ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ֆորպզ».- Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստ 400 անձերուն հարստութիւնը 2018ին հասած է նոր մրցանիշի մը՝ 2.9 եռիլիոն (2900 միլիառ) տոլարի։
Առաջին դիրքը կը գրաւէ համացանցային «Ամազոն» շուկայի հիմնադիր եւ սեփականատէր Ճեֆ Պեզոս (160 միլիառ տոլար), երկրորդ դիրքի մղելով «Մայքրոսոֆթ»ի հիմնադիր Պիլ Կէյթցը (97 միլիառ), որ այս ցանկը կը գլխաւորէր վերջին 24 տարիներուն։
Յատկանշական է, որ ցանկին ամենահարուստ 45 անձերուն ընդհանուր հարստութիւնը մօտաւորապէս 1.5 եռիլիոն տոլարի կը հասնի, իսկ նշեալ 400էն միայն 57ը կին է։