ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քեմալ Եալչըն Գերմանիոյ մէջ բնակող այն թուրք պատմաբան ու վիպագիրն է, որ երկար տարիներէ ի վեր վէպեր կը գրէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ զոհերուն մասին՝ վկայակոչելով մասնաւորաբար իրական անձերու վկայութիւնները։ Եալչըն շատ կանուխէն ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը ու յաճախ անոր համար ներողութիւն խնդրած է հայ ժողովուրդէն։
Հայկական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Եալչըն նոր գիրք մը հրատարակած է՝ «Վերջին Փափաքս. Ժրենտա Ժամկոչեան Պաշարի Ի Յիշատակ» խորագիրով, եւ ներկայ գտնուած է այդ գիրքին՝ Երեւանի Արեւմտեան Հայաստանի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած շնորհահանդէսին։
Եալչըն հոն ելոյթ ունեցաւ եւ պատմեց, որ նախապէս իր գիրքերը Թուրքիոյ մէջ արգիլուած էին, կրակի կը տրուէին, բայց աւելի ուշ դարձան ամէնէն շատ վաճառուող գիրքեր։
Եալչըն ըսաւ, որ մարդոց սիրտը գրաւելու համար պէտք է ականջ տալ անոնց ցաւերուն։ Ան այս ուղղութեամբ ուսումնասիրութիւններ ըրած է արեւելեան նահանգներու մէջ, որոնց համար ինք եւս, հայերու նման, կը գործածէ Արեւմտեան Հայաստան անունը։
«Ես մասնաւորաբար ուզեցի պատմել քիւրտերու, թուրքերու, ալաուիներու եւ ուրիշերու կողմէ առեւանգուած կիներու ու աղջիկներու պատմութիւնը։ Ես զանոնք գտայ Թուրքիոյ արեւելեան կողմերը», աւելցուց ան՝ դիտել տալով, որ երեսուն տարի առաջ ինք սկսաւ ուսումնասիրելու եւ գտաւ ահաւոր պատմութիւններ, որոնք կը վերաբերին այն գաղտնի հայերուն, որոնք բռնի կերպով ամուսնացան քիւրտերու, թուրքերու կամ ալաուիներու հետ, իսկ անոնց զաւակներն ու թոռները հիմա կը վախնան խոստովանելու, որ հայ են։
Եալչըն աւելցուց նաեւ հետեւեալը. «Հայ կիներու ապրած կարգ մը ողբերգութիւններուն մասին չէի գրած, եթէ գրէի, այլեւս իրարու երես չէինք կրնար նայիլ, հաշտութեան հաւանականութիւնն ալ զերօ կը դառնար։ Թուրքիա 1915ի Ցեղասպանութեան համար ցարդ պատասխան չէ տուած։ Ես ներողութիւն կը խնդրեմ ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան համար, այլ նաեւ անոր համար, որ Թուրքիա կը ստէ այս նիւթերուն մասին»։
ԱՍԻՄՏԵՐ կազմակերպութիւնը, որ իր պարտականութիւնը կը նկատէ հայկական պնդումներու դէմ պայքար տանիլը, անմիջապէս հակազդեց Եալչընի վերոյիշեալ յայտարարութիւններուն։ Կազմակերպութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ ըսաւ, որ Եալչընն ալ, Օրհան Փամուքի նման, իր շահերուն համար կը ստէ ու իր հարազատ ժողովուրդը «ոճրագործ» կ՛անուանէ, բայց «ան օր մը հաշիւ պիտի տայ», որովհետեւ թուրք ժողովուրդը բնաւ պիտի չմոռնայ անոր այս «դաւաճանութիւն»ը։
«Արդէն այն փաստը, թէ գիրքին շնորհահանդէսը կը կատարուի Հայաստանի մէջ, կազմակերպութեան մը կողմէ, որ ինքզինք «Արեւմտեան Հայաստան» անունին կը կապէ, ամէն ինչ կը բացատրէ։ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ հայկական լոպիները միշտ Արեւմտեան Հայաստան կը կոչեն Թուրքիոյ արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան նահանգները։ Քեմալ Եալչընի այս դիրքաւորումը կը նշանակէ դաւաճանել պետութեան ու ժողովուրդին», ըսաւ ան։