ԵՂԲ. ԺԻՐԱՅՐ ՊՈՅԱՃԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ–1989»
Եղբ. Ժիրայր Պոյաճեան ծնած է Հալէպ: Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն Հայկազեան ազգային վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ ծննդավայրի «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանին մէջ: 1966ին յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան (AUB), ուրկէ ստացած է Փիլիսոփայութեան մէջ Մագիստրոսի վկայական:
Այնուհետեւ, իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է Պէյրութի Միջազգային քոլեճի (International College) եւ Խանամիրեան Ազգային վարժարանին մէջ:
Երաժշտութեան հանդէպ յատուկ սէր ունենալով, անդամակցած է Լիբանանի Համազգայինի Երաժշտական Միաւորին, աւելի ուշ ընտրուած է նաեւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան անդամ:
1976ին, վերջնականապէս փոխադրուած է Արեւմտեան Ամերիկա եւ դարձած է ՀՄԸՄի հաւատաւոր անդամ:
1979ին, եղած է ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մասնաճիւղին հիմնադիր անդամներէն եւ մեծապէս օգտակար հանդիսացած է անոր վերելքին:
1980-1986 տարեշրջաններուն եղած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանի Շրջանային վարչութեան անդամ, վերջին շրջանին վարելով ատենապետի դժուարին պաշտօնը:
1987էն մինչեւ իր անժամանակ մահը եղած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ: 1989ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 14րդ Մարզախաղերուն, Շրջանային վարչութիւնը շնորհած է անոր «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսը:
1992ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը եղբօր յիշատակը անմահացնելու համար ստեղծած է «Ժիրայր Պոյաճեան» մարզական 5ամեայ շրջուն բաժակը:
ԵՂԲ. ՊԱՐԳԵՒ ՇԻՐԻՆԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 1990»
Վաստակաշատ ՀՄԸՄական, հրապարակախօս, հայ մամուլի բազմամեայ սպասաւոր եղբ. Պարգեւ Շիրինեան (1962էն մինչեւ մահը ծանօթ էր Հրազդան գրչանունով) ծնած է Ատանա, 1 Յունուար 1920ին: Կիլիկիոյ հայութեան տարագրութեամբ, ծնողքին հետ ան կը փոխադրուի Պէյրութ եւ նախնական ուսումը կը ստանայ Ազգային Ս. Նշան վարժարանէն, որմէ ետք կը յաճախէ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան, ուր ազգային կրթութիւնը կը ստանայ հայ մշակոյթի մեծ երախտաւորներ Լեւոն Շանթի եւ Աղբալեանի շունչին տակ:
Փոքր տարիքէն եղբ. Պարգեւ մաս կը կազմէ ՀՄԸՄի Պէյրութի սկաուտական թեւին, իբրեւ գայլիկ: Միութենական իր գործունէութիւնը, սակայն, առաւելաբար կը յատկանշուի ՀՄԸՄական կեանքին նուիրուած մամլոյ իր երկարամեայ աշխատակցութեամբ: 1976ին ան կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ: 1978-1984 կը ստանձնէ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու յաջորդական երեք Շրջանային վարչութիւններուն գործավար-քարտուղարութիւնը: Շրջան մը կ՛ըլլայ Շրջանային վարչութեան անդամ: Եղբայր Շիրինեան կը մասնակցի ՀՄԸՄի Պատգամաւորական Ե. ժողովին (1991, Աթէնք) եւ տարիներ շարունակ կ՛աշխատակցի միութեան պաշտօնաթերթ «Մարզիկ»ին:
Հաւատաւոր ՀՄԸՄական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Շիրինեան եղած է ուխտեալ եւ համեստ դաշնակցական: Մամլոյ իր բեղուն ծառայութիւնը կը սկսի երիտասարդութեան օրերէն, նախ իբրեւ յօդուածագիր ու սրբագրիչ, ապա՝ իբրեւ փոխ խմբագիր, խմբագիր եւ հեղինակ: Եղբ. Շիրինեան շրջան մը կը խմբագրէ ՀՅԴ Պէյրութի «Բաբգէն Սիւնի» Պատանեկան Միութեան «Ովասիս» պարբերաթերթը եւ կ՛աշխատակցի Նշան Փալանճեան ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան «Ակօս» ամսագիրին: Հետագային, ան կը խմբագրէ ու կը հրատարակէ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի կեանքին ու գործին նուիրուած հատորը, կը խմբագրէ Միսաք Թորլաքեանի «Օրերուս հետ» յուշագրութիւնը եւ ՀՄԸՄի Նորընծայի Բ. եւ Ա. Կարգերու գիտելիքներու գիրքը: ՀՄԸՄի 70ամեակին առիթով, ան կը խմբագրէ «ՀՄԸՄի 70-ամեակ-Յուշատետր 1918-1988» հատորը:
Բազմակողմանի եղած է եղբ. Պարգեւ Շիրինեանի ներդրումը մեր հանրային կեանքին, իբրեւ ՀՄԸՄական, համազգայնական, կուսակցական գործիչ, ազգային-եկեղեցական զանազան մարմիններու եւ ժողովներու անդամ ու պատգամաւոր: 1990ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կողմէ ան կ՛արժանանայ «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսին: Տարբեր առիթներով, իր ծառայութիւններուն համար կը ստանայ բազմաթիւ յուշատախտակներ եւ գնահատագիրներ:
1985ին, Լոս Անճելըսի մէջ կը նշուի հանրային իր գործունէութեան 50ամեակը եւ այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոս յատուկ կոնդակով մը զինք կը պարգեւատրէ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Եղբ. Պարգեւ Շիրինեան կը մահանայ 30 Յունուար, 1997ին:
ԵՂԲ. ՍԵՒԱԿ ՍԱԳԻՆԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 1991»
Պարսկահայ համայնքի 24 տարիներու ներկայացուցիչ՝ Պարսկաստանի Խորհրդարանի մէջ, պարգեւատրուած 11 մետալներով, բարձրագոյն շքանշանով, միութենական, կուսակցական, ազգային գործիչ, լաւ հայր եւ լաւ մարդ… Այս է խտացումը եղբ. Սեւակ Սագինեանի գործունէութեան:
Ծնած է Թեհրան, Պարսկաստան 22 Սեպտեմբեր, 1922ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայկազեան դպրոցին մէջ, իսկ միջնակարգը՝ Ամերիկեան քոլեճի առեւտրական ճիւղէն, զոր աւարտած է առաջին հանդիսանալով ամբողջ Պարսկաստանի մէջ: Ապա մտնելով զինուորական ծառայութեան, յաճախած է զինուորական համալսարան եւ ստացած է փոխ-հարիւրապետի աստիճան: Զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ ետք յաճախած է Թեհրանի համալսարանը, հետեւելով իրաւաբանական-տնտեսագիտութեան ճիւղին, արժանանալով պսակաւորի տիտղոսին:
Ուսանողական տարիներուն անդամակցած է ՀՅԴի Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութիւններուն եւ ապա անցած է ՀՅԴի շարքերը: Ան մասնակցած է նաեւ ազգային եւ հասարակական աշխատանքներուն, մարզա-մշակութային միութիւններուն: Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է եւ գործօն մասնակցութիւն բերած Հայ Մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ) աշխատանքներուն մէջ: Քանի մը շրջաններ ընտրուած է Թեհրանի Թեմի պատգամաւորական ժողովի պատգամաւոր եւ մասնակցած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգային ժողովին, ինչպէս նաեւ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսներու ընտրութիւններուն: Ան մասնակցած է նաեւ ՀՅԴի Ընդհանուր ժողովներու՝ Գահիրէի եւ Պէյրութի մէջ:
Ընտրուած է Ատրպատականի շրջանի հայ եւ Ասորի համայնքներու պատգամաւոր, իսկ 1960-1976, յաջորդական անգամ Հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր: Իբրեւ հայ պատգամաւոր մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Հայոց դպրոցներուն եւ հայ գիւղացիութեան շահերու եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին: Իր ջանքերով Պարսկաստանի կառավարութեան յատկացումներով նորոգութիւններ կատարուած են Ս. Թադէի վանքին մէջ եւ սկսած է նոյն վանքի ուխտագնացութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս:
Սեւակ Սագինեանի եւ պրն. Ֆելիքս Աղայեանի միասնական ջանքերով ապահովուած է Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանի հողամասը եւ որոշ նիւթական օժանդակութիւն՝ անոր շինարարութեան համար: 1979ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն հաստատած է Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Ամերիկայի մէջ եւս Սագինեան կատարած է իր պարտականութիւնները իր ժողովուրդին հանդէպ, միշտ մնալով ծանրակշիռ խորհրդատու, հաւասարակշռուած ժողովական, բարեմիտ եւ հեռատես անհատ, յարգուած ու սիրուած ազգային:
1979-1993 տարիներուն ան ստանձնած է նորաստեղծ ՀՄԸՄի Կլենտէյլի մասնաճիւղի վարիչ-պատասխանատուի պաշտօնը եւ մեծ վստահութիւն ներշնչեց մասնաճիւղին եւ շրջանի հայ համայնքին: ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 16րդ մարզախաղերուն (1991), Շրջանային վարչութեան կողմէ արժանացաւ «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին:
ԶՕՀՐԱՊ ԱՆՏՈՆԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 1992»
Զօհրապ Անտոնեան ծնած է 1 Մայիս, 1928ին, Հալէպ, ազգանուէր ընտանեկան յարկի մը տակ: Եօթը տարեկանին անդամակցած է ՀՄԸՄի Նոր Գիւղի մասնաճիւղին՝ իբրեւ գայլիկ, ուր իր հետեւողական լուրջ աշխատանքին եւ իր ծառայութեան հաւատք ունեցող պատանի, կ՛արձանագրէ իր կեանքի առաջին նուաճումը գայլիկ իր վոհմակին մէջ «Առիւծները» վեցեակին վեցեակապետի աստիճանը ստանալով:
Ապա, փոխանցուելով սկաուտական շարքերը՝ առաւել աշխոյժ եւ պատասխանատու աշխատանքներ տանելով, աստիճանաբար կը հասնի Վարիչ առաջնորդի աստիճանին, հպարտութեամբ կրելով այս աստիճանը յատկանշող երեք ճերմակ ժապաւէնները իր շապիկի ձախ գրպանին վրայ:
Եղբ. Անտոնեան յատուկ սէր ունենալով նաեւ մարզական կեանքին եւ յատկապէս ֆութպոլի մարզաճիւղին՝ 18-25 տարեկանին, սկաուտականին առընթեր անդամակցած է նաեւ իր մասնաճիւղի Ա. դասակարգի ֆութպոլի խումբին, սակայն սկաուտական կեանքը միշտ յատուկ տեղ գրաւած է իր կեանքին մէջ:
Եղբայրը մինչեւ 1974, զանազան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելով՝ մեծապէս նպաստած է իր մասնաճիւղի վերելքին եւ անոր ծրագիրներու յաջողութեան:
1974ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած է Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, ուր կ՛անդամակցի տեղւոյն ՀՄԸՄի մասնաճիւղին:
1975-1985 տարեշրջանին աշխոյժ գործունէութիւն կը ցուցաբերէ իբրեւ վարչութեան ատենապետ եւ վարչութեան անդամ: 1978-1986, յաջորդական ութ տարիներ, եղբ. Անտոնեան լաւապէս կը ղեկավարէ նաեւ մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբը: Եղբայրը նաեւ երկու շրջան ընտրուած է Շրջանային վարչութեան անդամ եւ պատուով կատարած է իրեն վստահուած պարտականութիւնները: Իր աշխատասիրութեան եւ օրինակելի միութենական ըլլալուն համար, եղբ. Զօհրապ Անտոնեան բազմաթիւ գնահատագիրներու արժանացած է մասնաճիւղային եւ Շրջանային մակարդակներու վրայ: Առաւել քան 35 տարիներ ան ներկայ գտնուած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն: ՀՄԸՄը միշտ յատուկ տեղ ունեցած է եղբօր սիրտին մէջ, որովհետեւ ան եղած է իր երկրորդ տունը:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, բարձր գնահատելով եղբ. Անտոնեանի ՀՄԸՄական բեղուն գործունէութիւնը՝ անոր շնորհած է «Տիպար ՀՄԸՄական – 1992» տիտղոսը:
ԵՂԲ. ՃԵՄԻԼ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 1993»
Ճեմիլ Սարգիսեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, հայկական համեստ ընտանեկան յարկի մը տակ: Փոքր տարիքին անդամակցած էր ծննդավայրի ՀՄԸՄի մասնաճիւղը՝ իբրեւ գայլիկ, ապա՝ սկաուտ:
Իբրեւ գիտակից հայ, տիպար ՀՄԸՄականի դաստիարակութիւն ստացած միութենական, կրցած էր նոյն ոգին փոխանցել իր հոգածութեան յանձնուած երիտասարդ սերունդներուն:
1930ին, ան եղած էր Հալէպի փոքրաթիւ սկաուտական խումբի անդամներէն, որոնք կեանքի դժուարին պայմանները անտեսելով, տքնաջան աշխատանք տարած ու խտացուցած էին անոր շարքերը, հետագային քաջաբար կազմակերպելով բոլորիս ծանօթ Հալէպի ՀՄԸՄի միջմասնաճիւղային մարզախաղերը եւ աննախընթաց շքերթը առաջնորդող փողերախումբը՝ ֆանֆառը:
Կարեւոր համարելով իգական սեռի կարեւորութիւնը հայկական հասարակական կեանքին մէջ, եղբ. Սարգիսեան կազմակերպչական մեծ աշխատանք տարած էր՝ ստեղծելու Հալէպի առաջին արենուշական խումբը: Իր շրջապատին վստահութիւնը շահելով, ան նոյնիսկ կազմակերպած էր ՀՄԸՄի Հալէպի արենուշներու առաջին բանակումը:
Սկաուտականին առընթեր, եղբայրը նաեւ ֆութպոլի սիրահար էր եւ Հալէպի առաջին խումբի լաւագոյն մարզիկը: Հմուտ եւ պատասխանատու մարզիչ եւ արդարադատ իրաւարար: Ան երկար տարիներ եղած էր Սուրիոյ պետական ԼԻԿի ֆութպոլի իրաւարար:
1968ին, ընտանիքին հետ հաստատուելով Լոս Անճելըս, մեծ անձնազոհութեամբ ծառայած է նորաստեղծ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին: 1984ին, պարգեւատրուած է իբրեւ արժանաւոր վեթերան ՀՄԸՄական: Ան մեծ ներդրում ունեցած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպչական առաջին քայլերուն, եւ ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղի հիմնադրութեան մէջ:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւ-նը, գիտակցելով եղբօր ազգանուէր գործին, հայու տիպարին եւ անսակարկ աշխատանքին՝ անոր պարգեւեց «Տիպար ՀՄԸՄական – 1993» տիտղոսը: Եղբայրը կեանքին հրաժեշտ տուաւ 1993ին, միութենական մաքուր ոգի ժառանգ ձգելով իր շրջապատին:
ԵՂԲ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱԼԷՊԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 1994»
Եղբ. Յարութիւն Հալէպեանի կեանքի մանրամասնութիւններուն մասին շատ բան չէ փոխանցուած մեզի: Եղբօր մականունը արդէն իսկ կը յայտնէ, թէ ան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, ուր նաեւ ստացած է իր ուսումը:
Շատ փոքր տարիքէն անդամակցած է ՀՄԸՄի Հալէպի մասնաճիւղին՝ իբրեւ գայլիկ: Անոր գիտելիքներուն, հարստութեան եւ ղեկավարի յատկանիշներուն շնորհիւ անոր վստահուած են սկաուտական կարեւոր աստիճաններ եւ պաշտօններ: Եղբօր վստահուած ամենափոքր պարտականութիւնն իսկ ամբողջութեամբ իրագործուած եւ յաջողութեամբ աւարտած է:
Երիտասարդ տարիքին փոխադրուած է Պէյրութ, Լիբանան եւ շարունակած է իր գործունէութիւնը ՀՄԸՄի մէջ, ստանձնելով զանազան պատասխանատու պաշտօններ:
Միութենական իր գործունէութեան ընթացքին ծանօթացած է իր կողակիցին՝ Մարի Սարեանին, որ երկար տարիներ զանազան պատասխանատու պաշտօններ վարած է Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի արծուիկ-արենուշներու շարքերուն մէջ եւ հասած է մինչեւ ընդհ. խմբապետուհիի պաշտօնին:
Հալէպեան զոյգը երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով գործած են ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ, մինչեւ 1980ականներուն Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը փոխադրուիլը: Բնակութիւն հաստատելով Հոլիվուտի մէջ, եղբ. Յարութիւն Հալէպեան անմիջապէս փոխանցուած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, իսկ իր կողակիցը՝ ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղը:
1979-1981, յաջորդական երկու տարիներ, եղբ. Յարութիւն Հալէպեան ընտրուած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ մարզական եւ սկաուտական բաժանմունքներուն մէջ:
Իր հետեւողական գործունէութեան եւ աշխատասիրութեան շնորհիւ, եղբայրը արժանացած է մեծ յարգանքի եւ վայելած է սէրը իր շրջապատին: Նոյն պատճառով ալ արժանացած է զանազան պարգեւատրումներու:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը, գնահատելով եղբօր անսակարկ նուիրումը իր սիրելի կազմակերպութեան՝ 1994ին անոր շնորհեց «Տիպար ՀՄԸՄական – 1994» տիտղոսը:
ԵՂԲ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 1995»
Եղբ. Յարութիւն Բարսեղեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Ան եղած է իր ծննդավայրի ՀՄԸՄի մասնաճիւղի առաջին սկաուտներէն եւ իր հետեւողական աշխատանքով հասած է խմբապետի աստիճանին եւ հիմնած է իր մասնաճիւղի երէց փաղանգը:
1960ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը փոխադրուելով, լուրջ աշխատանք տարած է Լոս Անճելըսի մէջ ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը հիմնելու, զոր իրականացուցած է խումբ մը հաւատաւոր ՀՄԸՄականներու գործօն մասնակցութեամբ:
Եղբայրը 1968ին եղած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի նորաստեղծ մասնաճիւղի հիմնադիր ատենապետը:
1972ին, գլխաւորած է նորաստեղծ մասնաճիւղի մարզական եւ սկաուտական պատուիրակութիւնը, մասնակցելով ՀՄԸՄի Լիբանանի 35րդ Միջմասնաճիւղային մրցումներուն:
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու առաջին Յաղթանակի պարահանդէսի կազմակերպիչ մարմնի պատասխանատուն էր:
1987ին, մասնակցած է Աթէնքի մէջ (Յունաստան) գումարուած ՀՄԸՄի Պատգամաւորական Գ. Ընդհանուր ժողովին:
1990ին, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, գնահատելով եղբօր երկար տարիներու ծառայութիւնը մասնաճիւղին մէջ՝ յատուկ յուշանուէրով մը պարգեւատրած է զայն:
1995ին, Շրջանային վարչութեան կողմէ արժանացած է «Տիպար ՀՄԸՄական – 1995» տիտղոսին:
Նոյն տարին, Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած է «ՀՄԸՄի Արժանեաց» ոսկեայ շքանշանով:
15 անգամ մաս կազմած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան, գլխաւորաբար ստանձնելով ատենապետի դժ-ուար պարտականութիւնը:
Վերջին անգամ, եղբ. Բարսեղեան պարգեւատրուած է 2008ին, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի հիմնադրութեան 40ամեակին առիթով:
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հիմնադրութենէն մինչեւ իր մահը՝ աչալրջութեամբ հետեւած է մասնաճիւղին եւ ընդհանրապէս ՀՄԸՄի աշխատանքներուն եւ նոյնիսկ յառաջացած տարիքին փորձած է գործօն մասնակցութիւն բերել անոնց յաջողութեանց:
ԵՂԲ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԱՊԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 1996»
Եղբ. Վարդգէս Արապեան ծնած է 1933ին, Հալէպ, Սուրիա: Վեց տարեկանին անդամակցած է ՀՄԸՄի Նոր Գիւղի մասնաճիւղին՝ իբրեւ գայլիկ. իր առաջին նուաճումը եղած է վեցեակապետի պաշտօնը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Նոր Գիւղի Սահակեան վարժարանին մէջ: Սակայն այնուհետեւ կեանքի դժուարութիւններու բերումով, առիթ չէ ունեցած շարունակելու իր ուսումը: Իր իսկ հաստատումով՝ ՀՄԸՄը եղած է իր համալսարանը, ուր սորված է կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքը, որուն համար երախտապարտ է ՀՄԸՄին:
Աւելի ուշ, եղբայրը սկաուտական շարքերը փոխանցուելով՝ մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է նաեւ մարզական կեանքին՝ ֆութպոլին եւ պասքեթպոլին: Սկաուտական աշխատանքները գերադասելով հանդերձ, անդամակցած է իր թաղի ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան:
1949ին, հազիւ 16 տարեկան, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Հատեթ (Լիբանան), ուր գործօն մասնակցութիւն բերած է նորաբաց ՀՄԸՄի մասնաճիւղի վերելքին, որուն սկզբանական կեդրոնատեղին իրենց տունը եղած է: Եղբայրը ստեղծած է մասնաճիւղի առաջին գայլիկ վոհմակը:
1951ին, վերադառնալով Հալէպ, շարունակած է միութենական իր պարտականութիւնը, առաւել եւս գիտակցելով իր պարտաւորութիւններուն: 20 տարեկանին անցած է ՀՅԴ շարքերը: 1957ին, դարձեալ փոխադրուած է Լիբանան, այս անգամ հայաշատ Պուրճ Համուտ շրջանը եւ անմիջապէս փոխանցուած է տեղւոյն ՀՄԸՄի մասնաճիւղը:
Եղբայրը շուրջ 20 տարիներ մնայուն ներկայութիւն եղած է Պուրճ Համուտի մէջ, ստանձնելով զանազան պաշտօններ եւ պատասխանատուութիւններ: Յատկապէս, 1975ին սկսած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տագնապալի օրերուն, թաղային պաշտպանութեան աշխատանքներուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած է:
Սկզբնական տարիներուն, ընտանեկան իր պարտաւորութիւններն ու աշխատանքը դասաւորելէ ետք, վերամիացած է իր այնքան սիրած միութեան՝ ՀՄԸՄին, այս անգամ Մոնթեպելլոյի մէջ:
1987էն մինչեւ իր մահը եղբայրը մնայուն ներկայութիւն եղած է իր բնակավայրի ՀՄԸՄի մասնաճիւղին մէջ, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ: Իբրեւ վարչական, ատենապետ, Շրջանային ժողովներու ներկայացուցիչ՝ միշտ փորձած է օգտակար դերակատարութիւն ունենալ հայ երիտասարդի դաստիարակութեան մէջ:
1994ին, առ ի գնահատանք իր անսակարկ աշխատանքին, մասնաճիւղին կողմէ պարգեւատրուած է իբրեւ լրջախոհ ՀՄԸՄական:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, բարձր գնահատելով եղբ. Արապեանի տարիներու անխոնջ աշխատանքը ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ՝ 1996ին, անոր շնորհեց «Տիպար ՀՄԸՄական – 1996» տիտղոսը:
ԵՂԲ. ՃԱՔ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ և 1997»
Եղբ. Ճաք Տէր Պօղոսեան ծնած է 1920ին, Տէօրթեօլ, Կիլիկիա, այնթապցի ընտանեկան համեստ յարկի մը տակ: Դպրոցական իր կրթութիւնը ստացած ըլլալով Իսքենտարունի Կաթողիկէ եղբայրներու քոլեճին մէջ, 7 տարեկանին անդամակցած էր նոյն քոլեճի ֆրանսական սկաուտական շարժումին, նախ իբրեւ գայլիկ, ապա՝ 1934ին փոխանցուած էր սկաուտական շարքերը:
Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, 1939ին, եղբայրը ընտանիքին հետ փոխադրուած էր Պէյրութ, Լիբանան: Եղբայրը միշտ սիրած էր արուեստը եւ մասնագէտ նկարիչ էր: 1955ին կը մեկնի Ամերիկա, եւ կ՛աշխատի Wepster Chicago ձայնագրութեան ընկերութեան մէջ:
1956ին, վերջնականապէս հաստատուած է Լոս Անճելըս: 1968ին կարգ մը հայորդիներու հետ հիմնած են ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը:
Եղբայրը պահապան հրեշտակի նման հետեւած է սկաուտական աշխատանքներու զարգացման: Բազմիցս ընտրուած է նորաստեղծ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ պատասխանատու պաշտօններ վարած է:
Եղբայրը մեծ դեր ունեցած է ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղերու հիմնադրութեան մէջ:
Միութենական իր կեանքին առընթեր, դերասանական իր տաղանդը օգտագործած է հայկական ֆիլմերու մէջ, կարեւոր դերեր վերցնելով «Երջանկութեան Արցունքները», «Սասնոյ Զաւակներ» եւ «Պաղտասար Աղբարը» ֆիլմերուն մէջ: Արուեստագէտի իր այս արժանիքներուն շնորհիւ, ՀՄԸՄի արխիւները հարուստ են եղբօր լուսանկարներով եւ տեսերիզներով:
Եղբօր միութենական անսակարկ նուիրումը գնահատուած է բազմաթիւ անգամներ: ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը պարգեւատրած է զայն՝ իբրեւ մասնաճիւղի «Օրինակելի Միութենական», իսկ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը՝ «Տիպար ՀՄԸՄական – 1997» տիտղոսը շնորհած է անոր:
ԿԱՐՊԻՍ ԷՕԼՄԷՍԷՔԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 1998»
Կարպիս Էօլմէսէքեան ծնած է Հաճըն, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Էշրէֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկէ Ճեմարանին, իսկ երկրորդականը՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ:
Զուիցերիոյ մէջ ժամագործութեան մէջ մասնագիտանալով, Պէյրութի մէջ զբաղած է ժամագործութեամբ, ուր յաջողութիւն գտնելով, 1962ին բացած է իր անձնական խանութը:
Փոքր տարիքէն եղած է ֆութպոլի սիրահար եւ մարզական իր նախաքայլերը առած է թաղային ֆութպոլի խումբերու մէջ: 1946ին միացած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին եւ նոյն տարին մասնակցած է Հալէպի Միջմասնաճիւղային մրցումներուն: Ան իր լաւ խաղարկութեամբ եղած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի ֆութպոլի Ա. խումբի ամենափայլուն յետսապահ մարզիկը եւ իր գնահատելի բաժինը բերած է խումբի յաղթանակներուն, յատկապէս Լեռնալիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը նուաճելու գծով: Թէեւ վարչական պատասխանատուութիւններ ստանձնած է, սակայն միշտ շարունակած է իր մարզիկի եւ մարզիչի պատասխանատուութիւնները:
Մարզականին առընթեր, Էօլմէսէքեան մօտէն հետեւած է Համազգայինի թատերական կեանքին: 1964ին, կրթական ձեռնարկի մը ընթացքին ծանօթացած է Լաթաքիայէն հիւրաբար շրջանը գտնուող ՀՄԸՄական Զարուհի Կարպուշեանի հետ, որուն հետ ամուսնանալով՝ կազմած է ընտանեկան երջանիկ բոյն մը, բախտաւորուելով 4 զաւակներով՝ Մարալ, Աւօ, Շահէն եւ Վահէ, որոնք հաւատաւոր ՀՄԸՄականներ են:
1959ին, գործի բերումով ձգած է ֆութպոլը, սակայն շարունակած է իր միութենական աշխատանքը վարչական եւ կարեւոր պատասխանատուութիւններով:
1976ին հաստատուած է Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը: 1977ին միացած է տեղւոյն ՀՄԸՄի մասնաճիւղին եւ ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ: Երկար տարիներ եղած է վարչութեան քարտուղար եւ ատենապետ:
1989ին, ընտանիքին հետ վերջնականապէս հաստատուած է Լոս Անճելըսի Քրեսէնթա Հովիտի շրջանը, ուր 1993ին, չորս այլ եղբայրներու հետ հիմնած է Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղը եւ առաջին 3 տարիներուն ստանձնած եւ լաւապէս կատարած է անոր ատենապետի ծանր պարտականութիւնները:
Կարպիս Էօլմէսէքեանի վաստակը մեծ է ՀՄԸՄի մէջ: Ան իր անսակարկ նուիրումին ու անխոնջ աշխատանքին համար բազմիցս ՀՄԸՄի յուշանուէրներով պարգեւատրուած է: Ան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան յատուկ հրաւէրով մասնակցած է նաեւ ՀՄԸՄի 7րդ Ընդհանուր ժողովին: ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը, բարձր գնահատելով եղբ. Կարպիս Էօլմէսէքեանի նուիրեալ գործունէութիւնը ՀՄԸՄի մէջ՝ անոր շնորհած է «Տիպար ՀՄԸՄական – 1998» տիտղոսը:
ԵՂԲ. ՅԱԿՈԲ ՕՎԱՅԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 1999»
Եղբ. Յակոբ Օվայեան ծնած է 1939ին: Սանճագի պարպումէն ետք ընտանիքին հետ փոխադրուած էր Հալէպ, Սուրիա: Նոյն տարին անդամակցած էր ՀՄԸՄի Հալէպի մասնաճիւղին իբրեւ գայլիկ: Այնուհետեւ երկար տարիներ ծառայած էր ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ՝ իբրեւ սկաուտ, խմբապետ, մարզիկ, Սկաուտական խորհուրդի եւ վարչական կազմերու անդամ: 1961ին ընտանեօք փոխադրուած էր Պէյրութ, Լիբանան եւ փոխանցուած ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ:
1974ին, ընտանիքին հետ վերջնականապէս հաստատուած էր Լոս Անճելըս: Նոյն տարին ընտրուած էր առաջին Շրջանային վարչութեան անդամ եւ ստանձնած ատենապետի պաշտօնը: Այնուհետեւ, մինչեւ 1984, Շրջանային վարչութեան յաջորդական կազմերուն մէջ ստանձնելով զանազան պաշտօններ, հասնելով մինչեւ Շրջանային վարչութեան ատենապետի պաշտօնին:
1976ին, կարգ մը ՀՄԸՄական եղբայրներու հետ նախաձեռնած էր ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերը, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն շրջանին հայկական իրականութեան մէջ:
Եղբայրը մասնակցած էր ՀՄԸՄի բազմաթիւ Շրջանային ժողովներուն, իսկ 1983ին՝ ՀՄԸՄի Գ. Ընդհանուր ժողովին Աթէնք, Յունաստան: 1985ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 10րդ մարզախաղերուն առիթով, Շրջանային վարչութիւնը յուշանուէրով մը պատուած էր զայն: 1987ին, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութիւնը, բարձր գնահատելով եղբօր միութենական բեղուն գործունէութիւնը՝ յատուկ գնահատագիրներով պարգեւատրած էին զայն:
Եղբայրը մեծ դերակատարութիւն ունեցած էր Քալիֆորնիոյ Հայ աշակերտական մարզախաղերու կազմակերպման մէջ: ՀՄԸՄի 80ամեակին զուգադիպող ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 23րդ մարզախաղերուն առիթով, օրուան Շրջանային վարչութիւնը «Տիպար ՀՄԸՄական – 1999» տիտղոսը շնորհած էր եղբօր:
Հոկտեմբեր 2004ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, բարձր գնահատելով եղբ. Օվայեանի բեղուն գործունէութիւնը ՀՄԸՄի մէջ՝ պարգեւատրած էր զայն շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն՝ «Ծառայութեան» շքանշանով:
Եղբօր համար ՀՄԸՄը եղած էր երկրորդ տուն, ուր իրմէ անկախ, նաեւ հասակ նետած են իր զաւակները:
ԵՂԲ. ՇԱՆԹ ՀԱՅԹԱՅԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ- 2000»
Եղբ. Շանթ Հայթայեան եօթ տարեկանին անդամակցած է ՀՄԸՄին եւ այնուհետեւ եղած է ու կը շարունակէ մնալ հաւատաւոր, նուիրեալ ու ազգանուէր ՀՄԸՄական մը: Ան մինչեւ օրս իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ շրջանի ՀՄԸՄի եւ ազգային կեանքին մէջ:
Եղբայրը երբեք իր նիւթա-բարոյական աջակցութիւնը չէ զլացած իր սիրելի կազմակերպութեան ու հայրենիքի նկատմամբ, որուն համար ալ միշտ բարձր գնահատանքի արժանացած է:
2000ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը բարձր գնահատելով եղբօր նուիրեալ գործունէութիւնը ՀՄԸՄէն ներս, անոր շնորհած է «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսը:
Եղբ. Շանթ Հայթայեանի կենսագրութիւնը կարդալ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահներու բաժնին մէջ:
ՔՈՅՐ ԺԱՍՄԷՆ ԲՈՒՆԻԱԹԵԱՆ-ՋԱՌԱՀԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2001»
Քոյր Ժասմէն Բունիաթեան-Ջառահեան ծնած է Պարսկաստանի հիւսիսային շրջանի Ռաշտ քաղաքին մէջ, ուր մանկութիւնը անցընելէ ետք, 1955ին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Թեհրան եւ նոյն տարին անդամակցած է Հայ Մշակութային Արարատ կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ), իբրեւ արենուշ եւ փինկ-փոնկի մարզիկ, եւ ՀՅԴ «Ալիք» Պատանեկան միութեան: Աւարտած է Թեհրանի Քուշէշ Դաւթեան-Մարիամեան երկրորդական վարժարանի ուսողութեան բաժինը: Նոյն ճիւղին մէջ բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Պարսկաստանի համալսարանին մէջ եւ տիրացած է Մագիստրոսի տիտղոսին:
Այնուհետեւ կեանքի ասպարէզ նետուելով յաջորդական 23 տարիներ պատասխանատու պաշտօններ վարած է Նահայի եղբայրներու Yorkshire ապահովագրական ընկերութեան մէջ:
Երկար տարիներ եղած է Պարսկաստանի Հայոց Դպրոցի Ծնողական յանձնախումբի ատենապետն ու ՀՄԱԿի Երէցներու բաժանմունքի պատասխանատուն:
24 տարեկանին ամուսնացած է Աբիկ Ջառահեանի հետ եւ բախտաւորուած են աղջիկ զաւակով մը: Պարսկաստանի յեղափոխութեան դժուարին օրերը ապրելէ ետք, 1984ին, ընտանիքին հետ վերջնականապէս փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած է Կլենտէյլ: Նոյն տարին իսկ միացած է ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին: ԱՄՆի մէջ աշխատանքի սկսած է եղբօրը, ծանօթ ՀՄԸՄական եւ ազգային Կարէն Բենիասեանսի Group Services ընկերութեան մէջ: Իսկ 1991էն ի վեր շրջանի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան հաշուապահն է եւ մօտէն կը հետեւի յատկապէս Հայրենիքի նուիրուած աշխատանքներուն:
Ան Դաւիթեան-Մարիամեան կրթական հաստատութեան հիմնադիր անդամներէն մէկն է: Հոկտեմբեր 2015ին, ծերակուտական Ճէք Սքաթի, Էսէմպլիի անդամներ Տարիօ Ֆրոմըրի եւ Քարոլ Լուիի կողմէ պարգեւատրուած է իբրեւ «Տարուան ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու պաշտօնեայ»: 2005ին՝ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի կողմէ «Տարուան Կամաւոր»ը, իսկ 2006ին, իր ջանքերով կատարուած Ծաղկաշատ գիւղի վերանորոգման համար՝ «Պատուոյ Արցախցի» կոչումին: 2007ին Քոնկրեսական Ատըմ Շիֆի կողմէ պարգեւատրուած է իբրեւ Տարուան Կինը, իսկ Հայ-Ամերիկեան Առեւտրական Գրասենեակի կողմէ՝ «Կիներու ծառայութեան» գնահատագրին: 2010ին, Հայկական Ոսկրածուծի Տոնորներու Ռէճիսթըրի կողմէ պարգեւատրուած է իբրեւ «Տարուան Կամաւոր»ը:
2012ին, Արցախի նախագահին կողմէ պարգեւատրուած է «Երախտագիտական Մետալ»ով: 2012ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ ստացած է «Գիր Գնահատագրի»: 2013ին, Արեւմտեան Թեմի Ազգային առաջնորդարանի կողմէ արժանացած է «Ս. Աշխէն Թագուհի» մետալին: 2015ին, ազգանուէր իր գործունէութեան համար Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուած է գնահատանքի մետալով:
2001ին, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը անոր շնորհած է «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսը:
ԿԱՐՕ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2002»
Կարօ Գազանճեան ծնած է Հալէպ: Նախնական ուսումը ստացած է «Ճէզուիթ»ներու, ապա՝ Հայկազեան Ազգային վարժարանին մէջ: Փոքր տարիքին անդամակցած է ՀՄԸՄի Հալէպի մասնաճիւղին իբրեւ սկաուտ, սակայն յատուկ սէր ունենալով մարզանքի հանդէպ, միութենական իր կեանքը շարունակած է իբրեւ մարզիկ, նախընտրելով թեթեւ աթլեթն (Վազք) ու ֆութպոլը:
1948ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Պէյրութ, Լիբանան, ուր ուսումը շարունակած է Ս. Նշան Ազգային վարժարանին մէջ, իսկ մարզական կեանքը՝ ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Մայր Հայաստան» ֆութպոլի երկրորդական խումբին, ապա՝ Ա. խումբին մէջ:
Կեդրոնանալով պասքեթպոլի մէջ, մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է, որուն հետեւանքով ալ հրաւիրուած է ՀՄԸՄի Պէյրութի պասքեթպոլի Ա. խումբ, որուն խմբապետը եղած է երկար տարիներ: Քանի մը տարիներու լաւ խաղարկութենէ ետք, ան հրաւիրուած է տեղական, միջարաբական եւ այլ երկիրներու մրցումներուն եւ մեծ տպաւորութիւն ձգած է:
Պասքեթպոլին առընթեր, Գազանճեան յառաջդիմութիւններ արձանագրած է նաեւ վազքի մէջ, որուն համար ալ 1957ին հրաւիրուած է Լիբանանի ազգային խումբ, ուր մարզուած է նշանաւոր մարզիչ Իվան Փիսիաքեսին շունչի տակ: Վերջինս նկատելով Գազանճեանի մարզական բարձր կարողութիւնները «Լիբանանի Զաթօփէք»ը անուանած է, որ այդ շրջանին վազքի աշխարհի ախոյեանն էր:
1972ին, Լիբանանի կրթական եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ վկայուած է իբրեւ պասքեթպոլի իրաւարար, իսկ 1982ին եղած է միակ հայն ու ՀՄԸՄականը, որ արժանացած է միջազգային իրաւարարի տիտղոսին:
Հակառակ իրաւաբանութեան մէջ եւս մասնագիտացած ըլլալուն, Գազանճեան նախընտրած է մարզական աշխարհը ընտրել իրեն իբրեւ կեանքի ասպարէզ: 1961-1989 տարիներուն իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ ծառայած է Նշան Փալանճեան Ճեմարանի, Քաղաքի Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանի, Չաթալպաշեան եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարաններու մէջ:
Երեք տարիներ եղած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ: 1983ին, ամուսնացած է Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի իր պաշտօնակիցներէն Մարօ Թոքաթլեանի հետ, եւ ապագային բախտաւորուած են երկու զաւակներով:
1989ին, ընտանիքին հետ վերջնականօրէն հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ երկար տարիներ իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ պաշտօնավարած է Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային Վարժարանէն ներս: Գազանճեանները ընտանեօք անդամ են ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղին: ՀՄԸՄական իր բեղուն գործուէութեան համար 2002ին, ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութիւնը անոր շնորհած է «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսը:
ԵՂԲ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ- 2003»
ՀՄԸՄական եւ Դաշնակցական ընտանեկան յարկի տակ ծնունդ առած եւ հասակ նետած եղբ. Վարդգէս Ալահայտոյեան եզակի անձնաւորութիւն մըն էր, որուն կեանքի յաջողութիւնները, բարձր պաշտօնները եւ հարստութիւնը երբեք չեն շլացուցած զինք: Ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին եղած է հաւատաւոր ՀՄԸՄական:
Հակառակ բազմազբաղ ըլլալուն, եղբ. Ալահայտոյեան մինչեւ իր մահը (Հոկտեմբեր 2016) ՀՄԸՄական իր գործունէութիւնը կատարած է շարունակաբար, ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ: Ան երբեք իր նիւթա-բարոյական աջակցութիւնը չէ զլացած իր սիրելի կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄի նկատմամբ:
2003ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը բարձր գնահատելով եղբօր անձնազոհ գործունէութիւնը ՀՄԸՄէն ներս, անոր շնորհած է «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսը:
Եղբ. Վարդգէս Ալահայտոյեանի կենսագրութիւնը կարդալ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահներու բաժնին մէջ:
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԳԱԲՐԻԷԼ ԵՒ ԱՍՏՂԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2004»
Եղբ. Գաբրիէլ Փանոսեան ծնած է Լիբանանի միակ հայկական գիւղը՝ Այնճար: 1959ին միացած է ծննդավայրի ՀՄԸՄի մասնաճիւղին, ուր խորանալով սկաուտական կեանքին մէջ, արժանացած է սկաուտական բոլոր կարգերուն եւ հասած է մինչեւ մասնաճիւղի խմբապետութեան, զոր վարած է երկար տարիներ:
1963ին, Յունաստանի մէջ մասնակցած է միջազգային ճամպորիին, իսկ 1965ին՝ Լիպիոյ միջարաբական ճամպորիին: Նշանակուած է Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրի անդամ: 1974ին, եղբօր ջանքերով տեղւոյն ԼՕԽի արծուիկները միացած են ՀՄԸՄին: Եղբայրը երկար տարիներ ստանձնած է մասնաճիւղի պատասխանատուութիւնը:
Սկաուտական կեանքին առընթեր, եղբայրը փոքր տարիքին անդամակցած է նաեւ «Յառաջ» պատանեկան միութեան եւ այնուհետեւ փոխանցուած է ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան շարքերը, ուր ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ:
Ան եղած է Համազգայինի Այնճարի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եւ երկար տարիներ վարչական կազմերուն մէջ աշխատելէ ետք, ընտրուած է Լիբանանի Շրջանային վարչութան անդամ:
1986ին փոխադրուելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, փոխանցուած է տեղւոյն ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան շարքերը: Եղբօր վստահուած են պատասխանատու զանազան պաշտօններ: Եղբայրը մաս կազմած է նաեւ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կազմին:
Հայրենասիրութենէ մեկնած, եղբայրը երկար տարիներէ ի վեր փոխադրուած է Հայրենիք, ուր կը զբաղի Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի լուսանկարչութեամբ:
Քոյր Աստղիկ Պուրսալեան-Փանոսեան ծնած է Այնճար, Լիբանան: 1960ին անդամակցած է ծննդավայրի ԼՕԽի արծուիկութեան շարքերը, աւելի ուշ՝ 1967ին, ՀՄԸՄի մասնաճիւղին, իբրեւ պասքեթպոլի մարզիկ, որուն սիւներէն եղած է մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սան Ֆրասնիսքօ քաղաքը փոխադրուիլը (1972), ուր նաեւ աշխուժութեամբ շարունակած է միութենական եւ ազգային իր կեանքը:
1973-1980ականներուն եղած է տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցչուհի եւ փոխտնօրէնուհի: Սակայն սկաուտական քաշողական կեանքը մղած է զինք 1975ին հիմնելու տեղւոյն ՀՄԸՄի մասնաճիւղի սկաուտական բաժանմունքը, հինգ տարիներ վարելով Մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնը: 1978ին, գլխաւորելով ՀՄԸՄի Քալիֆորնիոյ սկաուտական պատուիրակութիւնը, մասնակցած է ՀՄԸՄի առաջին Համագաղութային բանակումին, Յունաստան:
Քոյր Աստղիկ ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղէն ներս երկար տարիներ վարած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ, հասնելով մինչեւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետի պաշտօնին: Ան մասնակցած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովներուն, իսկ 2003ին՝ ՀՄԸՄի 8րդ Ընդհանուր ժողովին, Հայաստան:
ՀՄԸՄական գործունէութեան կողքին, ան անդամակցած է նաեւ տեղւոյն ՀՕՄի «Կարին» մասնաճիւղին եւ վարած է վարչական պատասխանատուութիւններ, ինչպէս նաեւ ընտրուած է ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամ: Ան անդամ է նաեւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին:
1980ին, Այնճարի մէջ իրարու հանդիպելով, Աստղիկ եւ Գաբրիէլ ամուսնացած են եւ կազմած են իրենց երջանիկ բոյնը:
Տէր եւ տիկ. Գաբրիէլ եւ Աստղիկ Փանոսեաններ իրենց հայրենասիրութեամբ օրինակ դառնալով շրջապատին, այսօր բնակութիւն հաստատած են Մայր Հայրենիք եւ կը զբաղին բարեսիրական գործերով, օգնելով սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն:
ՔՈՅՐ ԼԻԼԻԹ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2005»
Քոյր Լիլիթ Բաղդասարեան ծնած է Թեհրան: Փոքր տարիքին ծնողքին հետ Համատանի փոխադրուելով յաճախած է տեղւոյն հայկական վարժարանը: Այնուհետեւ Թեհրան վերադառնալով նախակրթարանի ուսումը ստացած է «Կիւ» պարսկական նախակրթարանէն, միջնակարգը՝ պարսկական «Անուշիրվանէ Դադկար» վարժարանէն, իսկ երկրորդականը՝ Նուր Պախշ» ընտրանիներու վարժարանէն, միակ իգական սեռի ներկայացուցիչը ըլլալով ուսողութեան մէջ: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է պետական համալսարանէն, մասնագիտանալով ճարտարապետութեան մէջ: Աւելի ուշ, հեռակայ կապով Business management-ին հետեւած է ամերիկեան համալսարանի մը հետ եւ իբրեւ կարող հաշուապահ նետուած է կեանքի ասպարէզ:
11 տարեկանին անդամակցած է Թեհրանի Հայ Մշակութային Արարատ Կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ), որ այդ շրջանին սկաուտական բաժանմունք չունենալով աշխատած է երաժշտական բաժանմունքին մէջ: Քանի մը տարիներ ետք, ՀՄԱԿ ստեղծելով իր սկաուտական բաժանմունքը, Լիլիթ եղած է անոր առաջին արենուշներէն, միաժամանակ հետեւելով մարզական բաժանմունքի յատկապէս պասքեթպոլի եւ փինկ-փոնկի մարզաճիւղերուն: Ան նաեւ միակ աղջիկ անդամը եղած մասնաճիւղի «փրկարար»ներու խումբին: Նոյն տարիներուն ան նաեւ անդամակցած է ՀՅԴ պատանեկան միութեան եւ այնուհետեւ եղած է երդուեալ դաշնակցական:
1959ին ամուսնացած է ՀՄԱԿի պասքեթպոլի մարզիչներէն երկրաչափ Վահիկ Բաղդասարեանի հետ, ապագային բախտաւորուելով երեք զաւակներով:
Քոյր Լիլիթ մեծ ներդրում ունեցած է «Արարատ» մարզաւանի իրականացման մէջ: 1979ին, պարսկաստանի յեղափոխութեան առաջին տարիներուն ընտանիքին հետ փոխադրուած է Ամերիկա: Մէկ տարի ուսուցչութիւն կատարելէ ետք Շամլեան Ազգային վարժարանին մէջ, սկսած է գործել ամերիկեան մեծ ընկերութեան մը մէջ՝ իբրեւ հաշուապահ: 15 տարիներ աշխատելէ ետք իրականացուցած է իր տարիներու երազը, բանալով իր անձնական մանկամսուրը:
1982ին միացած է ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի շարքերուն եւ հիմնած է մասնաճիւղի երէցական բաժանմունքը: 1983ին վարչական ընտրուած է եւ տարիներ շարունակ զանազան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է. քարտուղար, բաժանմունքի ներկայացուցիչ, ատենապետ եւ այլն: Ան մեծ դեր ունեցած է մասնաճիւղի յատկապէս դրամահաւաքի եւ կեդրոնի գնման աշխատանքներուն մէջ: Նաեւ շրջան մը նշանակուած է Շրջանային վարչութեան անդամ: Օգտակար հանդիսացած է Նաւասարդեան աշխատանքներուն եւ գաղութի ազգային կեանքէն ներս օգտակար ձեռք երկարած է զանազան նախաձեռնութիւններու. Համազգայինի, Լարքի, ՀՅԴ Օրուան տօնախմբութեան եւ այլ հանրային ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ:
ԵՂԲ. ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2006»
Եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեան ծնած է պատմական Տիգրանակերտ քաղաքը՝ 1922ին: Փոքր տարիքին փոխադրուած է Հալէպ եւ աւարտած է Սիւլէյմանիէի Փէր Պալեան «Թէր-Սէնթ» նախակրթարանը: Այնուհետեւ, ան ինքնաշխատութեամբ տիրապետած է հայերէն լեզուին ու հայ գրականութեան եւ իր թղթակցութիւններով, մարզական վերլուծումներով, միութենական եւ անձնական իր փորձառութիւնները թուղթին յանձնելով շատ մը դէմքեր ու դէպքեր անմահացուցած է:
1933ին անդամակցած է ՀՄԸՄի Նոր Գիւղի (Հալէպ) մասնաճիւղը իբրեւ գայլիկ եւ ապա՝ սկաուտ: Սակայն միշտ սէր ունենալով ֆութպոլի նկատմամբ, անդամակցած է Հալէպի ֆութպոլի երկրորդական խումբերուն: 1944ին փոխանցուած է Հալէպի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին եւ 1945-46 տարիներուն մասնակցած է խումբի մրցումներուն: Ան միաժամանակ նաեւ եղած է տեղւոյն ֆութպոլի յանձնախումբի անդամ:
1947ին ձգելով ֆութպոլը, 14 տարիներ կատարած է իրաւարարի դժուարին պարտականութիւնը:
1965ին մասնակցած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ֆութպոլի աշխատանքներուն եւ անդամ նշանակուած է Լիբանանի ֆութպոլի յանձնախումբի նախաքայլը նկատուող Առաջին «Թէքնիք» յանձնախումբին: Միաժամանակ մաս կազմած է ՀՄԸՄի Մամլոյ յանձնախումբին: Եղբօր վստահուած են մասնաճիւղի ատենապետի, փոխատենապետ եւ զանազան այլ պատասխանատու պաշտօններ:
1946ին սկսած է մարզական թղթակցութիւններ կատարել սփիւռքահայ շարք մը թերթերու համար: Ան նաեւ հեղինակն է բազմաթիւ գիրքերու: 1988ին վերջնականապէս հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ մինչեւ օրս կ՛աշխատակցի «Ասպարէզ» օրաթերթի եւ այլ հայկական թերթերու:
Մկրտիչեան անդամ է Հայաստանի գրողներու միութեան: Ան նաեւ եղած է ատենապետը Լոս Անճելըսի Հայ Գրողներու Միութեան: ՀՄԸՄի 80ամեակին առիթով, Կեդրոնական վարչութիւնը բարձր գնահատելով եղբօր նուիրումը, պարգեւատրած է զայն ՀՄԸՄի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով:
ԵՂԲ. ՆԻԿՈԼ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2007»
Եղբ. Նիկոլ Արզումանեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Փոքր տարիքին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Պաղտատ, Իրաք, ուր անդամակցած է տեղւոյն ՀՄԸՄի մասնաճիւղին իբրեւ թեթեւ աթլեթի մարզիկ, աւելի ուշադրութիւնը կեդրոնաՕցուցած է պասքեթպոլի մարզաճիւղին վրայ:
Բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է ՀՄԸՄի Պաղտատի մասնաճիւղէն ներս: Ընտրուած է վարչական, եղած է մարզական պատասխանատու եւ ինք հիմը դրած է մասնաճիւղի վոլիպոլի աղջկանց խումբին:
1971ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ նոյն տարին, ընտանեօք անդամակցած են ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին: Բեղուն գործունէութիւն ցուցաբերած է մասնաճիւղի ընկերային, սկաուտական եւ յատկապէս մարզական կեանքէն ներս, շրջանի երիտասարդութիւնը համախմբելով ՀՄԸՄի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի խումբերու շուրջ, ի հարկին ստեղծելով համապատասխան նոր խումբեր:
Բազմաթիւ անգամներ վարչական ընտրուելով ստանձնած է մարզական եւ յատկապէս պասքեթպոլի բաժանմունքի եւ գանձապահի պատասխանատուութիւնները: Նաեւ բազմիցս մասնակցած է շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն ժողովին: Նշանակուած է նաեւ Շրջանային մարզական խորհուրդի անդամ:
Եղբայրը սիրով կատարած է իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները եւ բազմաթիւ անգամներ պարգեւատրուած է.
1998ին՝ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի 30ամեակին առիթով, 2000ին՝ Շրջանային վարչութեան կողմէ արժանացած է շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն՝ «Ծառայութեան» շքանշանին, 2004ին՝ «Մարզիկ»ի 25ամեակին առիթով, Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, երկար տարիներ ՀՄԸՄի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի առաքումն ու անդամավճարներու գանձումները, կատարելուն համար:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը բարձր գնահատելով եղբօր ՀՄԸՄական գործունէութիւնը, 2007ին անոր շնորհեց «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսը:
Անհանգստութեան պատճառով, եղբայրը իր կեանքի վերջին տարիներուն չէր կրցած մասնակցիլ ՀՄԸՄի աշխատանքներուն:
ԵՂԲ. ԱԼՊԵՐ ՈՒՆՃԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄԸ-ԱԿԱՆ – 2008»
Եղբ. Ունճեան ծնած է Պուրճ Համուտ, Լիբանան: Փոքր տարիքին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Հայֆա, Պաղեստին: 1935ին անդամակցած է ՀՄԸՄի Հայֆայի մասնաճիւղին՝ իբրեւ գայլիկ, ապա անցած է սկաուտական շարքերը, ուր հասած է մինչեւ վարիչ առաջնորդի աստիճանին: Յատուկ սէր ունենալով ֆութպոլի նկատմամբ, սկաուտականին առընթեր նաեւ մաս կազմած է մասնաճիւղի ֆութպոլի Բ. խումբին եւ մասնակցած է Արաբական ֆետերասիոնի ֆութպոլի մրցաշարքերուն: 1946 եւ 1947 թուականներուն, յաջորդական երկու տարիներ, եղբայրը մասնակցած է Պաղեստինի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն:
1948ին, արաբ-իսրայէլեան պատերազմի հետեւանքով, եղբայրը ընտանիքին հետ վերադարձած է ծննդավայր եւ նոյն տարին իսկ անդամակցած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին եւ նոյն պատճառներով, Պաղեստինէն Լիբանան փոխադրուած կարգ մը երիտասարդներու հետ, կազմած է մասնաճիւղի ֆութպոլի Բ. դասակարգի «Կամք» խումբը: Նոյն տարին իսկ մասնակցելով ՀՄԸՄի Լիբանանի երկրորդական խումբերու մրցաշարքին, «Կամք»ը արժանացած է Բ. մրցանակին:
1949ին ընտրուած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի վարչութեան անդամ եւ այնուհետեւ մինչեւ 1976, քանի մը կարճ դադարներով, ստանձնած է գանձապահի, մարզականի, փոխատենապետի եւ ատենապետի պաշտօնները:
1968ին, մաս կազմած է ՀՄԸՄի Լիբանանի ֆութպոլի ներկայացուցչական պատուիրակութեան, որուն հետ մեկնած է Պուլկարիա եւ Ռումանիա մարզական 15օրեայ շրջապտոյտի: Եղբայրը յաճախ պատասխանատուութիւն ստանձնած է մասնաճիւղի պասքեթպոլի երկսեռ խումբերու, յատկապէս Լիբանանի Ֆետերասիոնի կազմակերպած մրցումներուն: Եղբայրը մասնակցած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Լիբանանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն ժողովներուն:
1976ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով, եղբ. Ունճեան փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ փոխանցուած է Սան Ֆերնանտօ Հովիտի շրջանը: 1977-1978 տարիներուն նշանակուած է ՀՄԸՄի նորաստեղծ Նաւասարդեան մարզախաղերու ֆութպոլի յանձնախումբի անդամ:
1978ին, քանի մը ՀՄԸՄականներու հետ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մէջ ՀՄԸՄի մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան մաս կազմած է:
Եղբայրը 1947էն ի վեր անդամ է ՀՅ Դաշնակցութեան եւ կուսակցական զանազան պաշտօններ վարած է Սիսի «Իշխան» եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Ռոստոմ» կոմիտէութեանց մէջ: 1956-1976 եղած է Սիսի «Աքսոր Գասարճեան» ազգ. վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ, իսկ 1982-2004, որոշ ընդմիջումներով՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձու: Ընտրուած է նաեւ Ազգային երեսփոխան: Ան իր ազգանուէր գործունէութեան համար արժանացած է Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան, ՀՄԸՄի Շրջանային եւ «Մասիս» մասնաճիւղի վարչութեանց գնահատանքրերուն:
2008ին, ՀՄԸՄի շրջանային Վարչութիւնը գնահատելով եղբ. Ունճեանի ՀՄԸՄական գործունէութիւնը, անոր շնորհած է «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսը:
ԵՂԲ. ԶԱՔԱՐ ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2009»
Եղբ. Զաքար Չորպաճեան 1945ին անդամակցած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին իբրեւ երէց սկաուտ եւ ապա վարիչ առաջնորդ: Սակայն յատուկ սէր ունենալով ֆութպոլի նկատմամբ, 1950ին կը ներգրաւուի մարզական կեանքին: Նոյն տարին մասնաճիւղի վարչութեան անդամ ընտրուելով, զբաղած է ֆութպոլով եւ իր ջանքերով մասնաճիւղի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը երեք անգամ Լիբանանի Բ. դասակարգի խումբերու եւ ութ անգամ ալ Լեռնալիբանանի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած է:
Եղբայր Զաքար 17 տարիներ նշանակուած է Լեռնալիբանանի ֆետերասիոնի անդամ:
1955ին եւ այնուհետեւ 10 տարիներ կազմակերպած է Պուրճ Համուտի երկար վազքի մրցաշարքը:
1960-1970 նշանակուած է Լիբանանի երկրորդական վարժարաններու ֆութպոլի մրցաշարքերու պատասխանատու կազմակերպիչ:
1962-1973 Լեռնալիբանանի նահանգապետի որոշումով կազմակերպած է շրջանի համալսարաններու տարեկան ախոյեանութեան մրցումները:
1967-1984 Լիբանանի ներքին գործոց նախարարի կողմէ նշանակուած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտի բարեզարդման եւ պիւտճէի յանձնախումբի անդամ:
Եղբայրը ի պաշտօնէ ՀՄԸՄի Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերու պատուիրակութիւններու հետ այցելած է զանազան Արաբական եւ եւրոպական երկիրներ: Յորդանանի մէջ արժանացած է Յորդանանի թագաւորի շքանշանին:
Չորպաճեան մեծ աշխատանք տարած է նաեւ թեթեւ աթլեթի մարզաճիւղէն ներս:
1967-1977 տարիներուն, իբրեւ վարչական Պուրճ Համուտի պասքեթպոլի խումբը առաջնորդած է Եգիպտոս, ուր բազմաթիւ յաղթանակներ արձանագրած է:
Երկար տարիներ ընտրուած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի վարչութեան անդամ եւ ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ: Ան բազմաթիւ տարիներ իր մասնաճիւղը ներկայացուցած է Լեռնալիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի տարեկան Ընդհ. ժողովներուն:
Եղբայրը նաեւ մեծ ներդրում ունեցած է Լոս Անճելըսի մէջ ՀՄԸՄի Ֆութպոլի Վեթերաններու խումբի կազմութեան մէջ:
Ան իր կեանքի մեծ մասը դաշտերու վրայ անցուցած ըլլալով զինք կոչած են «դաշտերու խենթ»: Եղբօր միութենական օգտաշատ գործունէութիւնը մեծապէս գնահատուած է համապատասխան մարմիններու կողմէ:
ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ արժանացած է «Ծառայութեան», իսկ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ՝ «Արատակարգ Ծառայութեան» շքանշաններուն: Գնահատագիրեր ստացած է նաեւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» եւ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէներու ու ՀՄԸՄի Ֆութպոլի Վեթերաններու խումբի կողմէ:
ԵՂԲ. ՊԵՐՃ ՃԱՄՃԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2010»
Եղբ. Պերճ Ճամճեան ծնած է Յունիս 1946ին, Գահիրէ, Եգիպտոս: Նախակրթարանի ուսումը ստացած է ծննդավայրի «Գալուստեան» ազգ. վարժարանէն, ուր նաեւ միացած է վարժարանէն ներս գործող սկաուտական շարժումին: Ապա, երկու տարիներ տեղւոյն Մխիթարեան Հայրերու վարժարանը յաճախելէ ետք, 1960ին փոխադրուած է Լիբանան եւ ուսումը շարունակած է Հազմիէի Մխիթարեան Հայրերու վարժարանին մէջ:
1963ին փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ Լոս Անճելըս: Տեղւոյն եւ Կլենտէյլ քոլեճները քանի մը տարիներ յաճախելէ ետք, աւարտած է Քալիֆորնիոյ Նահանգի համալսարանը (Cal. State University), ուր պսակաւոր գիտութեան (BA) վկայականը ստացած է ուսողութեան (Mathematic) մէջ: Համալսարանական իր ուսումը աւարտելէ ետք, իբրեւ փայլուն աշակերտ, Security Pacific դրամատան կողմէ ընտրուած է մասնագիտանալու IBM համակարգչային գիտութեան մէջ:
Ուսման առընթեր, եղբ. Ճամճեան անդամակցած եւ կամաւոր աշխատանք տարած է Ամերիկայի Սկաուտական կազմակերպութենէն ներս, իբրեւ մարզիչ, առաջնորդ եւ խմբապետ:
1985ին անդամակցած է Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ սկաուտական բաժանմունքէն ներս վարած է խմբապետի օգնականի, խումբի խմբապետի եւ մասնաճիւղի աւագ խմբապետի պատասխանատու պաշտօնները, համապատասխան աստիճաններով:
Երկար տարիներ նշանակուած է մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ ընտրուած է վարչական:
Երեք շրջաններ նշանակուած է Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամ: Երկար տարիներ եղած է ՀՄԸՄի կրօնական բաժինի ներկայացուցիչ Ամերիկեան սկաուտութեան մօտ:
Ան մեծ ներդրում ունեցած է Ազգային առաջնորդարանի նախաձեռնած «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» կրօնական շքանշանի ստեղծման եւ անոր կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ: Ստացած է միջազգային սկաուտական «Wood Badge»ի կարգը:
Եղբ. Ճամճեան մինչեւ օրս աշխոյժ գործունէութիւն կը տանի ՀՄԸՄէն ներս:
ՌՈՒԲԷՆ ԳԻՒՐՋԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2011»
Ռուբէն Գիւրջեան ծնած է 1942ին, Պարսկաստանի Քերմանշահ քաղաքը: Վաղ տարիքին փոխադրուած է Թեհրան, ուր ուսանած է տեղւոյն «Քուշէշ-Դաւթեան» Ազգային վարժարանին մէջ:
Տասը տարեկանին անդամակցած է Թեհրանի «Արարատ» մշակութային կազմակերպութեան՝ իբրեւ սկաուտ, ուր իր նուիրուած աշխատանքին բերումով, հասած է մինչեւ կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամի պաշտօնին:
Հոս ծանօթացած է իր ապագայ կեանքի ընկերոջը՝ Ծաղիկին, որուն հետ ամուսնացած է եւ ապագային բախտաւորուած են երկու մանչ զաւակներով, որոնք ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան օրէն՝ անդամակցած են այդ մասնաճիւղին:
Ռուբէն Գիւրջեան իր համալսարանական կրթութիւնը ստացած է նախ Սպահանի համալսարանէն, ուր յաջողութեամբ աւարտած է հայագիտական ճիւղը, ապա ուսումը շարունակած է Թեհրանի հաշուապահական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ, զոր աւարտած է յաջողութեամբ, ապա կատարած է իր զինուորական ծառայութիւնը իրանեան բանակի ուղղաթիռներու բաժանմունքին մէջ: 1974ին, Գիւրջեան Թեհրանի «Արարատ» մշակութային կազմակերպութեան կողմէ մասնակցած է Պէյրութի մէջ գումարուած, ՀՄԸՄը համագաղութային կառոյց վերածելու հիմնադիր ժողովին:
1977ին, Գիւրջեան փոխադրուած է Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած է Կլենտէյլ, ուր 1978ի վերջին, ութ այլ սկաուտներու հետ, հիմնած է ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղը:
Ան վեց տարիներ եղած է մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ: Իր ատենապետութեան շրջանին կազմուած են մարզական ու սկաուտական բազմաթիւ խումբեր: Եղբօր գործունէութեան աւարտին, մասնաճիւղի անդամներուն թիւը հասած է 1000ի:
1997ին, մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ արժանացած է «Պատուոյ անդամ» կոչումին: Ան նաեւ չորս տարի անդամակցած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան:
Եղբ. Գիւրջեան ընտրուած է նաեւ հոգաբարձու Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ չորս տարի իբրեւ Ազգային երեսփոխան:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը բարձր գնահատելով եղբօր արդիւնաբեր գործունէութիւնը ՀՄԸՄէն ներս, 2011ին անոր շնորհեց «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսը:
ՔՈՅՐ ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2012»
Ծնած է Լիբանանի հայակական Այնճար գիւղը, ազգանուէր ընտանեկան յարկի մը տակ: Ան երրորդն է Վահան եւ Սիրանոյշ Քէշիշեաններու եօթ զաւակներուն:
Նախակրթութիւնն ու միջնակարգ ուսումը ստացած է ծննդավայրի «Յառաջ» ազգ. վարժարանէն, Իսկ երկրորդականը՝ Պուրճ Համուտի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճէն: Համալսարանական ուսումը ստացած է Լիբանանի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանէն, եւ աւարտած՝ հայագիտական բաժինը: Երկար տարիներ պաշտօնավարած է Պուրճ Համուտի Սիս թաղամասի «Աքսոր Գասարճեան» նախակրթարանին մէջ իբրեւ հայերէն լեզուի եւ արուեստի նիւթերու ուսուցչուհի, իսկ աւելի ուշ իբրեւ մանկապարտիզպանուհի: Միաժամանակ հետեւած է Հայկազեան քոլեճի ուսուցիչներու յատուկ մանկավարժական ծրագիրին եւ Նշան Փաեանճեան Ճեմարանի նախաձեռնած եւ Լուսին Մալիքեանի ղեկավարած մանկավարժական ծրագրին:
Փոքր տարիքէն անդամակցած է Լիբանանի Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) Այնճարի մասնաճիւղի Արծուիկներու բաժանմունքին իբրեւ մրջնիկ, իսկ աւելի ուշ, փոխանցուած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, իբրեւ Արենուշ վարիչ առաջնորդ, ուր հասած է մինչեւ մասնաճիւղի խմբապետուհիի եւ այնուհետեւ՝ արժանացած է Լիբանանի Շրջանային խմբապետուհիի աստիճանին, վարելով համապատասխան պաշտօնը: Զանազան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է մասնաճիւղի եւ շրջանային մակարդակներու վրայ:
Ուսուցչուհիի իր պաշտօնին առընթեր երկար տարիներ եղած է Պուրճ Համուտի Նոր Սիս շրջանի ՀՅԴ «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան վարիչ: Անդամակցած է ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան, ուր նաեւ անցած է ՀՅԴ շարքերը:
1984ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ եւ աշխատած է շրջանի Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ» օրաթերթի մէջ նախ իբրեւ գրաշար եւ թղթակից, ապա խմբագրական կազմի անդամ: Եղած է նաեւ «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանի թղթակից եւ արխիւներու պատասխանատու: Թէ՛ Լիբանանի եւ թէ ԱՄՆի մէջ քանի մը շրջաններ վարած է Շրջանային խմբապետուհիի պաշտօնը: Բազմիցս ընտրուած է ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամ:
Իբրեւ Սկաուտ ղեկավար եւ կազմակերպիչ մասնակցած է ՀՄԸՄի համագաղութային եւ Հայաստանի մէջ կազմկերպուած համա-ՀՄԸՄական ընդհանուր բանակումներուն:
1990ին գործուղուած է Հայաստան, ուր նախաձեռնած է ՀՄԸՄի վերակազմակերպչական առաջին աշխատանքները Հայրենիքի մէջ: Անդամ է Boy Scouts of America-ի Verdugo Council-ին: Արժանացած է Wood Bage-ի երրորդ տախտակին (Bead):
Գործօն մասնակցութիւն բերած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն: Ան ՀՄԸՄի թղթակիցն է, ստորագրելով բազմահարիւր յօդուածներ:
2005էն մինչեւ 2018 եղած է վարիչ քարտուղարը Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան:
Իր նուիրեալ աշխատանքին համար արժանացած է բազմաթիւ պարգեւատրումներու, որոնցմէ կ՛արժէ նշել «Մարզիկ»ի եւ «Ասպարէզ»ի խմբագրութեանց պատուոյ գիրերուն, ՀՄԸՄի-ՀԱՍԿի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ «Վարդան Բախշեան»ի յիշատակին ստեղծուած առաջին մետալին: ԱՄՆի ծերակուտական Ատըմ Շիֆի կողմէ հռչակուած է «Տարուան Կինը», ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կողմէ արժանացած է «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսին (2012), Շրջանի ՀՄԸՄի «Ծառայութեան» բարձրագոյն շքանշանին եւ շատ ուրիշ գնահատագրեր ստացած է պետական անձնաւորութիւններէ եւ հայկական կազմակերպութիւններէ: Քոյր Մարօ իր կեանքի մեծագոյն երազանքը իրականացնելով 26 Դեկտեմբեր 2018ին փոխադրուած է Հայաստան, ազգային իր պարտականութիւնը շարունակելու հայրենիքի մէջ:
ԵՂԲ. ԶԱՐԵՀ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2013»
Մարզական իր կեանքին առընթեր, ան սիրով կեդրոնացած է նաեւ սկաուտական կեանքին, հասնելով աքելլայի պաշտօնին, միաժամանակ նշանակուած է մասնաճիւղի սկաուտական Խորհուրդի անդամ եւ ՀՄԸՄի կապը՝ Սուրիոյ սկաուտութեան մօտ: 1956ին մասնակցած է Ա. Արաբական միջազգային ճամպորիին, 1960ին Յունաստանի, իսկ 1961ին՝ Աւստրալիոյ համաշխարհային սկաուտական ճամպորիներուն: Ան նաեւ անդամակցած եւ գործօն մասնակցութիւն բերած է իր ծննդավայրի «Համազգային»ի եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան աշխատանքներուն:
1962-63 զինուորական իր պարտականութիւնը աւարտելէ ետք, Մայիս 1964ին, մանկութեան ընկերոջ Ասատ Քասսիսի հետ աշխարհի շուրջ իր երազած հեծելարշաւը կատարած է, սկսելով Լիբանանէն, անցնելով քանի մը տասնեակ երկիրներով եւ ի վերջոյ 1966ին հասնելով Անգլիա: Պի.Պի.Սի.ն եւ այլ մամուլի ներկայացուցիչներ հետեւած են եզակի այս հեծելարշաւին: Այսքանով սակայն չէ աւարտած իրարկածախնդրութիւնը: Ընկերոջ հետ ան նաւով շարունակած է ճամբորդութիւնը դէպի Մոնթրէալ, Գանատա, ուր հասած է Մայիս 1966ին: Մոնթրէալի մէջ եղբ. Զարեհ միացած է ՀՄԸՄին, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ: 1970ին ամուսնացած եւ փոխադրուած է Սիէթըլ:
1971ին, ընտանիքին հետ վերջնականապէս հաստատուած է Օքլընտ, ուր ոսկերչական եւ ժամացոյցի իր անձնական աշխատավայրը բացած է Պըրքլիի մէջ: Նոյն տարին փոխանցուած է ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ եւ նշանակուած է անոր առաջին խմբապետը եւ այնուհետեւ՝ սկաուտական խորհուրդի անդամ: 1974ին ընտրուած է առաջին Շրջանային վարչութեան անդամ եւ իբրեւ շրջանի առաջին Ընդհանուր խմբապետ կազմակերպած է շրջանի առաջին ընդհանուր բանակումը: Եղբայրը իր ներդրումը բերած է նաեւ 1976ին կազմակերպուած առաջին Նաւասարդեան մարզախաղերու ծրագրման աշխատանքներուն:
1994ին, եղբայրը իր երկու դուստրերուն հետ մասնակցած է հայրենիքի մէջ կազմակերպուած պատմական նշանակութիւն ունեցող առաջին համա-ՀՄԸՄական բանակումին:
Եղբայրը մեծապէս օգտակար հանդիսացած է 2000ին, Ուոլնաթ Քրիքի մէջ ՀՄԸՄի «Կարս» մասնաճիւղի հիմնադրութեան, որուն առաջին ատենապետը ընտրուած է: 2013ին, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը, գնահատելով Եղբ. Զարեհ Էքմէքճեանի բեղուն գործունէութիւնը ՀՄԸՄի մէջ, անոր շնորհած է «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսը:
ԵՂԲ. ՀԱՄԼԷԹ ՉՐԱԽՉԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2014»
Եղբ. Համլէթ Չրախչեան ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է մեր գաղութին մէջ: Ան երկար տարիներ Թեհրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ) մէջ իբրեւ զանազան մարզաճիւղերու մարզիկ եւ այնուհետեւ ղեկավար, իր գործօն մասնակցութիւնը բերելէ ետք, միութենական գործունէութիւնը շարունակած է Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ:
Ան եղած է ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի սիւներէն, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ: Եղբայրը մինչեւ օրս կը շարունակէ ծառայել ՀՄԸՄին եւ իր համայնքին, երբեք չզլանալով իր օգտակար ներդրումը բերելու անոնց վերելքին
2014ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շր-ջանային վարչութիւնը, բարձր գնահատելով եղբօր օգտակար ներդրումը՝ ՀՄԸՄի մէջ, անոր շնորհած է «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսը:
Եղբ. Համլէթ Չրախչեանի կենսագրութիւնը կարդալ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահներու բաժինին մէջ:
ԵՂԲ. ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ- 2015»
Եղբ. Ժիրայր Սարգիսեանի անունը անքակտելիօրէն կապուած է ՀՄԸՄին, որուն շարքերուն մէջ ծառայած է ամբողջ կեանք մը, իբրեւ գայլիկ, սկաուտ, մարզիկ, ղեկավար եւ օրինակելի ՀՄԸՄական: Իր օրինակին հետեւած են նաեւ իր զաւակները:
Տիպար հայր, նուիրեալ միութենական, ազնիւ անձնաւորութիւն եւ ազգանուէր ՀՄԸՄական: Եղբայր Ժիրայր իր անձնական յաջողութիւններուն միշտ բաժնեկից դարձուցած է իր ժողովուրդը եւ իր սիրելի կազմակերպութիւնը՝ ՀՄԸՄը: Եղբօր անունով այսօր կը գործեն բազմաթիւ հայկական դարբնոցներ:
Եղբայրը մինչեւ օրս հաւատարիմ անդամ է ՀՄԸՄին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին եւ ազգային կեանքէն ներս:
Եղբ. Ժիրայր Սարգիսեանի նուիրումը միշտ բարի օրինակ դարձած է իր շրջապատին ու գաղութին:
2015ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը բարձր գնահատելով եղբօր անսակարկ ու նուիրեալ գործունէութիւնը ՀՄԸՄէն ներս, անոր շնորհած է «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսը:
Եղբ. Ժիրայր Սարգիսեանի կենսագրութիւնը կարդալ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներու բաժնին մէջ:
ԵՂԲ. ԳՕԳՕ ՄԿՐԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2016»
Գօգօ Մկրեան ծնած է Պաղտատ, Իրաք: Նախակրթարանի ուսումը ստացած է ծննդավայրի Կիւլպէնկեան Ազգային վարժարանին մէջ, երկրորդականը շարունակած է նոյն քաղաքի հանրային արաբական վարժարանին մէջ, իսկ համալսարանական ուսումը՝ Պաղտատի Պետական համալսարանէն, մասնագիտանալով բնագիտութեան (Physics) ճիւղին մէջ:
Փոքր տարիքին անդամակցած է ՀՄԸՄի Պաղտատի մասնաճիւղին իբրեւ սկաուտ, ապա՝ երէց եւ այնուհետեւ՝ ՀՄԸՄի փոքր արիներու խումբի պատասխանատու:
1978ին, փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
1979ին անդամակցած է ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին, ուր ստանձնած է գայլիկներու փոխ-խմբապետի պաշտօնը, ապա, փոխանցուելով Արիներու բաժանմունք յաջորդաբար ստանձնած է խումբի խմբապետի, միաւորի խմբապետի եւ մասնաճիւղի փոխխմբապետի պաշտօնները: Աւելի ուշ ընտրուած է նաեւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ:
1985ին ծանօթացած եւ ամուսնացած է ՀՄԸՄական Արմինէ Արապանլեանի հետ եւ ապագային բախտաւորուած են երկու զաւակներով:
Եղբայրը արժանացած է Ամերիկեան սկաուտութեան Wood Bedge եւ ՀՄԸՄի բարձրագոյն Արարատեան կարգին: Ան «Արարատ» մասնաճիւղին կողմէ նաեւ արժանացած է «Պատուոյ անդամ» տիտղոսին:
Եղբ. Մկրեան, ՀՄԸՄի Շրջանային եւ Կեդրոնական մակարդակի վրայ զանազան պատասխանատու պաշտօններ վարած է: Ան նշանակուած է ՀՄԸՄի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ, Շրջանային սկաուտ խմբապետ, Շրջանային ընդհանուր խմբապետ, ՀՄԸՄի Ծրագրաւորումի եւ կանոնագրային յանձնախումբերու անդամ: Ընտրուած է նաեւ Շրջանային վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է շրջանի ՀՄԸՄի Շրջանային ներկայացուցչական բազմաթիւ ժողովներու:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական մակարդակի վրայ եղբայրը պատասխանատու պաշտօններ վարած է Համա-ՀՄԸՄական ընդհանուր եւ խմբապետական բանակումներու, ինչպէս նաեւ սեմինարներու: Երեք անգամ մասնակցած է ՀՄԸՄի Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովներու:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչոթիւնը գնահատելով եղբ. Գօգօ Մկրեանի ՀՄԸՄական բեղուն գործունէութիւնը, 2016ին «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսը շնորհեց անոր:
ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2017»
Եղբ. Շահէ Ենիգոմշեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախակրթութիւնը եւ երկրորդական վարժարանի ուսումը ստացած է Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ, ապա համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն: Պսակաւոր գիտութեան վկայականը ստանալէ ետք հետեւած է նոյն համալսարանի բժշկական ճիւղին, որմէ ետք Infectious Diseases ճիւղին մէջ մասնագիտալու համար յաճախած է Միշիկընի համալսարանը:
Վեց տարեկանին անդամակցած է ՀՄԸՄի Պէյրութի մասնաճիւղին իբրեւ գայլիկ եւ պասքեթպոլի մարզիկ: Մխրճուելով մասնաճիւղի սկաուտական կեանքին մէջ, 1970ին նշանակուած է ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի խմբապետ եւ օգտակար հանդիսացած է սկաուտական թեւի զարգացման: Ան մեծ ներդրում ունեցած է ՀՄԸՄի կանոնագրի պատրաստութեան մէջ:
Եղբայր Շահէ մասնակցած է ՀՄԸՄի Շրջանային ճամպորիներու, Միջին Արեւելքի եւ Յունաստանի մէջ գումարուած բազմաթիւ համա-ՀՄԸՄական խորհրդաժողովներու: Բազմաթիւ անգամներ գործուղուած է Լիբանանի դրացի երկիրներ, հիմնելու համար սկաուտական միաւորներ:
Ենիգոմշեանի մասնագիտական կեանքը սկիզբ առած է Միշիկընի մէջ, իբրեւ վարակիչ հիւանդութիւններու բժիշկ, միաժամանակ, ան շարունակած է իր ՀՄԸՄականի գործունէութիւնը նոյն շրջանէն ներս իբրեւ խորհրդատու:
1989ին կը հեռանայ Միշիկընէն եւ կը հաստատուի Քընթաքի, ուր երեք տարիներ կը կատարելագործէ մասնագիտական իր փորձառութիւնը: Ապա, ծանօթանալով ազգանուէր հայուհի Անի Սեդրակեանին, կ՛ամուսնանայ անոր հետ եւ հայկական ընտանեկան բոյն մը կը կազմէ, ապագային բախտաւորուելով երեք զաւակներով:
1993ին, ընտանիքին հետ վերջնականապէս կը տեղափոխուի Հիւսիսային Քալիֆորնիա եւ բնակութիւն կը հաստատէ Սիլիքոն Հովիտի մէջ: Շահէ եւ Անի, իրենց երեք զաւակներով աշխոյժ գործունէութիւն կը տանին իրենց բնակած շրջանի հայկական համայնքէն ներս: 2003-2005 տարեշրջաններուն ան եղած է ատենապետը ՀՄԸՄի Սանթա Գլարայի «Անի» մասնաճիւղին:
Ան իր աջակցութիւնը բերած է Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանային զանազան աշխատանքներուն: Բազմաթիւ առիթներով ան նշանակուած է Կեդրոնական վարչութեան յանձնախումբերու անդամ, որոնց վերջինը ծրագրաւորմանն էր: Ան ՀՄԸՄի եւ հայկական այլ նիւթերու մասին բազմաթիւ յօդուածներ գրած է հայկական թերթերու եւ «Մարզիկ»ի մէջ:
2017ին, Շրջանային վարչութիւնը բարձր գնահատելով եղբ. Ենիգոմշեանի ՀՄԸՄականի նուիրեալ գործուէութիւնը անոր շնորհած է «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսը:
ԵՂԲ. ԳՕԳՕ ՊԱԼԵԱՆ՝ «ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ – 2018»
2018ի Նաւասարդեան մարզախաղերու «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսը շնորհուած է եղբ. Գօգօ Պալեանին:
Եղբայր Գօգօ Պալեանի կեանքը սերտօրէն կապուած է ՀՄԸՄին: Ան այս մեծ կազմակերպութեան կը ծառայէ մօտաւորապէս 60 տարիէ ի վեր:
Իր բացատրութեամբ, իր կեանքը ընթացած է երեք ուղղութիւններով՝ տուն, դպրոց ու ակումբ, այսինքն՝ ՀՄԸՄ:
Ինք կը վկայէ, թէ իրեն համար մեծ քաշողականութիւն մը ունի ՀՄԸՄը, որովհետեւ այս կազմակերպութիւնը իրեն տուած է հայու ինքնութիւն եւ ինքնավստահութիւն: Այս կազմակերպութիւնը իրեն սորվեցուցած է ծառայել ժողովուրդին ու հայրենիքին:
Դարձեալ իր վկայութեամբ, ինչ որ ինք սորված է ՀՄԸՄէն, վերադարձուցած է ժողովուրդին՝ ՀՄԸՄին ծառայելու ընդմէջէն:
Այս կազմակերպութենէն ներս իր ծառայութիւնը սկսած է սկաուտական շարքերէն, հասնելով մինչեւ մասնաճիւղի վարչական, Նաւասարդեանի յանձնախումբեր, Շրջանային վարչութեան անդամ, ատենապետ ու մինչեւ Կեդրոնական վարչութեան յանձնախումբեր եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ:
Պէյրութի Էշրէֆիէ թաղամասէն՝ մինչեւ Պոսթըն, ու ապա Լոս Անճելըս ու Հայաստան, եղբ. Գօգօ Պալեանին համար ՀՄԸՄին ծառայելը երբեք չէ ճանչցած աշխարհագրական սահմաններ:
Իր կարգին, ՀՄԸՄը բարձր գնահատած է եղբ. Գօգօ Պալեանին ծառայութիւններն ու նուիրումը: 1993ին ան արժանացած է ՀՄԸՄի «Ծառայութեան շքանշան»ին, 2002ին՝ Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութեան ոսկեայ շքանշանին: Նոյն տարին, ան արժանացած է Հայաստանի հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարարութեան ոսկեայ յուշամետալին, իսկ 2004ին՝ ՀՄԸՄի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին:
Եղբ. Գօգօ Պալեանի նուիրումը վարակիչ օրինակ կը հանդիսանայ մեր պատանիներուն ու երիտասարդներուն համար:
AAG SERVICES
Լաւագոյն մաղթանքներով
կը շնորհաւորենք Բոլորին
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
Հայ Քոյրերու Վարժարանի
Մեծ ընտանիքը կը մաղթէ
համայն Հայ ժողովուրդի
զաւակներուն Օրհնաբեր Սուրբ Ծնունդ
եւ Խաղաղաբեր նոր Տարի Լուսաւորուած Բեթղեհեմի Աստղով
«Դաւթեան-Մարիամեան» Կրթական Հաստատութիւն
Davidian-Mariamian Educational Foundation
Սրտագին Մաղթանքներով
Կը Շնորհաւորենք Ձեր Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
Merry Christmas & Happy New Year
Superior Electric
Motor Service, Inc.
4622 Alcoa Ave.
Vernon, CA 90058
Tel. 323.583.1040
Fax 323.583.9266
Ron & Goharik Gabriel & Family
We wish our friends & family
A Merry Christmas & a Happy New Year
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ
Քրեսենթա Հովիտի
Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ
հոգեւոր հովիւն ու
հոգաբարձութիւնը,
խոնարհելով մեր անմեղ
նահատակներու խնկելի
յիշատակին, կու գան
շնորհաւորելու համայնքիս հաւատացեալները
Նոր Տարուան եւ Ծննդեան Ս. Տօներուն
առիթներով, ցանկալով բոլորին քաջառողջութիւն
եւ ամենայն բարիք
Տոքթ. Վարդգէս եւ Մէրի Նաճարեաններ
Թող 2019 տարին
իր հետ բերէ իրագործումներու նոր հանգրուան մը՝ մեր ազգային
նպատակներու իրագործման ի խնդիր
ԱՆԱՀԻՏ ՊԱՂՏԱՏԼԻԵԱՆ- ՕՀԱՆԷՍԵԱՆ
ԵՒ ՍԻԼՎԻ ՊԱՂՏԱՏԼԻԵԱՆ
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան
տօներուն առիթով, «Ասպարէզ»ին կը մաղթեն
միշտ լաւագոյնը եւ համայն հայութեան
կը մաղթեն խաղաղութիւն, համերաշխութիւն,
սէր եւ միութիւն։
Orange County
Կը Շնորհաւորենք Հայ Համայնքի
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը Եւ Հայ Ժողովուրդին
Կը Մաղթենք Բարգաւաճ Եւ Խաղաղ Տարի
ARF Armen Karo
ARS Sevan Chapter
ARS Garni Chapter
ARF Serop Aghpure
Badanegan
Homenemtmen
Sardarabad Chapter
Hamazkayin
Siamanto Chapter
AYF Ashod Yergat
Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան
Առիթով Լաւագոյնը
Կը Մաղթենք Հայ Ժողովուրդին
Սարօ Եւ Այտա Գօթոյեաններ
Քրիս Եւ Սարին
Harry & Alvart Barseghian & Family
Best Wishes for Christmas
and New Year
Վազգէն Նաճարեանի Փափաքը Վառ Պահելով
Մելինէ Նաճարեան
իր Սրտագին
Մաղթանքներով
կը Շնորհաւորէ
իր Հարազատներն
ու Բարեկամները
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ
ՕՐԵՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻ
Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Հովիւը,
Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնը եւ
Յարակից Մարմինները
Կը Շնորհաւորեն Համայն Հայութեան
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը,
Յոյս Յայտնելով, Որ Հայ Ժողովուրդի
Յաղթարշաւը Շարունակուի
Նաեւ 2019ին
Յարութ Եւ Պէթի Տօնոյեան
Տօնական Այս Օրերուն
Մեր Լաւագոյն Մաղթանքները
Հայ Ժողովուրդին
Ձեզի կը մաղթենք նպատակներու
իրագործման բացառիկ առիթներով
լեցուն տարի մը
Վահան եւ Արմինէ Կարպուշեան եւ Ընտանիք
Նոր Տարուան բարիքներով
եւ Ս. Ծնունդի խորհուրդով
թող լեցուին մեր կեանքերը
Տոքթ. Րաֆֆի Եւ Թամար
Չալեան Եւ զաւակները՝ Անի եւ Էմմա
Բժիշկներ Արմէն-Արա
Եւ Ժուլիանա Չալեան
Եւ Փոքրիկն Արա
Կը շնորհաւորեն բոլորին
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
ՄԱՇՏՈՑ ՔՈԼԵՃ
Լաւագոյն մաղթանքներով
կը շնորհաւորենք մեր
հայրենակիցներուն
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
Ի Յիշատակ Միրէյ Մկրտիչեանի
Ամուսինը՝ Ճոզէֆ
Մկրտիչեան եւ Դուստրերը
Massis Kabob family wishes Asbarez
and the Armenian Community a
Merry Christmas
& Happy New Year
Massis Kabob-ի Ընտանիքը
կը Շնորհաւորէ «Ասպարէզ»ին
եւ Հայ Համայնքին
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
Massis Kabob & Baghdassarian Family
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ
ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէութիւն,
Ս. Խաչ Մայր Տաճարի
Հոգեւոր Հովիւ ու Հոգաբարձութիւն,
Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարան,
ՀՕՄի «Նայիրի» Մասնաճիւղ,
ՀՕՄի «Անի» Մասնաճիւղ,
ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի Մասնաճիւղ,
ՀԵԴ «Վահան Գարտաշեան» Ուխտ,
ՀՅԴ «Վահան Գարտաշեան»
Պատանեկան Միութիւն
Նոր Տարին Թեւակոխե՛նք՝
Իրականացած Տեսնելով
Պահանջատէր Հայութեան
Անկատար Տենչերը