ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի Ազգային արխիւին յանձնեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կարեւոր փաստաթուղթեր: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան:
Ըստ վերջինիս՝ փաստաթուղթերը ամէնէն արժէքաւորներէն են, որոնք կը պահուին ազգային արխիւին մէջ: «Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ լուսանկարները մեզի հասած են գերմանացի մեծ մարդասէր, հայ ժողովուրդի բարեկամ Արմին Վակների շնորհիւ, եւ ահա՝ այս տարի, Հայաստանի նախագահը արխիւին յանձնեց այդ լուսանկարներուն negative-ը, զոր ան ձեռք բերած էր ժամանակին: Անոնք մշակուած են, դրուած յատուկ ծրարներու մէջ, որոնք չեն վնասեր negative-ը», ըսաւ Վիրապեան:
Նշենք, որ Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ կը պահուին 1,300,000 էջ թուայնացուած փաստաթուղթեր: