Մ. Լ.
Վերջերս լոյս տեսաւ գաղութիս ծանօթ դէմքերէն, երկար տարիներ յանուն Հայ Դատի բեղուն պայքար մղած Արա Գրիգորեանի «Զինուորեալի Մը Օրագիրը» (Journal d’un militant) խորագրեալ հատորը, «Գիրք» հրատարակչատունէն: Այս առիթով Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէն կազմակերպած էին հեղինակին հետ հանդիպում մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբերին, Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տէմիրեան» սրահին մէջ:
Նախ ելոյթ ունեցաւ Սեդա Սէրէնկիւլեան եւ նշեց, թէ հեղինակը առաւել քան քառասուն տարիներ շարունակ գրի առած է իր յուշերը եւ այս առաջին հատորը կ՛ընդգրկէ 1971էն 1991 շրջանի հայ եւ մասնաւորաբար ֆրանսահայ իրականութեան դէպքերն ու դէմքերը: Ան ըսաւ, թէ Ա. Գրիգորեան զինուորեալի առանձնայատուկ ու որոշ առումով բացառիկ կեանք մը ապրած է եւ հակառակ իր դէմ ցցուած խոչընդոտներուն ու դժուարութիւններուն, Հայ Դատի սիրոյն անվհատ շարունակած է իր պայքարի երթը: Իր գաղափարական ընկերներուն նկատմամբ յարգալից վերաբերում ունեցած է, նոյնիսկ եթէ համաձայն չէ եղած անոնց բոլոր տեսակէտներուն: «Ես ալ իմ կարգիս իբրեւ զինուորեալ, անշուշտ ո՛չ Արայի մակարդակին, այս գիրքը կարդալով շատ բան յայտնաբերեցի եւ լուսաբանուեցայ», ըսաւ Ս. Սէրէնկիւլեան: Ապա արտայայտուեցան հեղինակին՝ սրահին մէջ ներկայ գտնուող մտերիմներէն եւ ընկերներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ Համազգայինի եւ Կապոյտ Խաչի ներկայացուցիչները, որոնք դրուատեցին կատարուած աշխատանքը եւ վկայեցին ու յիշատակներ պատմեցին ֆրանսահայ կեանքին մէջ արձանագրուած յատկանշական իրադարձութիւններուն մասին: Ելոյթ ունեցողները յատկապէս շեշտեցին յուշագրութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, թէ ինչպէս անցեալին Սիմոն Վրացեան կամ Ռուբէնը, Արա Գրիգորեան եւս, իր կարգին, մոռացութենէ կը փրկէ մեր ժողովուրդի պատմութենէն հատուած մը:
Հուսկ ելոյթ ունեցաւ հեղինակը եւ ըսաւ, թէ յաջորդ սերունդներուն իր փորձառութիւնը փոխանցելու նպատակով հրատարակած է այս հատորը: Ան իր հայրը չէ ճանչցած, իսկ մօրմէն ժառանգած է հայ լեզուի նկատմամբ իր արտակարգ սէրը: Որոշած է անպայման հայերէն սորվիլ, ինչ որ յետագայ տարիներուն իրեն շատ օգտակար եղած է, երբ ինք դասախօսութիւններու համար կը հրաւիրուէր տարբեր երկիրներու հայահոծ գաղութներ՝ Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Լիբանան, Պարսկաստան…։ 1958ին ան միացած է Նոր Սերունդի շարքերուն, իսկ 1965ին մասնակցած է Եւրոպայի Հայ Ուսանողական միութեան հիմնադրումին: Տարի մը ետք անդամագրուած է ՀՅԴին: Այս շրջանէն սկսեալ Հայ Դատի պաշտպանութեան յանձնախումբին (CDCA) ճամբով գործօն մասնակցութիւն բերած է յատկապէս 18 Յունիս 1987ին որդեգրուած Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն: Իսկ 1993էն 2001, Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետի հանգամանքով պայքարած է տխրահռչակ Պերնար Լուիսի ժխտողականութեան դէմ եւ այնուհետեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքը վաւերացնելու աշխատանքներուն մէջ:
Գրիգորեան բնականաբար անդրադարձաւ 1975ին ծայր առած Արդարադատութեան մարտիկներու գործողութիւններուն եւ ըսաւ, թէ Հայ Դատի յանձնախումբը հսկայական գործ կատարած է՝ ֆրանսական եւ միջազգային բարձրագոյն ատեաններուն մէջ բարձրաձայնելով տղոց արարքին արդարացի ըլլալը: Ան խօսեցաւ նաեւ ԱՍԱԼԱի կողմէ գործադրուած Օրլիի դէպքին մասին, որ մեծ վնաս հասցուց Հայ Դատին:
Բանախօսը իր ելոյթի աւարտին յատկապէս ընդգծեց, թէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ ժխտողականութեան օրէնքին վաւերացումը էական ըլլալով հանդերձ, այսօր մեր առաջնահերթութիւնները չեն: Ներկայիս մեր հայեացքները սեւեռած պէտք է պահենք Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի վրայ: «Մեզի համար նոյնքան առաջնահերթ են նաեւ հայերէնի զարգացումը եւ հայ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը», նշեց ան:
Ներկաներուն հետ սրտբաց զրոյցէն ետք, Ա. Գրիգորեան մակագրեց տեղւոյն վրայ վաճառուած հատորները: