ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերին իր աւարտին հասաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու 17րդ գագաթնաժողովի նախարարական երկօրեայ համաժողովը, որուն ներկայ էին առաւել քան 70 երկիրներու պատուիրակութիւններ:
Լրագրողներու դիմաց փակ համաժողովին ընթացքին մշակուեցաւ գագաթնաժողովի օրակարգը, քննարկուեցան ընդունուելիք բանաձեւերը:
Հայաստան ժամանող երկիրներու առաջնորդներէն շատերը պիտի հանդիպին Հայաստանի վարչապետին հետ: