ԵՐԵՒԱն.- Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան մասնակցեցաւ Ագարակ քաղաքին մէջ յանձնուած բնակարաններու բացման արարողութեան:
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: «20 զինծառայողներ ստացան ծառայողական բնակարաններ: Կը շնորհաւորենք բոլորը եւ կը մաղթենք, որ բոլոր զինծառայողները ունենան այսպիսի հնարաւորութիւն», գրած է Յովհաննիսեան: