ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնած է Ասիոյ բարգաւաճման Դրամատունէն 50 միլիոն տոլարի պիւտճէի վարկային յատկացումներ ներգրաւելու նախագիծին: Նախագիծին համաձայն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ասիոյ բարգաւաճման դրամատան միջեւ կը նախատեսուի ստորագրել «Հանրային արդիւնաւէտութեան եւ ելեւմտական շուկաներու ծրագիր, ենթածրագիր 2» համաձայնագիրը, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ 50 միլիոն ամերիկեան տոլար գումարի վարկային յատկացումներ ներգրաւել:
Վարկային յատկացումները ժամանակին ստանալը կարեւոր նշանակութիւն ունի պետական պիւտճէի դասաւորումներով նախատեսուած ծախսերու ֆինանսաւորման տեսանկիւնէն:
Ծրագիրին ընդհանուր արժէքը 90 միլիոն տոլար է: Անիկա բաղկացած է 2017ի եւ 2018ի համար առանձին ենթածրագիրներէ՝ 40 միլիոն տոլար եւ 50 միլիոն տոլար արժողութեամբ:
Ծրագիրը կը հետապնդէ Հայաստանի ելեւմտական շուկաներու ընդլայնումը: Անիկա, մասնաւորապէս կ՛ընդգրկէ՝ ա) վարկառուի պետական պարտքի եւ գանձային կառավարման գործելակերպի եւ քաղաքականութեան հզօրացում, բ) պետական արժեթուղթերու եւ դրամական շուկայի ենթակառոյցներու բարելաւում, գ) ելեւմտական գործիքներու հիմքի եւ ներդրողներու ընդլայնում եւ թափանցիկութեան ամրապնդում: