ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան հարկային ծառայութիւնը հրապարակած է 2018ի 9 ամիսներուն արդիւնքներով առաջին 300 հարկ վճարողներու ցանկը:
Ըստ ծառայութեան՝ Հանրապետութեան 300 մեծ հարկատուները այս տարուան Յունուարէն Սեպտեմբեր պետական պիւտճէին վճարած են 30 միլիառ 609.6 միլիոն դրամ հարկեր, տուրքեր եւ պարտադիր այլ վճարներ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին 17 միլիառ 518.9 միլիոն դրամին դիմաց:
Հրապարակուած ցանկին առաջին տեղը կը գրաւէ «Բէյզ Մեթըլս» ընկերութիւնը, որ 2018ի 9 ամիսներուն արդիւնքներով, պիւտճէին վճարած է շուրջ 15 միլիառ 239.5 միլիոն դրամ հարկեր, տուրքեր եւ պարտադիր այլ վճարներ: Երկրորդ եւ երրորդ տեղերը կը գրաւեն «Ղարաբաղ Տելեկոմ» եւ «Արցախէներգօ» ընկերութիւնները: