Պաշտօնական այցելութեամբ Գերմանիա մեկնած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Պերլինի մէջ, Երեքշաբթի, 27 Նոյեմբերին մասնակցեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային համաժողովին կողմէ կազմակերպուած քննարկումին:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ քննարկումին ներկայ եղան համաժողովի նախագահ Վոլֆկանկ Իշինկեր, Գերմանիոյ արտաքին քաղաքական եւ պաշտպանական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգային ժողովի եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ, անվտանգութեան հարցերու յայտնի փորձագէտներ եւ հետազօտական կեդրոններու ղեկավարներ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկումներ եղան համաշխարհային անվտանգութեան, աշխարհի մէջ տեղի ունեցող սրընթաց փոփոխութիւններու, մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու եւ զանոնք դիմակայելու հնարաւորութիւններու շուրջ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Հայաստանը բաց է համագործակցութեան համար եւ պատրաստ է դառնալու զանազան քննարկումներու հարթակ: