ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ եթէ Միացեալ Նահանգները միջին հասողութեամբ հրթիռներ տեղակայէ Եւրոպայի մէջ, Մոսկուա ստիպուած պիտի ըլլայ թիրախ դարձնելու այդ երկիրները:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ երկիրը դուրս պիտի գայ 1987ին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կնքուած միջին հասողութեամբ հրթիռները կրճատելու պայմանագիրէն՝ պնդելով, որ Մոսկուա կը խախտէ այդ պայմանագիրը:
Համաձայնագիրէն դուրս գալով՝ Ուաշինկթըն իրաւուքն պիտի ունենայ արդիական հրթիռներ արտադրելու, ինչ որ Թրամփի այս որոշումին գլխաւոր մղիչ ուժը կը նկատուի մասնագէտներու կողմէ։
Միւս կողմէ, ՆԱԹՕն Հոկտեմբեր 25ին սկսաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք իր մեծագոյն ռազմափորձին, որուն կը մասնակցին տասնեակ հազարաւոր զինուորներ:
ՆԱԹՕի հրամանատարութեան համաձայն՝ այս քայլը առնուած է Եւրոպայի մէջ սպառնալիքներու աճի լոյսին տակ։ Ռազմափորձին կը մասնակցին ՆԱԹՕի անդամ 29 երկիրները, ինչպէս նաեւ գործընկեր պետութիւններ՝ Ֆինլանտան եւ Շուէտը: Անիկա պիտի տեւէ երկու շաբաթ:
Ռուսիա քննադատած է ռազմափորձի իրականացումը: