ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Գանատայի պետական «Սի. Պի.Էս.» լրատուական կայքը Թուրքիոյ եւ Գանատայի մէջ պաշտօնապէս ահաբեկչական խմբաւորում ճանաչուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կին զինեալներուն նուիրուած ցուցահանդէսի մը մասին լուրը հրապարակած էր, իրարանցում յառաջացնելով Թուրքիոյ մէջ:
Աղբիւրը անդրադարձած էր քիւրտ լուսանկարիչ եւ բեմադրիչ Զայնէ Աքէօլի ցուցահանդէսին, որ քրտական կուսակցութիւնը կը նկարագրէ՝ իբրեւ «Թուրքիոյ արեւելքը անկախ քրտական պետութիւն ստեղծելու նպատակով պայքարող ապստամբներու անօրինական խումբ»:
Օթթաուայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Սելճուք Ունալ քննադատեց ցուցահանդէսը եւ յիշեցուց, որ Աքէօլ նախապէս այլ վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստած էր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան մասին, նոյն ժամանակ պնդելով, որ ան դարձած է «ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութեան գործիք»ը։ Ունալ աւելուց, թէ ցուցահանդէսին եւ անոր մասին գրուած յօդուածին դէմ Թուրքիոյ դեսպանատունը «համապատասխան միջոցներ»ու պիտի ձեռնարկէ:
Մոնթրէալի «Էսթաս Մայ Էնտ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցող ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 25 Փետրուար։