ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Շաբաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի արարողութիւններ։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ։ Առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Քրեսենթա հովիտի եկեղեցւոյ մէջ։
Կիրակի, 6 Յունուարին, Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, առաջնորդ սրբազանը հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն պիտի կատարէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։
Առաջնորդական փոխանորդ սրբազան հայրը պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Երկուշաբթի, 7 Յունուարին՝ Մեռելոցին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հոլիվուտ Հիլզի «Ֆորեսթ Լոն» գերեզմանատան «Լիպըրթի» սրահին եւ Կլենտէյլի «Ֆորեսթ Լոն» գերեզմանատան «Ռիսեշընըլ» եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10ին։ Առաջնորդ սրբազանը պիտի նախագահէ Հոլիվուտ Հիլզի արարողութեան։
Իսկ Չորեքշաբթի, 8 Յունուարին, կէսօրէն ետք ժամը 12:30ին առաջնորդ սրբազանը, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւներու, ջրօրհնէք պիտի կատարէ Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի յարկին տակ։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Կիրակի, 6 Յունուարի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան» աւանդական ընթրիքը, հովանաւորութեամբ առաջնորդին, նախաձեռնութեամբ Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին։ Այս տարուան ընթրիքի գլխաւոր հովանաւորն է Պաղտասարեան ընտանիքը՝ տիկին Հիլտա եւ իր զաւակները՝ տէր եւ տիկին Փիթըր եւ Ռուպի եւ տէր եւ տիկին Գեւիկ եւ Փաուլա, ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն ու հօր, թեմի եւ գաղութի նուիրեալ բարերարներէն՝ հանգուցեալ Յակոբ Պաղտասարեանի։
Ընթրիքի երեկոն առիթ կ՛ընծայէ առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին, բարերարներուն եւ բարեկամներուն՝ միասնաբար տօնելու Քրիստոսի Ս. Ծնունդը եւ մաղթանքներ փոխանակելու տօնին խորհուրդներով առլցուն տարի մը կերտելու։
Հովանաւորութեան համար դիմել Ազգային առաջնորդարանի գրասենեակը, հեռաձայնելով՝ (818) 248-7737 թիւին։