ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Արսէն Թորոսեան Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբերին ընդունեց Prime Healthcare ընկերութեան նախագահ, ամերիկահայ բարերար Մայք Սարեանը:
Նախօրէին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր Սարեանի առաջարկած շարք մը գաղափարները եւ համատեղ ծրագիրներ առաւել առարկայօրէն քննարկելու առողջապահական գերատեսչութեան հետ:
«Առողջապահութեան ոլորտին մէջ յեղափոխութիւն իրականացնելու գործին մէջ ձեր կողքին ենք», յայտնեց Սարեան՝ Թորոսեանին առաջարկելով իր աջակցութիւնը՝ ամերիկեան առողջապահական համակարգին մէջ կիրառուող բժշկական չափորոշիչները Հայաստանի մէջ ներդրելու եւ անոնցմով առաջնորդուելու հարցին գծով: Այդ չափորոշիչները կը վերաբերին թէ՛ առողջապահական հաստատութիւններու շէնքի պայմաններուն, թէ՛ բուժման ընդհանուր գործընթացներուն:
Ամերիկահայ բարերարը հետաքրքրուեցաւ նաեւ ամերիկեան արտադրութեամբ բժշկական նշանակութեան ապրանքներ, դեղեր բերելու, Հայաստանի մէջ փաթեթաւորելու, վերավաճառելու ու արտահանելու հարցով:
«Ինծի համար երազ է՝ Հայաստաի մէջ հիմնել լաւագոյն չափորոշիչներուն համապատասխան, առաջատար՝ գիտելիքներու վրայ հիմնուած բժշկական կեդրոն մը՝ այսպիսով նպաստելով նաեւ առողջապահական զբօսաշրջութեան զարգացման», ըսաւ Սարեան՝ վստահեցնելով, որ պատրաստ է իր նպաստը բերելու համակարգի զարգացման եւ այս գաղափարին:
Սարեան հետաքրքրուած է նաեւ այս Սեպտեմբերին Հայաստանին իր նուիրած մեծաքանակ բժշկական եւ օժանդակ սարքաւորումներու բաշխման գործընթացով:
Հայաստանեան առողջապահական համակարգին շարունակական աջակցութեան, ինչպէս նաեւ կառավարման գործին նշանակալի աւանդին համար նախարարի պաշտօնակատարը Մայք Սարեանը պարգեւատրեց նախարարութեան յուշամետալով:
Նշենք, որ քանի մը օր առաջ՝ 26 Հոկտեմբերին, Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանը հիւրընկալած էր Մայք Սարեանը: Նկատի ունենալով Սարեանի մեծ ներդրումը բժշկագիտութեան զարգացման գործին մէջ, Գիտական խորհուրդին առաջարկով, Սարեան համալրեց ԵՊԲՀի պատուաւոր դոկտորներու շարքը:
Սարեան խոստովանեցաւ, որ հպարտ է իրեն շնորհուած այս կոչման համար: