ՊԸՐՊԵՆՔ.- Շաբաթ, 15 Դեկտեմբերին, Իրաքահայերու Ընտանեկան միութեան անդամները եւ անոր հովանիին տակ գործող շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները այցելեցին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին եւ անոր օրհնութիւնը ստացան:
Հանդիպումին ներկայ էին՝ Թեմական խորհուրդի ատենապետ, իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան, Թեմական խորհուրդի անդամներէն Վահէ Իսկէնտէրեան, Իրաքահայերու Ընտանեկան միութեան հիմնադիր եւ պատուոյ նախագահ Խաչիկ Ճանոյեան, ինչպէս նաեւ շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհին, ուսուցչական կազմը, միութեան անդամները, ծնողները եւ աշակերտ-աշակերտուհիներ:
Սրբազան հայրը իր բարի գալուստի խօսքին մէջ, նախ ողջունեց ներկաները, դրուատեց միութեան հայուղի առաքելութիւնը եւ կապուածութիւնը Հայ եկեղեցւոյ ու առաջնորդարանին:
«Եկեղեցին դուք էք, այստեղ հաւաքուածներս ենք, այս մանուկներն են, որոնք քով-քովի գալով՝ Աստուծոյ կամքը կը կատարեն, աղօթք կը սորվին եւ Ս. եւ անմահ պատարագին մասնակից կը դառնան», մատնանշեց առաջնորդը:
Խօսելով հայ գիրին ու մշակոյթին մասին, սրբազանը կարեւոր համարեց անոր այժմէականութիւնը եւ դերակատարութիւնը մեր կեանքէն ներս՝ նշելով. «Առանց հայ գիրին, հայ ոգիին ու մշակոյթին մենք կ՛օտարանանք, կը ձուլուինք եւ մեր հայութենէն ամբողջապէս կը պարպուինք: Մեր զաւակները հայերէն խօսելով, հայ մշակոյթին կառչելով՝ իրենց արմատներուն առաւել եւս կը փարին եւ հեռու կը մնան համաշխարհայնացումի վատ ազդեցութիւններէն»:
Ապա խօսք արտասանեց հիւր միութեան հիմնադիր Խաչիկ Ճանոյեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար: Ան խօսեցաւ միութեան գործունէութեան եւ անոր դիմաց ծառացած բազմաթիւ հարցերու մասին, որոնք անդամներու անմիջական աջակցութեամբ կը յաղթահարուին: Իր խօսքին աւարտին, Ճանոյեան սրբազան հօր առողջութիւն, ուժ ու կորով մաղթեց իր քրիստոսաուղի ճանապարհին մէջ:
Ներկայ փոքրիկները իրենց դիւթիչ ձայնով քանի մը երգերով հանդէս եկան եւ տարբեր երանգ պարգեւեցին այս հանդիպման, որմէ ետք բոլորուեցան սրբազանին շուրջ եւ միասնաբար աղօթեցին՝ աշխարհիս խաղաղութեան, եկեղեցւոյ անսասանութեան ու Մայր հայրենիքի բարգաւաճման համար:
Հանդիպման աւարտին Յովնան սրբազանը իր իսկ հեղինակած աղօթագիրքերէն օրինակներ նուիրեց իւրաքանչիւրին եւ մաղթեց, որ բացուող Նոր Տարին ըլլայ օրհնաբեր, նորանոր նուաճումներով եւ իրագործումներով լի տարի մը:
Ըստ երեւոյթին, այստե՛ղ ալ աշակերտներուն թիւը նահանջի մէջ է: Հետաքրքիր է իմանալ թէ քանի՞ ուսուգիչներ ունի 12 աշակերտ հաշուող այս շաբաթօրեայ վարժարանը: