5-7 Հոկտեմբեր կը նախատեսուի ռուս առաւել քան տասնեակ մը կանանց այցելութիւնը Հայաստան եւ Արցախ՝ Հայաստանի վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանի նախաձեռնած «Կանայք յանուն խաղաղութեան» արշաւի ծիրին մէջ:
Աննա Յակոբեանի գրասենեակի մամուլի ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ խումբին մէջ ընդգրկուած են Ռուսիոյ հասարակական-քաղաքական, մշակոյթի, մարզական, գրական, լրատուական ոլորտներու ականաւոր գործիչներ։ Անոնք Երեւան պիտի ժամանեն 5 Հոկտեմբերին, իսկ 6 Հոկտեմբերին Աննա Յակոբեանի ուղեկցութեամբ պիտի մեկնին Արցախ, ուր առաջնագիծէն խաղաղութեան իրենց ուղերձը պիտի յղեն հակամարտութեան բոլոր կողմերուն:
Աննա Յակոբեան «Կանայք յանուն խաղաղութեան» արշաւ ձեռնարկելու իր նախաձեռնութեան մասին առաջին անգամ յայտարարեց 24 Յուլիսին, Մոսկուայի մէջ:
Նախապէս «Կանայք յանուն խաղաղութեան» արշաւին մասին խօսելով՝ Յակոբեան ըսաւ. «Ես յոյս ունիմ, որ ձեր ձայնը եւ մեր ձայնը հասնի նաեւ ատրպէյճանցի մայրերուն, եւ անոնք նոյնպէս խօսին ընդդէմ պատերազմի եւ յանուն խաղաղութեան: Եւ եթէ այդ մէկը տեղի ունենայ, մեր շարքերը համալրուին, օր մը անպայման մեր խօսքը պիտի հասնի նաեւ կրակի հրաման տուող եւ պատերազմ սկսիլ-չսկսելու մասին որոշում կայացնող տղամարդոց»: