ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբաթ, 13 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը:
Խորհրդանշական լանջաշղթան քաղաքապետին յանձնեցին աւագանիի անդամ Արթուր Իսպիրեան եւ Երեւանի պատուոյ քաղաքացի Տիգրան Մանսուրեան:
Մարութեան նշեց, որ պատասխանատուութեան զգացումը մեծ է: «Կանգնած եմ այստեղ, քանի որ այդպէս որոշած է ժողովուրդը: Ես մէկ առ մէկ կը յիշեմ բոլոր այն խոստումները, զորս տուած եմ երեւանցիներուն: Իր քաղաքն ու երկիրը սիրող մարդը այլ բան չի կրնար ընել, իսկ ես կը սիրեմ մեր Երեւանը», ըսաւ Մարութեան:
Ըստ անոր՝ իր երդումը ոչ թէ զուտ արարողակարգային է, այլ երդում՝ երեւանցիներուն եւ Աստուծոյ առջեւ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուեցաւ սոյն արարողութեան:
Վարչապետ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ իրենք պէտք է երաշխաւորեն, որ կառավարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ գողեր չկան, մարդիկ չկան, որոնք կը գողնան ժողովուրդին վճարած հարկերը: Ըստ վարչապետին՝ ժողովուրդը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ իր տուած հարկերը չեն գողցուիր: «Այո՛, տակաւին անարդիւնաւէտ օգտագործման դէպքեր կան. մենք պէտք է անցնինք այդ ճամբայէն, այդ հարցը պէտք է լուծենք, բայց իւրաքանչիւր քաղաքացի իր վճարած իւրաքանչիւր լումային պէտք է վերաբերի այնպէս, որ այդ գումարը կը դնէ իր տան այն դարակին մէջ, որ նախատեսուած է ընտանիքի կարիքներուն համար: Մեր քաղաքական խմբակին ուղղուած մեծագոյն դիտողութիւնը այն է, որ անիկա շատ երիտասարդ է», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:
Ան նշեց նաեւ, որ քաղաքական իմաստով պէտք է առաջնորդուին նախապէս որեւէ ներգրաւուածութիւն ունեցած մարդիկը չմերժելու սկզբունքով, որովհետեւ մերժելը ինք կը նկատէ քաղաքական այլամերժութիւն. «Մենք պէտք չէ թոյլ տանք Հայաստանի մէջ քաղաքական այլամերժութեան գոյութիւնը: Մենք պէտք չէ առաջնորդուինք ու չենք առաջնորդուիր հինը, նախկինը ժխտելու, ջնջելու եւ քանդելու մղումով», ընդգծեց վարչապետ Փաշինեան: