
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Ֆորպզ» թերթին մէջ գինիներու եւ ոգելից ըմպելիներու մասին գրող յօդուածագիր Ճոզէֆ Միքալեֆ անդրադարձած է հայկական պրենտիին (քոնեաք)՝ զայն նկատելով յարմար արժէքով խմիչք մը, յատկապէս նկատի ունենալով անոր բարձր որակը։
Ան կը գրէ, թէ իրեն համար անակնկալ մըն էր այն իրողութիւնը, որ աշխարհի տարածքին հայկական պրենտի ծախող մեծագոյն կեդրոններէն մէկը կը գտնուի Կլենտէյլի մէջ։
«Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութեան կարիքները հոգալուն կողքին, «Ռեմիտի Լիքըր»ը դարձած է համացանցի միջոցաւ հայկական պրենտի ծախող մեծագոյն վաճառատունը», կը գրէ յօդուածագիրը։
Միքալեֆ հայկական պրենտիին մասին հարցազրոյց մը ունեցած է «Ռեմիտի Լիքըր»ի ընդհանուր վարիչ Յարութ Կուրազեանի հետ։ Ստորեւ, թարգմանաբար կու տանք հարցազրոյցը.
ՃՈԶԷՖ ՄԻՔԱԼԵՖ.- «Ռեմիտի Լիքըր»ը կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական պրենտիի մեծագոյն վաճառատունը։ Շրջանին մէջ հայութեան մեծաթիւ ներկայութեան ազդակին կողքին ինչպէ՞ս կրցած էք հասնիլ այս դիրքին։
ՅԱՐՈՒԹ ԿՈՒՐԱԶԵԱՆ.- Ինծի համար պատիւ մըն է մաս կազմել «Ռեմիտի Լիքըր»ին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական պրենտիի մեծագոյն հաւաքածոն ունենալու կողքին, «Ռեմիտի Լիքըր»ը կը վաճառէ աշխարհի տարածքէն շարք մը այլ խմիչքներ։ Մեր վաճառատունը կը դասուի Միացեալ Նահանգներու տարածքին ոգելից ըմպելիներու վաճառատուներու առաջին հնգեակին մէջ, եւ մենք յատկապէս նեցուկ կը կանգնինք հայկական պրենտիներուն, ըլլան անոնք տեղական թէ համաշխարհային շուկաներու մէջ։
Համացանցային մեր վաճառատունը (RemedyLiquor.com) կը նկատուի որակաւոր գինիներու եւ ոգելից ըմպելիներու ամենածանօթ կայքերէն մէկը. ոչ միայն հայկական պրենտիներ, այլեւ տարբեր տեսակի ոգելից ըմպելիներ կը ծախենք աշխարհի տարածքին գտնուող մեր յաճախորդներուն։ Կը կարծեմ, որ ներկայիս կը հանդիսանանք Հայաստանէն դուրս գործող հայկական պրեն-տիի մեծագոյն վաճառողը։ Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, «Ռեմիտի»ն կրցաւ գտնել իր յաճախորդներուն յարմարագոյն սպասարկութիւն, տեսականի եւ գիներ տրամադրելու միջոցը, միաժամանակ յաջողութեամբ դէմ դնելով շարք մը մարտահրաւէրներու։ Այս բոլորին շնորհիւ, կրցած ենք կերտել մեր համբաւը եւ արժանանալ համայնքէն ներս կամ աշխարհի տարածքին ապրող մեր յաճախորդներու վստահութեան։
ՃՈԶԷՖ ՄԻՔԱԼԵՖ.- Ներկայիս, Հայաստանի մէջ պրենտի արտադրող քանի՞ ընկերութիւն կը գործէ եւ անոնց արտադրութեանց քանի՞ն կը վաճառուի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու մէջ անոնց հասանելիութիւնը սկսա՞ծ է ընդարձակուելու։
ՅԱՐՈՒԹ ԿՈՒՐԱԶԵԱՆ.- Հակառակ տարածքով փոքր ըլլալուն եւ բնակչութեան փոքր թիւին, Հայաստան կը հանդիսանայ պրենտի արտադրող աշխարհի մեծագոյն երկիրներէն մէկը։ Օրինակ, անցեալ տարի Հայաստանի մէջ արտադրուած է 25 միլիոն լիթր պրենտի։ Բաղդատականի մը համար ըսեմ, որ Քոնեաք շրջանը նոյն ժամանակամիջոցին արտադրած է 140 միլիոն լիթր։ Հայերը գինին սկսած են պրենտիի վերածելու 12-13րդ դարերէն սկսեալ։
Ներկայիս, Հայաստանի մէջ պրենտի արտադրող ընկերութեանց թիւը կը գտահատուի մօտաւորապէս 50ով։ Կարելի է հաստատել, որ վերջին քանի մը տարիներուն, հայկական պրենտիին տարածումը յատկանշականօրէն աճած է Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ այլ տարածքներու մէջ։ Ներկայիս, Միացեալ Նահանգներու մէջ կը ծախուին հայկական մօտաւորապէս 20 ընկերութիւններու արտադրութիւնը հանդիսացող աւելի քան 50 տեսակի պրենտիներ։ Տակաւին կան բազմաթիւ փոքր ընկերութիւններ, որոնց արտադրութիւնները հասանելի չեն ամերիկեան շուկային, մինչ մեծ ընկերութիւնները զանազան տեսակի պրենտիներ կը վաճառեն։
ՃՈԶԷՖ ՄԻՔԱԼԵՖ.- Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական պրենտին որքա՞ն ծանօթ է։ Միայն հայե՞րն են որ զայն կը գնեն, թէ ուրիշներ եւս կը հետաքրքրուին։
ՅԱՐՈՒԹ ԿՈՒՐԱԶԵԱՆ.- Մեր յաճախորդներուն մեծ մասը հայ է։ Մեր խանութը կը գտնուի Կլենտէյլի մէջ (1700 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91201), ուր եւ անոր մօտակայ շրջաններուն մէջ մեծաթիւ հայ համայնք հաստատուած է։ Բաղդատելով նախորդ տարիներուն հետ, ոչ միայն հայերու, այլեւ ոչ-հայերու մօտ եւս հայկական պրենտիին պահանջը աւելցած է։ Ամերիկացի յաճախորդները սկսած են բացայայտելու, որ որակաւոր հայկական պրենտին յարմար արժէք կը ներկայացնէ իրենց համար։ Միաժամանակ, Հայաստանի մէջ արտադրութեան որակը սկսած է բարելաւուելու, հակառակ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին երկրին դիմագրաւած շարք մը դժուարութիւններուն։ Կրնամ ըսել, որ ականատեսը կը դառնանք հայկական պրենտիի վերածնունդին, եւ ապագան խոստմնալից է։ Վստահ եմ, որ օր մը հայկական պրենտին միջազգայնօրէն պիտի դասուի աշխարհի առաջատարներու շարքին։
ՃՈԶԷՖ ՄԻՔԱԼԵՖ.- Ինչպէ՞ս կարելի է քոնեաքը զանազանել հայկական պրենտիէն։ Ձեր կարծիքով՝ որո՞նք են գլխաւոր տարբերութիւնները։
ՅԱՐՈՒԹ ԿՈՒՐԱԶԵԱՆ.- Ինչպէս ծանօթ է, շարք մը շուկաներու մէջ, յատկապէս Ռուսիոյ, հայկական պրենտին կը ծախուի իբրեւ Հայկական քոնեաք։ 1900ին, Փարիզի մէջ կայացած համաշխարհային ցուցահանդէսի մը ընթացքին, հայկական պրենտին արժանացած էր գլխաւոր մրցանակի եւ արտօնութիւն ստացած էր Ֆր-անսայի մէջ ծախուելու իբրեւ «Հայկական Քոնեաք»։ Սակայն, հակառակ անոր որ երկուքն ալ նոյն ոճով կը պատրաստուին, այդ արտօնութիւնը խլուած էր Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք։ Երկուքին միջեւ համի գլխաւոր տարբերութիւնը կու գայ խաղողի տարբեր տեսակներէն։ Հայկական խաղողը կ՛աճի աւելի առեւոտ, չոր եւ տաք պայմաններու մէջ։ Նաեւ, Հայաստանի մէջ օգտագործուող ճերմակ կաղնիի փայտով շինուած տակառներուն օգտագործումը եւս իր ազդեցութիւնը ունի։ Արտադրողները սովորաբար կ՛օգտագործեն Կովկասի եւ Հայաստանի մէջ աճող ու սովորաբար 100 տարիքը բոլորած կաղնիներէ պատրաստուած տակառներ, որոնք իրենց իւրայատուկ համը կը փոխանցեն ըմպելիին։
Հայերը գինիի արտադրութեան երկարամեայ պատմութիւն ունին, եւ կը կարծուի, որ առաջին գինիները Հայաստանի մէջ արտադրուած են։ Շնորհիւ իր դիրքին եւ հողին, Հայաստանի մէջ արտադրուող պրենտին իւրայատուկ է, եւ այս իրողութիւնը սկսած է ընդունուելու աշխարհի տարածքին։

ՃՈԶԷՖ ՄԻՔԱԼԵՖ.- Հայկական պրենտիին համը ի՞նչ իւրայատկութիւն ունի։
ՅԱՐՈՒԹ ԿՈՒՐԱԶԵԱՆ.- Հայկական պրենտին իր մէջ ունի չիրի, խոտային համեմներու, վանիլայի եւ տուրմի համեր։ Անոր համը աւելի մօտ է լաւապէս հասունցած «ծանր» քոնեաքներու, կամ՝ «սիկառի քոնեաք»ի համին։
ՃՈԶԷՖ ՄԻՔԱԼԵՖ.- Ո՞ր հայկական պրենտիները կ՛առաջարկէք անոնց, որոնք հետաքրքրուած են հայկական պրենտիով։
ՅԱՐՈՒԹ ԿՈՒՐԱԶԵԱՆ.- Հայկական պրենտիներուն ծանօթանալ փափաքողներուն կ՛առաջարկեմ սկսիլ հետեւեալներով. «Արարատ», «Նոյ», «Կիլիկիա» եւ «Մանէ»։ Անոնք, որոնք նոր պիտի սկսին հայկական պրենտի կամ քոնեաք խմելու, նախընտրելի է, որ սկսին «երիտասարդ» տարբերակներով, այսինքն՝ 5-7 տարի տակառներու մէջ պահուած խմիչքներով, իսկ անոնք, որոնք աւելի փորձառու են, կը յանձնարարեմ առնուազն 10 տարուան հասունութեամբ ոգելից ըմպելիներ։ Նման խմիչքներ կարելի է գնել 30էն 50 տոլարով։
ՃՈԶԷՖ ՄԻՔԱԼԵՖ.- Որոնք են լաւագոյն արժէքը ներկայացնող 10 հայկական պրենտիները, որոնք տրամադրելի են Միացեալ Նահանգներու մէջ։
ՅԱՐՈՒԹ ԿՈՒՐԱԶԵԱՆ.- Ստորեւ տալիք ցանկիս վրայ գտնուածները կարելի է գնել Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ «Ռեմիտի»էն։ Արժէքները՝ 0.75 լիթրնոց շիշերու համար են։ Համահաւասար ֆրանսական քոնեաքներուն արժէքները երեքէն չորս անգամով աւելի սուղ են.
Ստորեւ՝ առաջին տասնեակը.
«Արարատ» («Ararat», 20 տարի), 74.99 տոլար
«Նոյ» («Noy», 20 տարի), 62.99 տոլար
«Մանէ» («Mane», 30 տարի), 179.99 տոլար
«Կիլիկիա» («Kilikia», 10 տարի), 33.99 տոլար
«Մեծն Տիգրան» («Tigran Great», 20 տարի), 84.99 տոլար
«Մադաթոֆ» («Madatoff», 10 տարի), 27.99 տոլար
«Իջեւան. Նեմրութ» («Ijevan Nemrut», 20 տարի), 69.99 տոլար
«Չարենց» («Charents», 20 տարի), 89.99 տոլար
«Սուրբ Գրիգոր» («Saint Grigor», 18 տարի), 54.99 տոլար
«Հայաստանի Ծաղկեփունջ» («Bouquet of Armenia», 40 տարի), 197.99 տոլար։