Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի, Երեւանի մէջ Երոպական Միութիւն-Հայաստան գործընկերութեան կոմիտէին առեւտուրի հարցերով կայացած առաջին նիստին յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները Եւրոմիութեան կողմէ կը դիտուին իբրեւ հզօր յառաջընթաց: Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութիւնը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի նոր կառավարութեան կողմէ ճշդումը այդ նոր առաջնահերթութիւններուն, որոնք լծակ են առեւտուրի ոլորտին մէջ նոր յարաբերութիւններու ստեղծման: Ան աւելցուցած է, որ ակնարկութիւնը յատկապէս փտածութեան դէմ պայքարին է, որ ամէ՛ն տեղ իսկական հարց կը համարուի ներդրողներուն համար, իսկ Հայաստանի մէջ զայն յաղթահարելով՝ երաշխիք կը տրուի, որ Եւրոպական Միութեան գործընկերները աւելիով հետաքրքրուին եւ իրենց գործառքները հիմնեն Հայաստանի մէջ:
Երկրորդ կարեւոր ուղղութիւնը, ըստ Սվիթալսքիի, դատաիրաւական համակարգի անկախութեան ապահովումն է: «Ատիկա հզօր գործիք է եւ ներդրողին ապահովութիւն կը ներշնչէ: Մենք կը կարծենք, թէ այն առաջնահերթութիւնները, զորս ճշդած է Հայաստանի նոր կառավարութիւնը, ներկայիս կը բաւարարեն առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտին մէջ զարգացման շահերը: Ներկայիս, կառավարութիւնը լաւապէս գիտէ ի՛նչ պէտք է ընել, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ աւելի լաւ ներուժ ունենալու: Մենք կը փափաքինք այս երկրին մէջ աւելի շատ եւրոպական ներդրում տեսնել: Ատիկա չի նշանակեր, որ դէպի Հայաստան դրամի հոսքը պիտի աւելնայ, ո՛չ, դրամը երկրորդական է, որովհետեւ Եւրոպական Միութենէն ներդրումը իրեն հետ պիտի բերէ գիտելիքներ, արհեստագիտութիւն, կառավարման մշակոյթ, աւելի լաւ կամուրջներու ստեղծում համաշխարհային զարգացման հետ», աւելցուցած է Փիոթր Սվիթալսքի:
Դեսպանը նաեւ դիտել տուած է, որ ասիկա այս տարողութեամբ առաջին ժողովն է՝ Հայաստանի մէջ գումարուող, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի մէջ փոփոխութիւնները սկսած են արդէն: Ըստ անոր, նկատի առնելով այն, որ Եւրոպական Միութիւնը այս նիստին համար մեծ պատուիրակութեամբ եկած է Հայաստան, այս կը նշանակէ, թէ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի Հայաստանի հետ առեւտրական կապերուն:
Ան աւելցուցած է, որ հեռանկարային իմաստով, Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի համար մեծագոյն շուկան է, երկրո՛րդ մեծագոյն գործընկերն է ներածման տեսակէտէն եւ երկրորդ մեծ ներդրողն է Հայաստանի մէջ:
Փիոթր Սվիթալսքի լուսարձակի տակ առած է նաեւ այն հանգամանքը, որ առեւտրական յարաբերութիւնները թէեւ կը զարգանան՝ զարգացման աւելի՛ մեծ ներուժ կայ եւ անիկա պէտք է օգտագործուի: Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրով, ըստ անոր, կան առեւտուրի ազատականացման համար յատուկ դրոյթներ: Բայց, Հայաստան նախ պէտք է բարելաւէ իր օրէնսդրութիւնը, աւելի լաւ կարելիութիւններ ստեղծէ ներդրողին համար, ինչպէս նաեւ բարեփոխումներ կատարուին պետական գնումներու եւ սպառողներու շահերու պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ, որպէսզի երկիրը աւելի գրաւիչ դառնայ: