– Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ պատ մը կառուցելու ծրագիրին համար յաւելեալ 5 միլիառ տոլար պահանջելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին հետեւանքով, կառավարութեան գործունէութիւնը մասնակիօրէն կասեցուած մնաց 26 Դեկտեմբերին, 5րդ օրն ըլլալով։ Նոյն օրը, Թրամփ Իրաք այցելեց եւ հանդիպում մը ունեցաւ հոն հաստատուած ամերիկացի զինուորներուն հետ։
– Դեկտեմբերին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու ներգաղթի ծառայութեան կալանքին տակ գտնուող երկրորդ գաղթական երեխան մահացաւ 25 Դեկտեմբերին: 8ամեայ տղան Ամերիկա մուտք գործած էր Կուաթեմալայէն ժամանած գաղթականներու խումբին հետ: Նշենք, թէ Քանի մը շաբաթ առաջ մահացած էր եօթնամեայ պարմանուհի մը։
– Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը գրէ, որ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երգիծական ոճով արժեւորած է թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն ընթացիկ վիճակը, զայն կապելով նախագահ Էրտողանի հռետորաբանութեան փոփոխութեանց հետ։ «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ դրական որոշ յառաջխաղացք մը կայ։ Էրտողան արդէն ո՛չ թէ երկու օր անգամ մը, այլ վեց օր անգամ մը զիս Հիթլեր կ՛անուանէ», ըսաւ Նեթանիահու Իսրայէլի դեսպաններուն հետ հանդիպման ընթացքին։
– Անցեալ տարի, Միջերկրական ծովուն միջոցաւ Հիւսիսային Ափրիկէէն կամ Միջին Արեւելքէն ապօրինի ձեւով Եւրոպա հասնիլ փորձողներէն իւրաքանչիւր 42էն մէկը մահացած էր, իսկ այս տարի այդ համեմատութիւնը բարձրացած է 18էն մէկի։
– Մինչ այս տարուան առաջին 6 ամիսներուն Նիճերիոյ մէջ արածողներու եւ հողագործներու միջեւ բախումները մօտաւորապէս 1300 զոհ խլեցին, նոյն ժամակամիջոցին իսլամ ծայրայեղական «Պոքo Հարամ» կազմակերպութեան յարձակումներուն հետեւանքով սպաննուածներուն թիւը 217ն է։