ԵՐԵՒԱՆ.- Իրանի դէմ սահմանուած ամերիկեան պատժամիջոցներով շատ-շատեր շփոթի մատնուած են: Միշտ կը սաւառնի կասկածը, թէ արդեօք տուեալ գործարք մը կը հակասէ՞ Միացեալ Նահանգներու կողմէ պարտադրուած պայմաններուն:
Սոյն երեւոյթը առաւել նշմարելի է, բնականաբար, Իրանի դրացի պետութիւններուն կամ շրջանի երկիրներուն, ինչպէս՝ Հայաստանի պարագային:
Այսպէս, կը տարածուի սխալ եւ ճիշդ տեղեկութիւններ, որոնցմէ մէկն ալ կը վերաբերի հայաստանեան դրամատուներու կողմէ իրանցի յաճախորդներ սպասարկելու մերժումին:
Այս մասին յստակացում բերելու համար, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը յայտարարութիւն մը կատարեց՝ ըսելով, թէ հայաստանեան դրամատուներուն որեւէ յանձնարարականով կամ իրաւական յատուկ քայլով չէ արգիլած Իրանի քաղաքացիներուն կամ Իրանէն այլ անձերու սպասարկումը:
«Հնարաւոր է, որ բանկերը, հաշուի առնելով գործընկեր արտասահմանեան բանկերի կողմից յաճախորդների որոշակի խմբերի եւ/կամ առաջարկուող գործարքների մասով կիրառուող սահմանափակումները, ձեռնպահ մնան այդպիսի յաճախորդների սպասարկումից, որոնց թւում՝ ի թիւս այլոց, կարող են լինել նաեւ Իրանի քաղաքացիներ եւ/կամ Իրանից անձինք: Ընդ որում՝ նման մօտեցումը նոր չէ եւ կիրառուել է նախկինում եւս, տարիներ առաջ գործող պատժամիջոցների ժամանակ: Ստեղծուած աժիոտաժը (խառնաշփոթը-Խմբ.) բնական չէ եւ հետապնդում է որոշակի խմբի կամ խմբերի մասնաւոր շահերը», նշուած է Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան յայտարարութեան մէջ: