ԼԻԶՊՈՆ.- Արձանագրութիւնները արդէն իսկ սկսած են 2019 «Զարմանազան»ին՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրին, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու շրջանը, 12 Յուլիսէն մինչեւ 7 Օգոստոս: Անիկա պիտի ունենայ միաժամանակ երեք բաղադրիչներ.
– 10էն 17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ստեղծագործական ծրագիր մը.
– 18էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ստեղծագործական յայտագիր մը.
– Խտացեալ համալսարանական ծրագիր մը, ուղղուած Սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն ու վաւերացուած Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնակին («Ինալքօ») կողմէ:
Պատանիները եւ երիտասարդները, իրենց տարիքին համաձայն, զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին: Ասոնց կարգին՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, երաժշտական եւ մարմնային արտայայտութեան զարգացում, թատերական խաղեր, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային եւ մարզական խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ:
Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ղեկավարութեամբ:
«Զարմանազան»ը բաց է Սփիւռքի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար: Տրամադրելի տեղերու թիւը սահմանափակ է:
Նկատի պէտք է ունենալ, որ երիտասարդներու խումբին մասնակցողները անհրաժեշտ է, որ գիտնան առնուազն միջին մակարդակով հայերէն:
Նաեւ, համալսարանական խտացեալ ծրագիրը, զոր պիտի վարեն մասնագէտ դասատուներ, 15 ուսուցիչ միայն կ՛ընդունի: Ծրագիրը կ՛առաջարկէ մանկավարժական այժմէական մօտեցումներու եւ առարկաներու վրայ հիմնուած դասախօսութիւններ եւ խմբային աշխատանքներ:
Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէ՛ք www.gulbenkian.pt/armenian-communities կայքէջը:
Արձանագրութիւնները պէտք է կատարուած ըլլան մինչեւ 19 Յունուար 2019, Կրինիչի ժամով ժամը 23ին:
Բոլոր արձանագրուողներուն հետ կապ պիտի հաստատուի 9 Փետրուար, 2019ին:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը 2017ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» մանկավարժական յայտագիրին՝ իբրեւ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրի մէկ բաժինը: Անիկա կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին համագործակցութեամբ: «Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի երիտասարդութեան եւ մարզանքներու նախարարութեան կողմէ:
Նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.zarmanazan.com կայքը կամ դիմել contact@zarmanazan.com հասցէին։
(Հաղորդագրութիւնը՝
հիմնարկութենէն)