
ՊԸՐՔԼԻ, Քալիֆորնիա.- Հայաստանի մէջ մարդասիրական գործունէութիւն մշակող «Փարոս» կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 2019ի 23 Յունիսէն Յուլիս 23ի միջեւ, Միացեալ Նահանգներու տարածքէն երիտասարդներ անգամ մը եւս առիթը պիտի ունենան գործնականապէս իրենց ներդրումը ունենալու Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման կազմակերպութեան գործին:
Այս տարուան արշաւին մասնակցած հայորդիներ, իրենց ներդրումները բերին շարք մը ծրագիրներու մէջ, ներառեալ՝ Զօրական գիւղի դպրոցի եւ Քանաքեռաւանի արուեստի վարժարանին մէջ նորոգութիւններ եւ դպրոցական պայուսակներու բաշխում ու նորոգութիւններ կատարելու Գիւմրիի «Դէպի Առաջ» երեխաներու կեդրոնին մէջ։
Գիւմրիի մէջ, ամառնային այս առաքելութեան քանի մը անգամ մասնակցած Տասթըն Հոչմութ նաեւ նախաձեռնած էր ուտեստեղէնի հաւաքի, որուն շնորհիւ կարելի եղած էր 100 կարիքաւոր ընտանիքներու կենսական ուտեստեղէն եւ այլ պիտոյքներ տրամադրել։
2013էն ի վեր գործող այս ծրագիրին մասնակցողները նաեւ առիթը ունեցան այցելելու Երեւանի, Խարբերդի եւ Վանաձորի մէջ գտնուող 4 մանկատուներ եւ յատուկ կարիքներով երախաներու կեդրոններ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի պատմական, կրօնական, մշակութային եւ տեսարժան վայրեր:
Դիմումնագիրներ ներկայացնելու ժամկէտը Ապրիլ 1, 2019ն է:
Մասնակցութեան մանրամասնութեանց համար, դիմել Փիթըր Ապաճեանին՝ (310) 400-9061 թիւով կամ
peter@parosfoundation.org հասցէով:
Դիմումնագիրներուն եւ կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.parosfoundation.org կայքը:
