ՄԱԿ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ճաաֆարի յայտարարեց, թէ Թուրքիա չի կատարեր Սոչիի ժողովին ընթացքին իր ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ շեշտեց, որ եթէ Թուրքիա իսկապէս կ՛ուզէ օգնել Սուրիոյ, պէտք է անյապաղ իր զօրքերը դուրս բերէ երկրի տարածքէն:
«Նախ եւ առաջ պէտք է դուրս բերուի թրքական զօրքը, որ անօրինական կերպով մուտք գործած է Սուրիոյ տարածք», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ եթէ Թուրքիա իր զօրքը ինքնակամ կերպով չհեռացնէ, եւ հարցը դիւանագիտական ճամբով չլուծուի, Սուրիան պիտի չվարանի «այլ միջոցներ» կիրարկելու:
Ճաաֆարի նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանին կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի իր ուժերը հեռացնէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններէն: