ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Հոկտեմբեր 2ին, Իրաքի խորհրդարանը երկրին նախագահ ընտրեց Պահրամ Սալիհը, որ հանգուցեալ Ճալալ Թալապանիի՝ Քիւրտիստանի հայրենակցական միութեան թեկնածուն էր։ Միւս գլխաւոր թեկնածուն Մասուտ Պարզանիի՝ Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութենէն էր։
Իրաքի մէջ նախագահի պաշտօնը խորհրդանշական իմաստ ունի եւ յանձնուած է քիւրտերուն։ Թալապանին ինք այդ պաշտօնին վրայ եղած էր 2005էն 2014 երկարող տարիներուն։
Միւս կողմէ, հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ, Սեպտեմբեր 30ին կայացած տեղական խորհրդարանի ընտրութիւններու ոչ-պաշտօնական արդիւնքներու հրապարակումէն ի յայտ դարձած է, որ մարզի նախկին նախագահ Մասուտ Պարզանիի կուսակցութիւնը յառաջատար է՝ ստանալով քուէներուն 43 տոկոսը, իսկ Քիւրտիստանի հայրենակցական միութիւնը՝ 20.1 տոկոսը։
Ինքնավար մարզին բարձրագոյն անկախ ընտրական յանձնաժողովին համաձայն, ընտրութիւններուն մասնակցած են քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 57 տոկոսը: