ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ արդի արհեստագիտութեան զարգացման կարեւորութեան նուիրուած քննարկում մը, առաջնորդութեամբ «SmartGateVC» հիմնարկի համահիմնադիր Աշոտ Արզումանեանի։
Քննարկումին մուտքը ազատ է, սակայն սահմանափակ տեղերու պատճառով, կը խնդրուի կանխաւ տեղեր ապահովել՝ դիմելով events@aesa.org հասցէին: Իրանահայ միութեան կեդրոնի հասցէն է՝ 117 S. Louise Street, Glendale, CA 91205: