն ստանար իրենց աշխատավարձերը:
Չորեքշաբթի օր, նախագահ Թրամփ յայտարարած էր, որ կառավարութիւնը փակ պիտի պահէ «այնքան ժամանակ, որքան պէտք է»՝ Մեքսիքոյի սահմանին պատ կառուցելու համար պիւտճէ ապահովելու նպատակով:
Սպիտակ տան եւ Քոնկրեսին միջեւ բանակցային առաջին փուլը շատ խոստմնալից չէր եղած: Քոնկրեսի ներկայացուցիչներուն եւ Սպիտակ տան միջեւ բանակցութեան յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ օր:
Մինչ այդ, մասնակի փակման հետեւանքները աւելի սուր կերպով զգալի կը դառնան երկրի տարածքին՝ սկսելով երկրի մայրաքաղաքի փողոցներէն:
Մասնակի փակման հետեւանքով, դաշնակցային կառավարութեան պաշտօնեաներուն 25 տոկոսը աշխատավարձ չստանար: Կարեւորագոյն եւ ամէնէն կենսական ծառայութիւններու աշխատողները միայն գործի կ՛երթան՝ առանց վճարում ստանալու:
Փակումին պատճառով կառավարութեան ինը բաժանմունքները ծանր կացութեան մատնուած են: Այս բաժանմունքներուն շարքին են արդարատութեան, երկրի ապահովութեան, բնակարանային, գիւղատնտեսութեան, ներքին եւ գանձապետական նախարարութիւնները: