Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Լոնտոնի «Արսենալ» խումբի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան մասնակցեցաւ ՀԲԸՄի Լոնտոնի մասնաճիւղի կազմակերպած բարեգործական ընթրիքին՝ իր մօր Մարինա Թաշճեանի, քրոջ՝ Մոնիքա Մխիթարեանի եւ գործարար Միքայէլ Վարդանեանի դստեր՝ Պեթի Վարդանեանի ընկերակցութեամբ:
Երեկոյթին ընթացքին մրցանակ մը յանձնուած է Մխիթարեանին:
Ընթրիքին ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի ֆութպոլի հաւաքականի նախկին անդամ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Եուրի Ճորքայէֆ: