«Պիզնես Արմէնիա»ի խումբը, գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեանի գլխաւորութեամբ՝ 22-26 Սեպտեմբեր գործարարութեան առաքելութեամբ Լիբանան կը գտնուէր: Այցելութեան ընթացքին Հայաստանի մէջ նոր ներդրումներու մասին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան:
«Պիզնես Արմէնիա»ի խումբը գործնական փուլ տեղափոխած է նախորդ այցելութիւններու ընթացքին ներդրումներու մասին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ՝ նոր կապերու հիմք դրած: Շարք մը հանդիպումներ տեղի ունեցան լիբանանեան ներդրողներու եւ գործընկեր կառոյցներու ղեկավարներու հետ:
«Ամէն նոր գործարար առաքելութեան ատեն կը թարմացնենք նախկին կապերը, բանաւոր պայմանաւորուածութիւնները աւելի գործնական փուլ կը տեղափոխենք եւ նոր ներդրումներ կը ներգրաւենք դէպի մեր երկիրը», նշեց «Պիզնես Արմէնիա»ի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեան:
«Պիզնես Արմէնիա»ի խումբին հետ հանդիպման ընթացքին «Շետիտ Քեփիթըլ Հոլտինկ»ի ղեկավար Ֆարիտ Շետիտ Հայաստանի մէջ ապահովագրական ընկերութեան մասնաճիւղ մը բանալու մտադրութիւն յայտնեց: «Շետիտ Քեփիթըլ Հոլտինկ»ը մասնաճիւղեր ունի աշխարհի 5 երկիրներու մէջ:
Այլ հանդիպման մը ընթացքին «Մակիտեք» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Կարօ Մաթոսեան յայտնեց իր մտադրութիւնը 250,000 տոլարի ներդրումով Հայաստանի մէջ կերպընկալէ իրերու պատրաստման կաղապարներու եւ արդիւնաբերական մեքենաներու բաղադրիչներու արտադրութիւն հիմնել:
«Մեք Ակրոքեմիքըլզ» ընկերութիւնը կը քննարկէ Հայաստանի մէջ ընկերութեան մասնաճիւղը բանալու հարցը. ընկերութիւնը կը զբաղի պարարտանիւթերու արտադրութեամբ: Շարք մը գործարարներ յառաջիկային պիտի այցելեն Հայաստան՝ գործարնութիւն հիմնելու ծրագիրներ ուսումնասիրելու համար:
«Լիբանանի մէջ մեր պատուիրակութիւնը «Պիզնես Արմէնիա»ի պաշտօնական ներկայացուցիչ Յարութիւն Գունտագճեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի աջակցութեամբ կազմակերպեց այցելութիւններ շարք մը գործարաններ, հանդիպումներ ունեցաւ գործարար մարդոց հետ, որոնց շնորհիւ հայ-լիբանանեան նոր համագործակցութիւններու սկիզբ դրած ենք», նշեց «Պիզնես Արմենիա»ի Միջազգային համագործակցութեան կառավարիչ Ալինա Եղիազարեան: