ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ՝ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅ Դաշնակցութեան «Քրիստափոր» կոմիտէութեան, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին եւ Պըրքլիի համալսարանի Հայագիտական ամպիոնին, Համշէնի նուիրուիած ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 30 Նոյեմբերի երեկոյան, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտականի տնօրէն դոկտ. Ստեփան Աստուրեան. ան հանգամանօրէն ներկայացնելով օրուան բանախօսը՝ Լուսինէ Սահակեանը, ըսաւ. «Լուսինէ Սահակեան Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Արեւելագիտութեան կաճառի թրքագիտութեան ամպիոնի դոցենտ է, ինչպէս նաեւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի թեկնածու։ 2008էն ի վեր ան ԵՊՀի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի Հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժինի ղեկավարն է: Ան կը դասաւանդէ ժամանակակից թրքերէն, թրքերէնի տեսական քերականութիւն եւ թրքական գրականութեան վերաբերող առարկաներ: Սահակեան ունի շարք մը գիտական հրապարակումներ եւ հեղինակն է կարգ մը մենագրութիւններու, ինչպէս՝ «Բարձր Հայքի Բաբերդ»ը, «Սպեր»ը, «Դերջան Գաւառի Տեղանուններն Ու Ժողովրդագրութիւնը», «Համշէնը Հայկական Ձեռագրերում», «Համշէնի Մանրատեղանունները», հայերէնով, ռուսերէնով եւ թուրքերէնով: Սահակեան հեղինակն է նաեւ «Համշէնը Անցեալի Ու Ներկայի Խաչմերուկներում» գիտահանրամատչելի վաւերագրական ֆիլմին, որ 2012ին, Հոլիվուտի «Արփա» միջազգային ֆիլմերու փառատօնին արժանացած է Արմին Վեկների անուան մարդասիրական գլխաւոր մրցանակին»:
Ապա, Լուսինէ Սահակեան ներկայացուց իր վերջին տարիներու գիտական հետազօտութիւններու արդիւնքները, լուսաբանելով Օսմանեան կայսրութեան վարած ցեղային քաղաքականութեան փուլերը, մեթոտները եւ նպատակները: Ան մասնաւորապէս ներկայացուց, թէ 18րդ դարուն օսմանեան իշխանութիւնները ինչպէ՛ս բռնի կերպով իսլամացուցած են համշէնահայերը: Լ. Սահակեան պատմական փաստերու հիման վրայ մեկնաբանեց այդ քաղաքականութեան՝ քաղաքական ու տնտեսական նպատակները: Ան նաեւ անդրադարձաւ իսլամացուած համշէնցիներու ներկայ սերունդներու լեզուական վիճակին, ժողովրդագրութեան եւ ինքնութեան ընկալումներուն: Այնուհետեւ ան խօսեցաւ իր նոր մենագրութեան՝ «Համշէնը Հայկական Ձեռագրերում»ին մասին, որուն մէջ առաջին անգամ պատմաբանասիրական քննութեան ենթարկուած է Համշէնի մէջ պատրաստուած ձեռագիր յիշատակարանները: Համշէնցի գրիչները այս աղբիւրներով մեզի փոխանցած են բացառիկ տեղեկութիւններ, որոնք, հեղինակին կարծիքով, կրնան լոյս սփռել Համշէն գաւառի պատմութեան մութ մնացած դրուագներուն վրայ:
Դասախօսութենէն ետք, ներկաները դիտեցին նաեւ Լուսինէ Սահակեանի հեղինակած՝ «Համշէնը Անցեալի Ու Ներկայի Խաչմերուկներում» վաւերագրական ֆիլմը։ Ֆիլմին մրցանակի տուուչութեան ընթացքին, «Արփա» փառատօնին պատասխանատուները դրուատած էին Սահակեանը՝ «ճշմարտութիւնը տեսնելու եւ զայն փոխանցելու քաջութեան համար»։ Ֆիլմին հեղինակը 2010, 2011, եւ 2013 թուականներուն, Ռիզէի նահանգի Համշէն, Չամլհէմշին, Փազար, Չայէլի գաւառներուն, ինչպէս նաեւ Արդուին նահանգի Խոփա քաղաքին մէջ եւ համշէնեան գիւղերու մէջ իրականացուցած է դաշտային հետազօտութիւններ եւ միաժամանակ կատարած նկարահանումներ:
Ֆիլմը բաղկացած է երկու մասերէ, առաջին բաժինը կը սկսի Համշէն գաւառի համառօտ պատմական ակնարկով։ Կը ներկայացուի Արդուինի համշէնցիներու կենցաղը, ժողովրդական հաւատալիքները, երգն ու պարը, խոհանոցը, լեզուական վիճակն ու ինքնութեան ընկալումները: Ֆիլմին այս հատուածին մէջ տեղ գտած են հետաքրքրաշարժ բացառիկ տեսարաններ։ Անկէ կը տեղեկանանք, որ Խոփայի համշէնցիները տակաւին կը խօսին համշէնահայերէնի բարբառի տեղական տարբերակով եւ թէ այդ բարբառը այսօր ալ կենսունակ է եւ նոյնիսկ անոր հետ կը ստեղծագործեն տեղացի մտաւորականները:
Երկրորդ մասը մեզ տեղափոխեց բուն Համշէնի տարածքները. նկարահանումները իրականացուած են Թուրքիոյ Ռիզէի նահանգի կազմին մէջ գտնուող համշէնցիներու բնակավայրերուն մէջ: Այս հատուածը կը լուսաբանէ ժամանակի ընթացքին թրքախօս դարձած համշէնցիները, որոնք սակայն իրենց լեզուին մէջ պահպանած են բազմաթիւ հայերէն բառեր, տեղանուններ ու անձնանուններ։ Անոնք հիմնականին մէջ կը զբաղին թէյի մշակումով եւ արօտագործութեամբ: Համշէնցիներու այս հատուածը թէեւ մնացած է իր պատմական բնօրրանին մէջ, անոնց մօտ աւելի խոր է թրքացման երեւոյթները: Անոնց մէջ կարելի է տեսնել նաեւ մոլեռանդ իսլամականներ, նոյնիսկ ազգայնամոլ շրջանակներու եւ կուսակցութիւններու անդամակցող եւ յարող համշէնցիներ։ Կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք իրենք զիրենք թուրք կը համարեն, հերքելով իրենց հայկական արմատները:
Սահակեան յաջողած է բարձրանալ Համշէնի Խաչեքարի գոգահովիտները սփռուած բարձրաբերձ գիւղերն ու արօտավայրերը: Ան կ՛ըսէ, թէ յուզիչ է յատկապէս Չամլըհէմշին գաւառին մէջ գտնուող Եղնովիտ գիւղի պատմութիւնը։ Այս բնակավայրը ժամանակին եղած է գրչութեան կեդրոն, նաեւ այստեղ ամփոփուած են Վարդանանց նշխարները, բայց ցաւօք, այսօր Եղնովիտի Խաչեքարի վանքէն մնացած են միայն ցիրուցան քարեր:
Հեղինակը նաեւ հասած է Համշէնի ամենաբարձր լեռնագագաթի վերին լանջը եւ կատարած բացառիկ նկարահանումներ: Ֆիլմին կ՛ընկերանան նաեւ համշէնական մեղեդիներ ու երգեր:
Այդ երեկոյ, ներկաները բոլորովին տեղափոխուած էին հայոց Համշէն գաւառը: Իր այս մէկ ժամ 10 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող ֆիլմին մէջ Լուսինէ Սահակեան կրցած էր ներկայացնել իսլամացուած համշէնցիներու ներկայ սերունդներու կեանքի մտորումները, կենցաղը, երգն ու պարը:
Տեղեկացանք նաեւ, թէ թրքագէտը շուտով աւարտելու վրայ է իր նոր ֆիլմը, որ նուիրուած է այս անգամ Սեւ ծովու հիւսիսային ափերուն սփռուած քրիստոնեայ համշէնահայերու պատմութեան, կենցաղին եւ մշակոյթին: