ԵՐԵՒԱՆ.- 13 Նոյեմբերին ստորագրուեցաւ Երեւան քաղաքի տարածքին 250 մեկաուաթթ հզօրութեամբ կազային վառելիքով ելեկտրակայան կառուցելու վերաբերեալ «Փոփոխուած եւ վերաշարադրուած շրջանակային համաձայնագիր»ը եւ «Փոփոխուած եւ վերաշարադրուած շրջանակային համաձայնագիր»ին յաւելեալ համաձայնագիրը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Համաձայնագիրները ստորագրած են Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքները եւ բնական պաշարներու նախարարի պաշտօնակատար Գարեգին Բաղրամեան, «Ռենքօ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ճովաննի Ռուփինի եւ «Արմփաուըր» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Քրիսթիան Քուքուրաքի: Ստորագրման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի փոխվարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Աւինեան:
250 միլիոն տոլար արժողութեամբ այս ներդրումային ծրագիրին մէջ ներգրաւուած են իտալական «Ռենքօ», իտալական պետական «Սիմեսթ» եւ գերմանական «Սիմենզ» ընկերութիւնները: Ջերմաելեկտրակայանը պիտի կառուցուի 26 ամսուան ընթացքին, եւ այլ ջերմաելեկտրակայաններու հետ համեմատած՝ ուժանիւթի արժէքը պիտի ըլլայ ամէնէն ցածը՝ 27.4 դրամ 1 քիլոուաթթ-ժամի համար: Նոր ՋԷկի շինարարութեան աշխատանքին մէջ պիտի գործեն 1000-1200 անձեր, շահագործման ժամանակ պիտի ստեղծուի 230 աշխատատեղ: Կայանի կառուցումը կը նախատեսուի սկսիլ ֆինանսական ամփոփումէն ետք: