Ինչպէս մամուլով հրապարակած էնք, Համազգայինի 90ամեակին եւ Լոս Անճելըսի մէջ անոր հիմնադրման 50ամեակին առթիւ, Կալա-ճաշկերոյթ մը կազմակերպուած է Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, Շաբաթ, 3 Նոյեմբեր 2018ին:
Արդարեւ, նշեալ կալայի հովանաւորները հրաւիրուեցան արժանավայել ընթրիքի մը, որ տեղի ունեցաւ Կերի եւ Սոնա Գազազեաններու բնակարանին մէջ, Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2018ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ:
Համազգայինի կալայի կազմակերպիչ յանձնախումբը ազնիւ գաղափարը ունեցած էր նախատօնակի ընթրիքով մը հիւրասիրելու իրենց հաւատարմութիւնը շարունակաբար Համազգայինին ի սպաս դրած առատաբաշխ նուիրատուներուն: Օրուան հանդիսավարն էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մանուկ Չուխաճեան: Ան բարի գալուստի ջերմ խօսքերով բացումը կատարեց երեկոյին եւ Համազգայինի անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Գազազեան ամոլին, որ քանիցս հիւրընկալած է Համազգայինի հիւրերը՝ լայնասրտութեամբ եւ խրախուսիչ կեցուածքով:
Յայտագիրին երկրորդ բաժինով, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սեդա Սիմոնեան խօսեցաւ Համազգայինի առաքելութեան եւ մեր գաղութին մէջ անոր տարած բազմաշերտ գործունէութեան մասին՝ միշտ օրինակներով եւ պատկերներ ցոյց տալով PowerPoint-ի օգնութեամբ:
Խօսք առաւ նաեւ կալայի յանձնախումբի ատենապետ Նիկոլ Մանուկեան, այս անգամ՝ անգլերէնով ողջունելով ներկաները եւ յայտարարութիւններ կատարելով նուիրատուութիւններուն մասին:
Խօսք տրուեցաւ նաեւ գաղութի կեանքին հետ միշտ մօտէն առնչուող, բարերար եւ յարգարժան անձնաւորութիւն մը՝ յանձին Մայք Սարեանի, որ իր հիացումը յայտնեց ի տես Համազգայինի լայնածաւալ մշակութային գործունէութեան, յայտարարելով, որ մինչեւ իր սփռած հեռատեսիլային հարցազրոյցը՝ ինք տեղեակ չէր, թէ Համազգայինը այդքա՛ն մեծ աշխատանք կը տանի յանուն հայ մշակոյթի տարածման ու պահպանման:
Յայտագիրին գեղարուեստական բաժինով, ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ երգչուհի Ալինա Արուստամեան, որ յայտնութիւն մըն էր բոլոր ներկաներուն համար: Կրեկ Հօշարեանի նուագակցութեամբ, ան մեկնաբանեց հայերէն սիրուած երգերու շարք մը՝ նորարական արտայայտչականութեամբ եւ հմայիչ ձայնով գերելով ներկաները:
Ընթրիքին ներկայ կը գտնուէր նաեւ Կլենտէյլ քաղաքի ներկայացուցիչ Կրեկ Մալթայեան, որ իր կարգին գնահատագիրներ յանձնեց տէր եւ տիկին Գազազեաններուն՝ արժեւորելով անոնց հիւրընկալութիւնն ու զօրակցութիւնը Համազգայինին:
Համազգայինի համակիրներն ու մտերիմները վայելքի պահեր ըմբոշխնեցին բացօթեայ եւ գեղատեսիլ մթնոլորտի մէջ, ուր ամէն բան ներդաշնակուած էր՝ հայկական երգը, խմիչքը, պատուական ընթրիքն ու բարձր տրամադրութիւնները:
Վստահ ենք, որ շատեր պիտի ապահովեն իրենց տոմսերը եւ նուիրեն իրենց լումաները, յանուն հայ մշակոյթին ջահակիրը դարձած Համազգային Հայ Կր-թական եւ Մշակութային Միութեան:
(Թղթակցութիւնը՝
Միութենէն)