ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- 8 Նոյեմբերին, փրկագինով եւ Լոնտոնէն չհեռանալու պայմանով ազատ արձակուեցաւ Ատրպէյճանի միջազգային դրամատան նախկին տնօրէնին կինը՝ Զամիրա Հաճիեւա, որ անցեալ շաբաթ Բրիտանիոյ մէջ ձերբակալուած էր զեղծարարութեանց ամբաստանութիւններով։ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները անցեալ ամիս զեղծարարութեանց դէմ պայքարելու համար երկրին մէջ ի զօրու դարձած նոր օրէնքին առաջին թիրախը դարձուցած էին Հաճիեւան:
Իշխանութեանց համաձայն՝ Անգլիա հաստատուած ենթական վերջին տասնամեակին մօտաւորապէս 21 միլիոն տոլար ծախսած է բրիտանական «Հերըտզ» վաճառատան մէջ եւ այժմ անկէ բացատրութիւն կը պահանջուի, թէ ուրկէ ստացած է նման հսկայական գումարներ: Հաճիեւա կ՛ապրի ամոլին գնած Լոնտոնի սուղ շրջաններէն եւ մօտաւորապէս 20 միլիոն տոլար արժող բնակարանի մը մէջ եւ շարք մը այլ զեխ գնումներ կատարած է։ Հաճիեւայի ամուսինը՝ Ճահանկիրը, 2016ին 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր, երբ ատրպէյճանական իշխանութիւնները բացայայտած էին, թէ անոր պաշտօնավարութեան տարիներուն տասնեակ միլիոնաւոր տոլարի գումարներ անհետացած են վերոյիշեալ դրամատունէն: Հաճիեւա կը հետապնդուի նաեւ Պաքուի կողմէ։ Ան ձերբակալուած էր, երբ Բրիտանիոյ իշխանութեան չէր կրցած փաստել իր հարստութեան օրինականութիւնը: