ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան, այցելեց թիւ 1 տուն-ծերանոցը՝ շնորհաւորելու այնտեղ բնակող տարէցներուն Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Աննա Յակոբեան յայտնեց, որ տուն-ծերանոցի ընտրութիւնը եղած է պատահականութեան սկզբունքով: «Եթէ կարենայի բոլորին այցելել, շատ լաւ պիտի ըլլար: Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը տարուան այն ժամանակն է, երբ պէտք է մեր շուրջը նայինք եւ մեր ուշադրութեան կարիքը ունեցողները փորձենք ուրախացնել, որպէսզի տարին ուրախ աւարտի» ըսաւ ան:
Ըստ Աննա Յակոբեանի՝ իրենք տուն-ծերանոցի բնակիչներուն տարին տեղական արտադրութեան նուէրներ: «Տեղական արտադրողները արձագանգեցին մեր առաջարկին: Նուէրները տատիկ-պապիկներուն համար նախատեսուած յարմար հագուստներ են՝ գուլպաներ, ժաքէթներ եւ այլն», յայտնեց Յակոբեան:
Աննա Յակոբեան սեղանին շուրջ հաւաքուած տարէցներուն հետ զրուցեց եւ պատասխանեց անոնց հարցերուն, ապա երգ ու պարով նշեցին ուրախ օրը:
Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարի տեղակալ Զարուհի Պաթոյեան, իր կարգին, տարէցներուն մաղթեց առողջութիւն, որ անոնք ապրին արժանապատիւ ծերութիւն եւ ունենան բոլոր այն ծառայութիւնները, որոնց կարիքը ունին այս կեանքը ապրելու համար: «Ես կը մաղթեմ, որ դուք ապրիք այնպիսի մթնոլորտի մէջ, ուր միշտ ջերմութիւն կայ: Մեր յառաջիկայ ծրագիրները նպատակ պիտի ունենան ստեղծել յատկապէս այնպիսի ծառայութիւններ, որոնք թոյլ պիտի տան մարդոց կարենալ ապրելու իրենց համայնքին մէջ եւ կապը պահպանելու իրենց ընտանիքներուն հետ», յայտնեց Զարուհի Պաթոյեան: