ՊԱԹՈՒՄ, «ՓանԱրմինիըն».- Պաթումի մէջ ընթացող ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականին Հայաստանի պատուիրակները կը շարունակեն իրենց յաղթարշաւը: Երրորդ փուլին, տղամարդոց ընտրանին յաղթեց Թուրքիոյ 2.5: 1.5 արդիւնքով:
Այս մէկը հաւաքականի անընդմէջ 3րդ յաղթանակն էր համաշխարհային ողիմպիականին:
Կանանց հաւաքականը յաղթեց Յունաստանի խումբին 3.5:1.5 արդիւնքով: