ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ ունեցած է ֆրանսական շարք մը մեծ ձեռնարկութիւններու ղեկավարներուն հետ:
ADS ընկերութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպումի ժամանակ, նախագահ Արմէն Սարգսեան անդրադարձած է Հայաստանի ներդրումային գրաւչութեան ու գործարար միջավայրին: Կողմերը պայմանաւորուած են Հայաստանի մէջ ֆինանսական ծառայութիւններու տարածաշրջանային կեդրոն մը հիմնել:
Նախագահ Սարգսեան նաեւ հանդիպում ունեցած է օդագնացութեան տիեզերական ոլորտի առաջատար ընկերութիւններէն մէկուն՝ THALES-ի ղեկավարութեան հետ: Զրուցակիցներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ընկերութեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովի ծիրէն ներս՝ Հոկտեմբեր 10ին նախատեսուող գործարար համաժողովին: Նախագահ Սարգսեան կարեւոր համարած է ֆրանսական այս յայտնի ընկերութեան գործօն եւ աշխոյժ մասնակցութիւնը՝ նշեալ համաժողովի աշխատանքներուն:
Նաեւ, միջուկային եւ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ մասնագիտացած հանրայայտ Orano ընկերութեան ղեկավարութեան հետ իր հանդիպման ընթացքին, նախագահ Սարգսեան քննարկած է Հայաստանի մէջ այս ընկերութեան գործունէութեան վերաբերեալ կարգ մը հարցեր: Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ անհրաժեշտ է ընդլայնել ընկերութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ, մասնաւորապէս՝ անոր մասնակցութիւնը հայկական հիւլէական կայանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման գործին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը այլ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ սննդամթերքի առաքման ոլորտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող յայտնի Sodial ընկերութեան ղեկավարութեան հետ: Հանդիպման ընթացքին խօսուած է համագործակցութեան հնարաւորութիւններու մասին: Մասնաւորապէս, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ ընկերութեան պատուիրակութիւնը այցելէ Հայաստան՝ ուսումնասիրելու համար սննդարդիւնաբերութեան ոլորտը եւ արտածման հեռանկարները:
Խօսելով մեր երկրին ընձեռած մրցակցային առաւելութիւններուն մասին՝ Սարգսեան առաջարկած է Հայաստանի հնարաւորութիւնները օգտագործել, իբրեւ դարպաս՝ դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկաներ:
Հանրապետութեան նախագահը հանդիպած է նաեւ հանրայայտ Dassault ընկերութեան ղեկավար Օլիվիէ Տասոյի հետ: Կողմերը պայմանաւորուած են կազմել համատեղ գործակցութեան յստակ ծրագիր, որուն մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին եւ ներկայացուին յառաջիկայ շաբաթներուն:
Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան, «Միտքերու Գագաթնաժողով»ի (Summit of Minds) ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 23ին աշխատանքային նախաճաշ մը ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի, ինչպէս նաեւ երկու տասնեակէ մը աւելի յայտնի ընկերութիւններու, հիմնադրամներու, կազմակերպութիւններու ու դրամատուներու (ինչպէս՝ Google, Nasdaq, Cargyll, McKinsey, Revolution, զուիցերական Nestle, Pictet եւ Lombard Odier, ֆրանսական Groupe Accor, Publicis, OneRagtime, Societe Ge-nerale, ռուսական «Ալֆա Պանք», բրիտանական Bridgepoint եւ Kleinwort Hambros) ղեկավար կազմի ներկայացուցիչներուն հետ: