ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան Պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան կողմէ բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմինէն ստացուած տեղեկատուութեան հիման վրայ իրականացած ուսումնասիրութեամբ պարզուած է, որ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան պաշտօնատար անձեր իրենց պաշտօններու դիրքերը ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործելով, 1 Ապրիլ 2009ին Հայաստանի Հանրապետութեան անունով ՓԲ ընկերութեան հետ կնքած են հանքարդիւնաբերման արտօնագիրի պայմանագիր:
Նշուած ընկերութեան հանքավայրի շահագործման իրաւունքը դադարեցուած է՝ «ընդերքօգտագործման պայմանագրային պարտաւորութիւններ»ը եւ Հայաստանի օրէնսդրութեան պահանջները խախտելու պատճառաբանութեամբ:
Նոյն նախարարութեան պատասխանատու պաշտօնատար անձեր, չարաշահելով իրենց պաշտօնը՝ 23 Նոյեմբեր 2012ին, նոյն հանքավայրի օգտակար հանածոներու արդիւնահանման իրաւունքը տրամադրած են այլ ընկերութեան մը: Նոյն օրը, վերջինիս տրամադրուած է նաեւ օգտակար հանածոներու արդիւնահանման թոյլտուութիւն, իսկ 12 Դեկտեմբեր 2012ին՝ լեռնայատկացման որոշում, որ էական վնաս պատճառած է պետութեան օրինական շահերուն եւ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ:
Նշուած ընկերութեան մէջ իրականացուած ստուգումները փաստած են, որ ընկերութեան կողմէ առանց սահմանուած կարգի պետական փորձաքննութիւններու ենթարկուած նախագիծի, ընդերքի օգտագործման եւ պահպանութեան կանոններու խախտումով Դեկտեմբեր 2017ին նշուած հանքավայրին մէջ իրականացած է 1.330 թոն հանքաքարի արդիւնահանում, որուն մետաղներու քանակը կը կազմէ շուրջ 218 միլիոն դրամի՝ 11.31 քիլոկրամ ոսկի, շուրջ 19 միլիոն դրամի՝ 84.5 քիլոկրամ արծաթ եւ շուրջ 15 միլիոն դրամի՝ 5.25 թոն պղինձ: Արդիւնահանուած հանքաքարը չէ արտացոլուած ընկերութեան կողմէ լիազօր մարմին ներկայացուած հաշուետուութիւններուն մէջ՝ էական վնաս պատճառելով ընդերքին:
Նկատի ունենալով, որ արձանագրուած խախտումները առերեւոյթ կը պարունակեն յանցագործութեան յատկանիշներ, Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութիւնը յարուցած է քրէական գործ: