ԵՐԵՒԱՆ.- 23 Սեպտեմբերին կայանալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն հետեւելու համար հաւատարմագրուած են ութ տեղական կազմակերպութեանց 662 դիտորդներ եւ 49 լրատուական միջոցներու 598 ներկայացուցիչներ, որոնցմէ 10ն արտասահմանեան 5 լրատուամիջոցներէ են:
Նշենք, որ արտասահմանէն դիտորդներ չեն արձանագրուած: