Արցախի հիմնահարցին նկատմամբ հայկական կողմի դիրքորոշումը յայտնի է եւ յստակ: Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, այս մասին նշեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրաբ Մնացականեան՝ անդրադառնալով Հայաստանի մէջ իր առաքելութիւնն աւարտող Ամերիկայի դեսպան Ռիչըրտ Միլզի հարցազրոյցին:
«Ղարաբաղեան հարցի հետ կապուած մեր դիրքորոշումը յայտնի է, շատ յստակ է: Վերջին անգամ ես խօսել եմ Լիւքսեմբուրգում, վարչապետը նոյնպէս արտայայտուել է դրա մասին: Մենք աշխատում ենք եւ բանակցում ենք մեր դիրքորոշումների շրջանակում եւ շարունակելու ենք այդ ուղղութեամբ աշխատանքը», «Արմէնփրէս»ի հաղորդութեամբ՝ ըսաւ Զօհրաբ Մնացականեան:
«Էվնռիփորդ» (Evnreport)ին տուած հարցազրոյցին մէջ Ռիչըրտ Միլզը նշեր էր, որ կը հասկնայ թէ. «2016 թուականի ապրիլեան պատերազմը աւելի սրեց հայերու ընկալումները, սակայն դաժան իրականութիւնը այն է, թէ որեւէ կարգաւորում պիտի պահանջէ գրաւեալ տարածքներու որոշ մասերու վերադարձը»: