ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի Զբօսավայրերու, ժամանցի եւ համայնքային սպասարկութիւններու յանձնաժողովը իր Նոյեմբեր 19ի նիստին ընթացքին ատենապետ նշանակեց Էլէն Ասատրեանը, որ Յուլիս 2015էն ի վեր անդամ է այդ յանձնաժողովին։
Ասատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնաժողովի անդամներուն, որ այդ պաշտօնը վստահած են իրեն, խոստանալով այդ պաշտօնին միջոցաւ շարունակել քաղաքի բնակիչներուն որակը բարելաւելու իր աշխատանքները։
Նշենք, որ յանձնաժողովի այս տարուան 1 Սեպտեմբերի նիստին ընթացքին, Ասատրեան առաջադրած էր Կլենտէյլ քաղաքի զբօսավայրերուն փոխուելիք սարքաւորումները տրամադրել Հայաստանի կարիքաւոր քաղաքներուն եւ 19 Նոյեմբերի նիստին ընթացքին քաղաքին զբօսավայրերու բաժանմունքի վարիչ Օննիկ Պուլանիկեան յայտնած էր, թէ արդէն իսկ կը քննուի «Մէյփըլ» զբօսավայրին սարքաւորումները նուիրելու կարելիութիւնը։
Էլէն Ասատրեան հիմնադիրն ու գլխաւոր խորհրդականն է «Սթարք» խմբակին, որ քաղաքական խորհրդակցութիւններ տրամադրող եւ հանրային յարաբերութիւններ մշակող հաստատութիւն մըն է: Ան մասնակցած է Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան վերաբերող շարք մը քաղաքական ընտրապայքարներու եւ ժողովրդային արշաւներու, տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակներու վրայ: Ան անդամակցած է եւ կը շարունակէ անդամակցիլ համայնքային շարք մը կազմակերպութեանց, ներառեալ՝ Հայ Դատի յանձնախումբին, ու եղած է նաեւ Կլենտէյլի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչը: Ան շրջանաւարտ է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, ուր մասնագիտացած է քաղաքական գիտութեանց եւ միջազգային յարաբերութեանց ոլորտներուն մէջ։