ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հինգշաբթի, 14 Սեպտեմբերին հիւրընկալեց Մեծն Բրիտանիոյ լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը եւ անոր ղեկավարած HART բարեգործական կազմակերպութեան անդամները: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ գրող, հրապարակախօս, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Զօրի Բալայեան:
Նախագահը ջերմօրէն ողջունեց պարոնուհին եւ անոր գործընկերները՝ նշելով, որ ուրախ է ընդունելու հայ ժողովուրդի լաւագոյն բարեկամները: Պարոնուհին ներկայացուց Արցախ կատարած իր վերջին այցելութենէն ստացած տպաւորութիւնները եւ պատմեց այնտեղ ունեցած իր հանդիպումներուն մասին: