ԱՏԻՍ ԱՊԱՊԱ, «Ռոյթըրզ».- Սալհէ Ուորք Զեւտէ Հոկտեմբեր 25ին դարձաւ Եթովպիոյ առաջին կին նախագահը: Ան իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ երկրին մէջ խաղաղութեան պահպանման եւ կանանց իրաւունքներու համար պայքարին կարեւորութեան:
Զեւտէ եղած է Եթովպիոյ դեսպանը՝ Սենեկալի, Ֆրանսայի եւ Ճիպութիի մօտ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան պաշտօններ վարած է ՄԱԿի մէջ:
Նախագահի պաշտօնավարութեան շրջանը 6 տարի է Եթովպիոյ մէջ։