ԿԱԼԻ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
5 Հոկտեմբերին, Համազգայինի Արդի միաւորը իր գործունէութեան տարեգրութեան մէջ տպաւորիչ յառաջխաղացք արձանագրեց: Արդի միաւորը Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան մաս կը կազմէ: Անոր նպատակն է՝ քաջալերել, յայտնաբերել նոր տաղանդներ, անոնց բեմ տալ եւ երիտասարդ հայ սերունդը համախմբել հայկական մշակոյթի, արուեստի եւ գիտութեան զարգացման եւ տարածման գործունէութեան շուրջ, այլազան ձեռնարկներ եւ համերգներ կազմակերպելով:
Արդի միաւորի ձեռնարկած առաջին ելոյթը ընկերական հանդիպում եւ հաւաքոյթ մըն էր «Սեթըլայթ Սիթի»ի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ երաժշտական հանդէս եւ Արմէն Արուշի գեղանկարչական արուեստի ցուցադրութիւնը: Վերջերս Արդի միաւորը նաեւ կազմակերպեց «Ծառերը Հայաստանի Մէջ» խորագրեալ երկրորդ յաջող ձեռնարկը:
Օրուան հիւրն էր «Armenia Tree Project» կազմակերպութեան տնօրէն Անահիտ Ղարիպեան, որ ներկայացուց «Հայկական Ծառ» ծրագիրի անցեալի գործունէութիւնը, անոր նուաճած յաջողութիւններն ու կարեւորութիւնը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ նպատակն ու յետագայ ծրագիրները: Ան նշեց, որ «Հայկական Ծառ» ծրագիրը այս տարի պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 25րդ ամեակը: 25 տարիէ ի վեր այս կազմակերպութիւնը յամառօրէն ծառեր ցանած է, որպէսզի անտառահատումի հարցը լուծէ եւ Հայաստանի կլիմայի եւ միջավայրին բարելաւման նպաստէ:
Նոյն կազմակերպութենէն Սերա Հէյս՝ «Հայկական Ծառ» ծրագիրի Արեւմտեան Ամերիկայի ներկայացուցիչը, հակիրճ կերպով խօսեցաւ Սիւնիքի մէջ իր ապրած օրերուն անմոռանալի փորձառութեան մասին, երբ ան ժամանակաւորապէս Հայաստան կը բնակէր՝ իբրեւ «Փիս Քոր»ի անդամ: Վերոնշեալ երկու ներկայացուցիչները շատ կարեւոր տեղեկատուական ներկայացում մը կատարեցին՝ հանդիսականներուն ծանօթացնելով իրենց աշխատանքները։
Արդի միաւորի երիտասարդ անդամները՝ Արսէնը, Սարօն եւ Հովանը, գեղեցիկ բանաստեղծութիւններ եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ ներկայացուցին Հայաստանի հրաշալի ծառերուն՝ ծիրանիի, բարտիի, սօսիի եւ նռնենիի մասին։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ երգչուհի Մարիէթ Սուճեանի, կիթառիստներ Գառնիի եւ Արագածի, երաժշտական կատարումներով. տաղանդաւոր այս երիտասարդները երեկոն ճոխացուցին հայկական ժողովրդական երգերով: Ծառերու նուիրուած այս յատուկ ձեռնարկը, որ զուգադիպեցաւ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մեծաշուք թաղման արարողութեան, առաւել եւս իմաստաւորուեցաւ Մորիս Սուճեանի շատ գեղեցիկ կատարողութեամբ. ան ի յարգանք մեծ վարպետին՝ երգեց «Լա Պօէմ» երգը։
Ազնաւուրեան բարձր արուեստի ու արմատաւորուած հայկական ծառերու միաձուլուած խորհուրդներով երեկոն աւարտեցաւ ընկերական հաճելի զրոյցներով:
Արդի միաւորի յաջորդ եւ սպասուած երաժշտական համերգը տեղի պիտի ունենայ 1 Դեկտեմբերին, գաղութիս յայտնի թաւջութակահար Արթիոմ Մանուկեանի, կիթառահար Վահագն Դուրկութեանի եւ ուուտ նուագող Անդրանիկ Քիզիրեանի ելոյթներով։
«Մեր մշակութային արժէքները, ուժերն ու տաղանդները, Շարլ Ազնաւուրի նման արուեստագէտներու յիշատակը վառ պահելը մեր՝ երիտասարդութեան պարտականութիւնն է: Ի վերջոյ, մեր մշակոյթի բարելաւումը եւ զարգացումը ի գործ պիտի դրուի մեր երիտասարդութեան ջանքերով, Արդի միաւորի ճիգով», ըսին վարչութեան անդամները: