ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները տարածաշրջան պիտի այցելեն յաջորդ շաբաթ, Հոկտեմբեր 24ին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան՝ աւելցնելով. «Այցի վերաբերեալ մանրամասները կը տեղեկացուեն»:
Ան նաեւ նշեց, որ Հոկտեմբեր 25ին Հայաստան պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճան Պոլթըն, որ հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրի բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ:
«Բոլթոնը հանդիպելու է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհրդի քարտուղարի, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ արտաքին գործերի նախարարների պաշտօնակատարների հետ: Քննարկուելու են երկկողմ օրակարգի հարցերի լայն շրջանակ», աւելցուց ան՝ նկատել տալով, որ այդ այցը ամերիկեան ամենաբարձր մակարդակի եւ ամենամեծ պատուիրակութեան այցելութիւնն է վերջին տասնամեակներուն: