Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2018ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի Կեդրոնական հանրային գրադարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի թանգարանային իրերու երկշաբաթեայ ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջ. վարչութեան կողմէ:
«Բարձրացի՛ր» ընդհանուր խորագիրը կրող ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր ՀՄԸՄի հարիւրամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Թէ՛ ցուցադրութեան դրուած նիւթերու ընտրութիւնը (լուսանկարներ, մարզական ու սկաուտական պատմական արժէք ներկայացնող իրեր) եւ թէ անոնց ցուցադրման գեղագիտական դասաւորումը կատարած էին հանրածանօթ արուեստագէտներ ու այս բնագաւառի մասնագէտներ Լեւոն Փարեան, Հէրի Որբերեան, Վահագն Թովմասեան, Մհեր Դաւիթեան, Արա եւ Անահիտ Օշական:
Ներկայ էին Հայց. եկեղեցւոյ զոյգ թեմերու առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Յովնան արք. Տէրտէրեան, Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. Յովսէփ Կարապետեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վարդան Կարապետեան, Փօլա Տըվայն եւ Արա Նաճարեան, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներու, նահանգային եւ տեղական պաշտօնատարներու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւթեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի անդամ Կարօ Իսբէնճեան, ուղեկից եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Նաւասարդեան խաղերու պատուոյ նախագահներ եւ Տիպար ՀՄԸՄականներ, վեթերան միութենականներ ու մարզիկներ (ոմանք արդէն ալեհեր ու երբեմն ալ՝ գաւազանով), բայց մանաւանդ՝ խումբ մը դեռատի արի-արենուշներ, իբրեւ 100ամեայ այս կազմակերպութեան գործին շարունակականութիւնը փաստող վկաներ:
Գրադարանի անձնակազմէն Նիքի Ուինսլոյի բացման խօսքէն ետք, Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի սկա-ուտ-խմբապետ Թամար Ղարիպեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա վարեց յայտագիրը: Ան թուեց հարիւրամեակի ընթացքին ծրագրուած աշխատանքները եւ յայտարարեց, թէ փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբեր 28ին, Կլենտէյլ Հայ Սքուլի սրահին մէջ:
Միացեալ աղօթքէն ետք խօսք առին զոյգ առաջնորդները: Յովնան արք. Տէրտէրեան իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, թէ տպաւորուած է օրուան հանդիսավար երիտասարդ ՀՄԸՄականով, որ իւրայատուկ «ներկայացուցիչ»ն էր այս միութեան՝ անցնող 100 տարիներուն ընթացքին: Ան յիշեց իր ծնողները, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք ծնած ըլլալով՝ վայելած են ՀՄԸՄի դաստիարակութիւնը, որուն նշանաբան «Բարձրացիր, Բարձրացուր»ը ներշնչումի աղբիւր դարձած է բազում սերունդներու: Ապա աւելցուց, որ ՀՄԸՄը մեր աւանդութիւններուն տիրութիւն ըրած է յարգանքո՛վ եւ անոր համար ալ պատիւի արժանի է:
Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իր կարգին ընդ-գծեց ՀՄԸՄի պատմութեան փառայեղ բնոյթը, շեշտեց սերունդներուն ազգային դաստիարակութիւն ջամբած ըլլալու փաստը, միաժամանակ դիտել տուաւ, թէ ՀՄԸՄը մանուկներն ու երիտասարդները կրթած է Հայց. եկեղեցւոյ նկատմամբ սիրով ու նուիրումով: Այս իմաստով, շարունակեց ան, մենք կը շարունակենք մեր գործնական ծառայութիւնը ՀՄԸՄին, յանուն ազգին ու եկեղեցւոյ պայծառացման:
Օրուան հանդիսավարը ապա բեմ հրաւիրեց տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանը, որ իր անգլերէն խօսքին մէջ նշեց կարեւորութիւնը ՀՄԸՄի 100ամեակին, որ ցուցանիշն է այս կազմակերպութեան կենսունակութեան: Այսօրուան յարափոփոխ եւ արհեստագիտութեան հսկայաքայլ յառաջդիմութեան իրականութեան մէջ, բանախօսը ՀՄԸՄը նմանցուց ամերիկեան երիտասարդական-սկաուտական բազմատեսակ առաքելութիւնները մէկ յարկի տակ համախմբող միութեան մը, այս անգամ՝ հայկակա՛ն միջավայրին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄի աշխատանքային առանցքը երիտասարդութի՛ւնն է, որուն վրայ կ՛աւելնայ կամաւոր աշխատանքի սկզբունքը:
Տոքթ. Ենիգոմշեան ապա անդրադարձաւ ՀՄԸՄին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց, թէ ՀՄԸՄը իր հիմնադրութենէն ասդին ինչպիսի՛ ծանր հանգրուաններէ անցած է՝ տեղահանութիւն, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք հարկադրաբար դուրս գալ երկրէն, Սփիւռքի մէջ ինքնակազմակերպուիլ, եւ այլն: Իսկ այսօր, ըսաւ ան, ՀՄԸՄը 1989էն ի վեր դարձեալ կը գործէ հայրենիքէն ներս եւ 26 երկիրներու մէջ, իր 110 մասնաճիւղերով: Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ 1921ին սկզիբ առած ՀՄԸՄի ներկայութիւնը վերջ գտաւ 1929ի տնտեսական փլուզումին պատճառով, ապա նաեւ՝ Համաշխարհային պատերազմին իբրեւ հետեւանք: Սակայն 1968ին, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՄԸՄը ունեցաւ իր առաջին մասնաճիւղը, եւ այսօր, Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին ՀՄԸՄը ունի 19 մասնաճիւղեր, իսկ Արեւելեանին մէջ՝ 13 մասնաճիւղեր:
Տոքթ. Ենիգոմշեան նաեւ անդրադարձաւ համայնքէն ներս ՀՄԸՄի դերակատարութեան եւ այս յաջողութիւնը վերագրեց հաւաքական գործակցութեան ոգիին: «Անցած 100 տարիներուն, ՀՄԸՄի շարքերէն ներս գործած, անդամակցած ու անցած են շուրջ կէս միլիոն անձեր, սակայն մեր ամենամեծ յաջողութիւնը եղած է երիտասարդութիւնը մեր արժէքային համակարգով դաստիարակելը, ինչ որ մեծագոյն բարիքը եղած է համայնքին համար», ըսաւ ան:
Իր խօսքի վերջին բաժինով, բանախօսը յայտնեց, թէ աչքի առջեւ ունենալով մեր 50 տարուան աշխատանքը համայնքի երիտասարդութեան հետ, կարելի է ամերիկեան դաշնակցային թէ նահանգային իշխանութիւններուն եւ ՀՄԸՄին միջեւ գործակցութիւն մը առաջարկել. օրինակ՝ Լոս Անճելըսի մէջ կառուցել մարզական-համայնքային կեդրոն մը՝ իր բոլոր յարմարութիւններով. այն հասկացողութեամբ, որ հողամասը տրամադրեն իշխանութիւնները, իսկ ՀՄԸՄը կառուցէ մարզական համալիրը: Բանախօսը լաւատեսութիւն եւ յոյս յայտնեց նման ծրագիրի մը իրականացման գծով:
Շրջանային վարչութեան խօսքը անգլերէնով փոխանցեց փոխատենապետ Սագօ Կարապետեան, որ շեշտեց 100ամեակը պատշաճ շուքով նշելու ՀՄԸՄին յանձնառութիւնը, իբրեւ առանցք ունենալով «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանը: Ան ընդգծեց ՀՄԸՄին իւրայատուկ դերը, իբրեւ համայնքի տարբեր օղակները իրարու զօդող կազմակերպութիւն՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր ծագերուն: Ապա բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսը իրականութիւն դարձուցած արուեստագէտներուն:
Հակիրճ խօսքեր ունեցան նաեւ ցուցահանդէսը ձեւաւորած արուեստագէտներ Արա Օշական եւ Հէրի Որբերեան, որոնք բացատրեցին, թէ ինչպէ՛ս մարզական, սկաուտական եւ այլ աշխատանքներու վերաբերող իրեր ու լուսանկարներ կրցած են համադրել, որպէսզի գեղագիտական ձեւաւորման ընդմէջէն ներկայացուի ՀՄԸՄի պատմութիւնը: Ապացոյցը մեր չորս դին էր, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանէն ներս… Հայկ Դեմոյեանի կողմէ տրամադրուած լուսանկարներուն ընդմէջէն մեզի հետ «կը խօսէին» Պոլսոյ մէջ 1900ականներու սկիզբները հիմնուած մարզական խումբերը՝ «Տորք», «Արաքս», «Վասպուրական», եւ անոնց մարզիկները՝ իրենց գնդակներով, մինչեւ իսկ պէյսպոլի բիրերով ու գնդակներով: Մեզի իրենց սխրանքները կը պատմէին նաեւ 1912ին Հելսինքիի մէջ կայացած Միջազգային Ողիմպիականին մասնակցած հայ մարզիկները, ապա՝ ՀՄԸՄի հրատարակութիւնները՝ Շաւարշ Քրիսեանի խմբագրած «Մարմնամարզ»ը, հին բայց ոչ հինցած սկաուտական իրերը՝ գօտիներ, «պաճ»եր, զարդասեղներ, շահուած բաժակներ…: Պատին վրայէն մեզի հետ «կը խօսէին» նաեւ 1929ին Անգլիոյ մէջ կայացած Համաշխարհային սկաուտական բանակումին մասնակցած Ժիրայր Պէյլերեանի սկաուտական տարազն ու ՀՄԸՄի իր անդամատետրը, անդին՝ սկաուտներու կողմէ կառուցուած ու կախուած կամուրջը, իբրեւ ձեռային աշխատանք: Ներսը, սենեակի մը մէջ, պատին վրայէն մեզի ՀՄԸՄի փառքին մասին «կը պատմէին» բազմաթիւ սերունդներ՝ սկսելով 101ամեայ Ցոլակ Յովսէփեանէն, անոր տարեկիցներ Սամուէլ Մկրտիչեանէն եւ Զաքար Չորպաճեանէն, հասնելով մինչեւ 1960ականներու ֆութպոլի աստղերէն՝ Անդօ Մալեանը, ապա պատանի մարզիկն ու արենուշը՝ իրենց գեղադիր եւ խօսուն լուսանկարներով:
Մնացածը՝ պէտք է այցելել եւ սեփական աչքերով ու ականջներով տեսնել ու լսել ՀՄԸՄի պատմութիւնը, զոր մեզի «կը պատմուի» այս իւրայատուկ ցուցահանդէսին ընդմէջէն: Յիշեցնենք, որ ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ, մինչեւ 30 Սեպտեմբեր: