13 Հոկտեմբերին, Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան մեկնեցաւ Պուլկարիոյ Պուրկաս քաղաքը՝ հանդիսապետելու տեղւոյն Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ կից գտնուող թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Թանգարանը բացուեցաւ եկեղեցւոյ կից 2005ին կառուցուած երիցատան սրահներէն մէկուն մէջ, Պուրկասի հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Միքայէլեանի ջանքերով եւ Մարգարետա Մելքոնեանի բարերարութեամբ՝ ի յիշատակ իր ամուսնոյն եւ որդւոյն: Ռումանիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն կը յայտնեն, թէ թանգարանը անուանակոչուեցաւ Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ Հայոց թեմերու լուսահոգի առաջնորդ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն վեհափառի անունով, եւ յատկանշական է, որ այս իրադարձութիւնը տեղի ունեցաւ 2018ին, երբ կը նշուի վեհափառի ծննդեան 110ամեակը:
Թանգարանը ունի բաւական հարուստ նմոյշներ՝ հնատիպ գիրքեր, պատարագամատոյցներ, Աւետարաններ, խաչեր, թագեր, եկեղեցական զգեստներ, սպասներ եւ այլն, որոնցմէ կրնանք առանձնացնել 1686ին Վենետիկի մէջ հրատարակուած Աւետարանը, 1686ին Վենետիկի մէջ հրատարակուած երկու Ճաշոցները, 1757ի շուրջառը եւ այլն: Յատկանշական էր, որ բացման արարողութենէն անմիջապէս ետք տեղւոյն հայերէն մէկը թանգարանին նուիրեց Պալքանեան առաջին պատերազմին, Անդրանիկի ջոկատին մէջ կռուած իր մեծմօր թուրը, որ այսուհետեւ պիտի համալրէ թանգարանի ցուցադրուող նմուշներու շարքերը:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Պօղոս քհնյ. Միքայէլեան, Փլովտիւի հոգեւոր հովիւ Հրաչ քհնյ. Մուրատեան, պուլկարա-հայկական կապերու պատասխանատու, Պուլկարիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Նիկոլա Տիշեւ, Պուրկասի քաղաքապետը, փոխքաղաքապետ հայազգի Լորիս Մանաելեան, մարզպետի տեղակալը, ներկայացուցիչներ զանազան ծուխերէ ու համայնքներէ, Թեմական խորհուրդի անդամներ, հայեր եւ պուլկարացիներ՝ շուրջ 100 հոգի:
Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն եւ կարմիր ժապաւէնի հատումէն ետք կատարուեցաւ տնօրհնէք: Սրբազանը ներկաներուն փոխանցեց վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը եւ պատգամը։