Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կը նախատեսուի ստորագրել «Հայաստանի մէջ «ԵՄն նորարարութեան համար» նախաձեռնութիւն. կրթութեան բարելաւում՝ յատկապէս գիտութեան, ճարտարարուեստի, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան ոլորտներուն մէջ» ֆինանսաւորման համաձայնագիրը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է նախագիծին համաձայնագիրի ստորագրման:
Ըստ հիմնաւորման՝ համաձայնագիրին նպատակն է՝ վերացնել աշխատաշուկայի կարիքներուն եւ երկրի կրթական համակարգի արդիւնքներուն միջեւ վիհը, կրթական համակարգին մէջ ներդնել կրթական ճարտարագիտութիւններ եւ դասաւանդման ժամանակակից մօտեցումներ եւ շարունակել զարգացնել մարդկային դրամագլուխը:
Համաձայնագիրով նախատեսուած է ԹՈՒՄՕի հետ համագործակցութեամբ՝ տրամադրել աջակցութիւն «ԵՄն նորարարութեան համար. ԹՈՒՄՕ կեդրոն»ի ստեղծման, որ ԳՃՃՄ (գիտութիւն, ճարտարարուեստ, ճարտարագիտութիւն, մաթեմաթիք) ոլորտի ուսանողներուն իրենց մասնագիտական ոլորտին վերաբերեալ գործնական փորձառութիւն ձեռք բերելու համար հարթակ պիտի տրամադրէ: Ծրագիրը նաեւ պիտի աջակցի մարզերուն մէջ ԳՃՃՄ առարկաներու դասաւանդման եւ ուսուցման գործընթացներու ամրապնդման:
Համաձայնագիրով նախատեսուող ծրագիրը պիտի ֆինանսաւորուի ԵՄի պիւտճէէն՝ Եւրոպական հարեւանութեան մեքենակառոյցի ծիրին մէջ: Ծրագիրը պիտի արժէ 26.125 միլիոն եուրօ:
Կ՛ակնկալուի, որ համաձայնագիրին իրականացումը պիտի նպաստէ Հայաստանի զարգացման՝ կրթական համակարգի տարբեր մակարդակներու վրայ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ԳՃՃՄ կրթութեան որակին: