ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սեզայի Թեմելլի անդրադարձաւ Սուրիայէն ամերիկացի զինուորները հեռացնելու որոշումին, զայն «մարտավարական քայլ» մը նկատելով եւ աւելցնելով, որ կուսակցութեան դիրքը այս հարցով յստակ է՝ «Սուրիա գտնուող բոլոր օտար ուժերը պէտք է հեռանան»։ Ան յստակացուց, որ Ամերիկայի կողքին, Թուրքիա եւ Ռուսիա եւս իրենց ուժերը պէտք է հեռացնեն Սուրիայէն, որպէսզի սուրիացիները իրենք սահմանեն իրենց ապագան եւ ճակատագիրը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.