ՀԱԼԷՊ, «Գանձասատ».- Երկուշաբթի, 3 Սեպտեմբերի առաւօտեան Հալէպի Ազգ. Միացեալ նախակրթարանի վերամուտին զանգը հնչեց:
Նախակրթարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Է. Րէիսեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ ուսուցչուհիներուն 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկին առիթով, ապա հրաւիրեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը, Ազգ. Վարչութեան եւ վարժարանի Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, սրբազան հօր ձեռամբ բացումը կատարելու վարժարանի համակարգիչի սենեակին:
Համակարգիչները նուիրուած էին Ազգ. Զաւարեան վարժարանի Քալիֆորնիոյ Սանուց Միութեան կողմէ:
Սրբազան Հայրը օրհնեց սենեակը եւ բեղուն տարի մաղթեց նախակրթարանի աշակերտութեան: