ՏԵՆՎԸՐ.- Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթով, Քոլորատօ նահանգի օրէնսդիր մարմինը այս տարուան Ապրիլին որոշած էր նահանգին Սենթենիըլ (հարիւրամեակ) քաղաքի գլխաւոր մայրուղիներէն մէկը անուանել Սարդարապատ Հայկական Յիշատակի մայրուղի: Չորս մղոննոց մայրուղին Սենթենիըլ քաղաքը կը կապէ Օրորա քաղաքին։ Երկու քաղաքներն ալ յատկանշական թիւով հայ բնակիչներ ունին։
Նշենք, որ Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանը եւ Ծերակոյտը թիւ 18-1019 բանաձեւը վաւերացուցած էին միաձայնութեամբ, շնորհիւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Քոլորատոյի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ «Քոլորատոյի Հայեր» կազմակերպութեան միացեալ ջանքերուն։ Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումը կարելի եղած էր Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու յատկանշական ներդրումներուն շնորհիւ։
Մայրուղիի ցուցանակին բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29ին։ Արարողութեան բացման աղօթքը կատարեց թեմիս հովիւներէն Արսէն քհնյ. Գասապեան, իսկ արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան քոնկրեսական Մայք Քոֆմըն, Քոլորատոյի նահանգային Ծերակոյտի անդամ Տոմինիք Մորենօ, Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Քօլ Ուիսթ, Սենթենիըլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մայք Սաթըրլենտ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան, «Քոլորատոյի Հայեր» կազմակերպութեան վարչութեան ատենապետ Սոնա Հատէշեան, իսկ հանդիսավարն էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեանց պատասխանատու Սիմոն Մաղաքեան: Արարողութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ»ի երգի միացեալ երգեցողութեամբ։
Ներկայ էին շարք մը այլ պետական պաշտօնատարներ եւ համայնքային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։
Արարողութիւնը կարելի է դիտել՝ այցելելով www.facebook.com/ANCAWesternRegion/videos/526211051182408 կայքէջը։